Լուսանցքի Վրայ
Գրական Ֆոնտ
Եւ
Համազգային Հրատարակչական
Ուշադրութիւն ըրի՞ք: Հայ մամուլին մէջ քանիցս յայտարարութիւններ եղան գրական ֆոնտերու ստեղծման մասին: Առաջիններէն եւ ամէնէն ուշագրաւներէն էր Մելիտինեցիի գրական ֆոնտը:
Գնահատելի նախաձեռնութիւն մը ահա, որ կոչուած էր մեծ ծառայութիւններ մատուցելու հայ գրականութեան: Հայ մեծահարուստը իր նիւթական գանձը ազգային անկորնչելի հարստութեան վերածելու աւելի լաւ միջոց չունի:
Զարկ տալ հայ գրականութեան, այս կը նշանակէ ուժ տալ հայապահպանման գործին ամէնէն օգտաշատ եւ դիպուկ եղանակով, կը նշանակէ թափ ու թռիչք տալ հայ ստեղծագործ մտքին, կը նշանակէ անհրաժեշտ նախապայմանները ստեղծել հայ մշակոյթի զարգացման:
Կը մնայ, որ նորանոր նախաձեռնութիւններ կատարուին այս ուղղութեամբ: Անհրաժեշտ է, որ այս մասնակի ձեռնարկները ընդհանրանան: Վերածուին համագաղութային, համազգային գրական ֆոնտի մը կամ ֆոնտերու գումարի մը:
Որովհետեւ, ո՛րքան ալ գնահատելի եւ ջերմօրէն յանձնարարելի ըլլան, մասնակի ճիգերը բաւական չեն ընդհանրական մեր նպատակի ամբողջական իրագործման, գրական կամ մշակութային ընդհանրական եւ մնայուն շարժում մը ոտքի հանելու եւ տեւականացնելու:
Ցաւալի իրողութիւն է, որ մեր մշակութային կեանքը, առանձնապէս գրական անդաստանը մեր ամէնէն անխնամ, գրեթէ լքուած մարզն է: Հակառակ անոր որ ամէնէն կենսական մարզերէն մէկն է, ուր կը մղուի հայութեան ամէնէն ճակատագրական ճակատամարտը, մասնաւորաբար` արտերկրի մէջ:
Հանրայայտ ճշմարտութիւն է նոյնպէս, որ պարտուիլ մշակութային-գրական ճակատի վրայ` կը նշանակէ պարտուիլ հայապահպանման մարզի մէջ, կը նշանակէ կորսնցնել մեր գոյապայքարը իմացական ամէնէն վճռական գիծին վրայ:
Այս տեսակէտէն գրական ֆոնտերը կոչուած են բարերար դեր կատարելու` մեր մտաւորական ճիգերը արդիւնաւորելու տեսակէտէն:
Հայ մտաւորականին ամէնէն սպառիչ տագնապը նիւթական տագնապն է, որ զայն կը մղէ արտաասպարէզային զբաղանքներու: Այս զարտուղութիւնը պատճառ կը դառնայ, որ հայ մտաւորականը իր ուժերուն առաւելագոյն մասը սպառէ առօրեան շահելու համար, ինչ որ յոռեգոյն հետեւանքներ կ՛ունենայ հայ գրականութեան եւ հայ մշակոյթի զարգացման վրայ ընդհանրապէս:
Մինչ մշակութային ճակատի վրայ յաղթանակելու համար անհրաժեշտ է մտաւորական ուժերու եւ յարակից հնարաւորութեանց արտակարգ լարում: Մշակութային գործի կազմակերպում եւ մտաւորական նորանոր ու կենսունակ սերունդներու պատրաստութիւն:
Հայ մտաւորականին, ինչպէս եւ հայ կրթական մշակին համար առաջնակարգ նշանակութիւն ունի նիւթական ապահովութիւնը, նուազագո՛յն ապահովութիւնը` ամէն պարագայի մէջ:
Այս պատճառով ալ գրական ֆոնտերը, ո՛րքան մեծագումար, բաւական չեն հայ գրականութեան եւ հայ մշակոյթի բնականոն ծաղկման համար:
Գրական ֆոնտերուն զուգահեռ, անհրաժեշտ է հաստատել նաեւ համազգային, համագաղութային տարողութեամբ հրատարակչական մը, հրատարակչական ծաւալուն ընկերակցութիւն մը, եթէ կ՛ուզէք, որուն գլխաւոր պարտականութիւնը պիտի ըլլայ հրատարակել եւ բոլոր հայագաղութներուն մէջ տարածել հայ գրական ու մշակութային արժէքաւոր բոլոր ստեղծագործութիւնները:
Այս հրատարակչականը պիտի ունենայ հիմնական երկու առաջադրութիւններ.
Ա.- Հրատարակել հայ գրագէտին եւ արուեստագէտին իրաւ ու արժէքաւոր գործերը` մեծ տպաքանակով, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ հայ հեղինակներուն նիւթական ապահովութիւնը:
Բ.- Տարածել հայ մշակոյթին եւ հայ գրականութեան որակաւոր երկասիրութիւնները ու ստեղծագործական նուաճումները` հայ մարդուն հայեցի դիմագիծը անաղարտ պահելու, զայն աւելի ու աւելի հայացնելու եւ հայապահպանումը համազգային մշտական յաղթանակի վերածելու համար:
Հրատարակչականը, կեդրոն ունենալով հայաշատ գաղութ մը, իր մասնաճիւղերը կը հաստատէ բոլոր գաղութներուն մէջ, ամէնուրեք, հին թէ նոր սերունդներուն մէջ, մնայուն, եւ յարաճո՛ւն, յաճախորդութիւն մը ստեղծելու եւ պահելու համար:
Գրական նորանոր, եւ մեծագումար, ֆոնտերու ստեղծման զուգահեռ, անհրաժեշտ է նաեւ համագաղութային հրատարակչականի մը ստեղծումը` իբրեւ հիմնական նախապայման հայ գրականութեան եւ հայ մշակոյթի զարգացման:
Մեզի կը թուի, թէ անկարելին չէ, որ կը պահանջենք: Շատ մը հրաշալի նուաճումներու կողքին, կրնանք աւելցնել նաեւ այս հրաշքը:
Յամենայն դէպս, հո՛ն, ուր կամք կայ, հոն ո՛չ միջոցը կը պակսի, ո՛չ ելքը, ո՛չ ալ կարողութիւնը:
Չմոռնա՛նք: Կամենալը կարենալ է յաճախ:
Ս. ԿԱԼԵԱՆ