Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (17 Սեպտեմբեր 1966)

Սեպտեմբեր 17, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

 Հերոսական Սուէտիան

(Ապստամբութեան 51-րդ Տարեդարձին Առթիւ)

Այնճար վաղը դարձեալ ժամադրավայրը պիտի ըլլայ ժողովրդային զանգուածներու , որոնք իրենց խանդավառութիւնը պիտի խառնեն Մուսա Լերան հերոսական ժողովուրդին ցնծութեան` տօնելու համար դիւցազնական խոյանքի մը 51-րդ տարեդարձը:

Հայոց պատմութիւնը, որ լոյսի ու խաւարի շղթայով մը կը ներկայանայ մեզի, Ա. Աշխարհամարտի ահաւոր օրերէն տեղահանութիւններու, ջարդի ու աւերի համայնապատկեր մը պիտի կտակէր յետնորդ սերունդներուն, եթէ չըլլային Ուրֆան, Շապին Գարահիսարը, Հաճընը եւ Սուէտիան, որոնք ընդհանուր յուսահատութեան շրջանի մը խրախուսեցին ժողովուրդ մը, որ կեանքի ու մահուան պայքար կը մղէր ուժգին գալարումներով:

Կտրուած աշխարհէն, լքուած բոլորէն, ինքն իր ճակատագրին ձգուած` Սուէտիոյ արծուեբոյնը եղաւ դէպի ազատութեան հորիզոն բացուող ճանապարհին առաջին հանգրուաններէն մէկը, որուն վրայ պարզուեցաւ հայուն արժանապատուութեան դրօշը:

Հայկական գոյամարտին նուիրական անունները կը յատկանշեն անթեղուած ոգիի մը հրդեհումը եւ կը մնան սրբազան կոթողներ` ազատութեան ճամբուն վրայ:

Անկախաբար այդ հերոսամարտերուն արդիւնքէն` զանոնք պատմական դրուագներու վերածող ոգեկան բովանդակութիւնն է, որ կը շահագրգռէ մեզ: Առանց Մուսա Լերան ապստամբութեան եւ խիզախումներուն` պարտաւոր պիտի ըլլայինք եզրակացնել այսօր, թէ հայ ժողովուրդը, հակառակ 19-րդ դարուն եւ յաջորդող շրջաններուն ընդհանրականօրէն յեղափոխաշունչ եւ ազատագրական ձգտումներուն, անհաղորդ մնացած էր ժամանակի պահանջներուն` ստրկամտօրէն եւ նահանջականօրէն ենթարկուելով բռնի եւ բիրտ ուժերու տիրապետութեան:

Եւ ի՜նչ կայ աւելի ողբալի, աւելի տրտում եւ ցաւագին, քան` նոր սերունդներուն փոխանցել միմիայն նահատակներ ու զոհեր, միայն աւեր եւ անփառունակ պատմութիւն:

Այսօր, պատմական հերոսամարտէն յիսունեւմէկ տարի ետք, աւելի քան երբեք յստակ է հայոց պատմութեան համար, որ չէր կրնար բացուիլ Հայաստանի անկախութեան ճանապարհը, եւ հիւսիսային, հարաւային եւ արեւելեան նահանգներուն մեր հերոսական մարտնչումներուն եւ ճակատագրական գոյամարտերուն յանձնառու եղած չըլլար մեր ժողովուրդը, եւ յեղափոխութեան ոգին ընդմիշտ ցամքած ըլլար մեր սերունդներու հոգիին մէջ:

Տարերային թափով մը պոռթկուն այդ խիզախումը, ինչպէս մեր միւս բոլոր հերոսամարտերն ու գոյամարտները տրամաբանական եւ դատողական հաշիւներու չեն տոկար անշուշտ:

Սուէտիան կամուրջ մըն է մեր անցեալին, մեր դարաւոր ըմբռնումներուն եւ մեր ապագային միջեւ: Անկիւնադարձ մը` հերոսական ոգորումներէ ետք ստեղծուած ստրկութեան դարերուն եւ 19-րդ դարէն ետք վերարծարծ, յեղափոխաշունչ, ազատագրապաշտ խոյանքներու շրջանի մը միջեւ:

Այսօր, երբ հանդիսաւորապէս կը տօնենք տարեդարձը սրբազան այդ ըմբոստութեան, կ՛ուզենք, որ ամէն երիտասարդ ու պատանի իրեն համար ներշնչումի աղբիւր մը փնտռէ փառապանծ այդ դրուագին մէջ:

Տատասկներու եւ փուշերու մէջ կորսուած, հարթ ու աննշան հողաթումբեր չեն Սուէտիոյ ապստամբութեան հերոսներուն գերեզմանները: Մեռնողներուն բուն տեղը մեր պատմութեան, հոգիին եւ առօրեայ ապրումներուն մէջ է եւ, իբրեւ մշտական պատգամ, կը լուսաւորէ մեր ճամբան:

Այս գիտակցութեամբ կը խոնարհինք Սուէտիոյ անմահ հերոսներուն յիշատակին առջեւ:

Ուխտելով տէր կանգնիլ անոնց սրբազան կտակին եւ այն ոգիին, որ զիրենք մղեց արհամարհելու մահը, յանուն արժանապատուութեան եւ ազատութեան:

 

5,5 Միլիոն Հայ

Օրական 150 Ամուսնութիւն

Ներկայիս ամբողջ աշխարհի մէջ կ՛ապրի 5,5 միլիոն հայ, որուն 3,5 միլիոնը` Խորհրդային Միութեան մէջ, իսկ 2 միլիոնը` արտախորհրդային երկիրներու մէջ:

Միջին հաշուով, օրական 300 հայ կ՛ամուսնանայ, այսինքն` 150 ամուսնութիւն: Այս հաշուով, 50 հայերէն մէկը կ՛ամուսնանայ: Տարուան մը մէջ ամուսնացող հայերուն թիւը կը հասնի 100 հազարի (50 հազար ամուսնութիւն):

Հին Հայաստանի տարուան բոլոր ամիսներուն մէջ ամէնէն շատ ամուսնութիւնները տեղի կ՛ունենային օգոստոսին, որովհետեւ հեթանոս հայերու մէջ Նոր տարին (Ամանորը) կը սկսէր Նաւասարդ 1-ին, այսինքն` օգոստոս 11-ին: Նաւասարդը հին հայկական տոմարի առաջին ամիսն էր:

Հայերը Նաւասարդի առաջին օրերուն կը հաւաքուէին Բագրեւանդի դաշտը եւ ի պատիւ Նոր տարուան` մեծ տօնախմբութիւններ կը սարքէին:

Պայծառ երեւակայութիւն ունեցած են մեր պապերը: Անոնք համոզուած էին, որ Նաւասարդի առաջին օրերուն Բագրեւանդ կ՛իջնեն հայոց բոլոր չաստուածները:

Երիտասարդ-երիտասարդուհիներու մեծ մասը կ՛ամուսնանայ տօնական այդ օրերուն: Զոհեր կը մատուցէին չաստուածներուն` խնդրելով անոնցմէ յաւերժական դարձնել նորաստեղծ օճախներու ծուխը: Անոնք խորապէս համոզուած էին, որ այդ օր հայոց չաստուածները բաւական գթասիրտ կ՛ըլլան եւ կ՛օգնեն, որ իրականանան բոլոր ցանկութիւնները:

Հետագային հայերու մօտ արմատաւորուեցաւ սովորութիւն մը, որ մինչեւ այսօր կը պահուի. «Բերքը հաւաքենք, յետոյ հարսանիք ընենք»:

Այս սովորութեամբ, հայերու ամուսնութիւններուն մեծ մասը բաժին ինկաւ աշնան ու ձմրան ամիսներուն:

Այժմ իւրաքանչիւր հարիւր ամուսնութենէն 50-ը տեղի կ՛ունենայ նոյեմբեր, դեկտեմբեր եւ յունուար ամիսներուն:

Ամէնէն քիչ ամուսնութիւններ կ՛ըլլան ապրիլ, մայիս, յունիս եւ յուլիս ամիսներուն: Բայց ամէնէն խեղճը կը մնայ յուլիս ամիսը, որուն իւրաքանչիւր հազար ամուսնութենէն բաժին կ՛իյնայ հազիւ մէկը:

12 Հազար Հայ Տիգրան Անունով

Տիգրանը հայերու մէջ տարածուած անուններէն է: Մինչեւ հիմա հայ ժողովուրդը այդ անունը կրող երկու մեծ դէմք տուած է: Մէկը արքայից արքայ Տիգրան Մեծը, (Ք. Ա. 140-55), որ հայոց բոլոր թագաւորներուն մէջ ամէնէն հզօրն էր, եւ միւսը` ճատրակի աշխարհի արքայ Տիգրան Պետրոսեանը, որ քանի մը ամիս առաջ ահեղ մենամարտով յաղթեց իր հակառակորդ Պորիս Սփասքիին` երեք տարի եւս երկարելով աշխարհի ախոյեանութեան գահին վրայ բազմելու իր իրաւունքը:

Այս երկու մեծ Տիգրանները իրարմէ կը բաժնուին երկու հազար տարիով:

Տիգրան Մեծի ատեն տարածուած անուն չէր Տիգրանը:

Պարսիկներու մէջ Արշակ անունը միայն կը տրուէր արքայազուններուն: Արշակ բառացիօրէն կը նշանակէ արքայ: Հաւանաբար այդպիսի սովորութիւն կար նաեւ հայ Արտաշիսեաններու հարստութեան ատեն (Ք. Ա. 189-1), երբ Արտաշէս, Տիգրան, Արտաւազդ անունները կը տրուէին միայն թագաւորական տան ժառանգներուն:

Հետագային Տիգրանը դարձաւ հայերու սիրելի անուններէն մէկը: Աւելի մեծ տարածում գտաւ մանաւանդ վերջին տարիներուն, երբ աշխարհի ճատրակի թագին տիրացաւ Տիգրան Պետրոսեան:

Այսօր 12 հազար հայեր կը կրեն Տիգրան անունը, որոնց 8 հազարը Խորհրդային Միութեան մէջ եւ 4 հազարը` արտախորհրդային երկիրներուն մէջ:

12 հազար Տիգրաններէն 7 հազարը մէկ ամսականէն մինչեւ 5 տարեկան տղաք են:

Ուշագրաւ է, որ 12 հազար Տիգրաններէն 20-ը ունին Պետրոսեան մականունը եւ այդ 20-էն 18-ը` հինգ տարեկանէն փոքր են:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Շուկայի Վրայ` Շիշերու Մէջ Մաքուր Օդ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?