Հայաստան
Հայկական Ճարտարապետութեան Հրաշալիքներէն Մէկը Անխնամ Վիճակի Մէջ

Երեւանի «ԱՎԱՆԳԱՐԴ»-ը` 13 օգոստոսի թիւով հրատարակած է հայկական ճարտարապետութեան հրաշալիքներէն` Տաթեւի վանքին աւերակներուն նկարը` քննադատելով պատասխանատուները այն անխնամ վիճակին համար, որուն մէջ ձգուած է հնադարեան վանքը:
Բացօթեայ թանգարանների երկիր` այսպիսին է Հայաստանի անունը բազմաթիւ արտասահմանեան զբօսաշրջիկների շրթներին: Եւ իսկապէս, չնայած Հայաստանն ամէնից շատ է ենթարկուել աւերածութիւնների եւ կործանումների, սակայն պատմական յուշարձանների քանակով, իր տարածքի համեմատութեամբ նա աշխարհում առաջնակարգ տեղերից մէկն է գրաւում: Ոսոխների եւ բնութեան աղէտների պատճառով կործանւում էին հայ դարաւոր մշակոյթի գեղեցիկ կոթողները: Դարեր շարունակ խնամատար ձեռքը պակսել է յաւերժ պահելու նրանց թովիչ գեղեցկութիւնը: Տաթեւում, Գառնիում, Գեղարդում, Արարատեան դաշտում, Արագածի փէշերին եւ այլուր սփռուած են հայ միջնադարեան արուեստի այդ անխօս վկաները: Ո՞ւմ, եթէ ոչ հայ կոմերիտականներին (համայնավար երիտասարդութիւն) է վիճակուած պահպանելու, վերականգնելու եւ սերունդներին յանձնելու այդ նուիրական գանձերը:
Նկարում.- 11-րդ դարից կանգուն մնացած Տաթեւի վանքը 1930 թուին երկրաշարժից հիմնաւորապէս տուժեց: Այնուհետեւ անձրեւը, քամին եւ կիզիչ արեւը շարունակեցին իրենց քայքայիչ գործը: Նոյնիսկ գտնուեցին բնութեան չար գործը շարունակողներ: Բայց այսօր Գորիսի կոմերիտականները պարտաւորուել են պահպանել փառահեղ կոթողը: Ե՞րբ են նրանք անցնելու գործի, չէ՞ որ այս վիճակում կոթողը երկար չի դիմանայ:
Թուրքիոյ Վարչապետ Տեմիրել Յայտարարած Է
«Աթաթիւրք Անմտութիւն Գործեց Եւ Երկրէն Հեռացուց Յոյներն Ու Հայերը, Որոնց Տեղը Պարապ Մնաց»
«Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթը հրատարակած է Անգարայէն ստացուած թղթակցութիւն մը, ուր կ՛ըսուի, թէ Թուրքիոյ վարչապետ Տեմիրել, որ Այզընհաուըրի հետեւորդ մը եղած էր, վերջապէս Թուրքիան մտցուց յառաջդիմութեան ճամբուն մէջ:
Շահելով բանակին վստահութիւնը, որ իրական ուժ է Թուրքիոյ մէջ, ամբողջովին նուիրուեցաւ երկրի տնտեսական հարցերուն, որոնք ներկայիս լաւ կ՛ընթանան:
Տեմիրել այս յառաջդիմութիւնը վերագրեց քաղաքական կայունութեան: Բաղդատելով նախորդ վեց տարիներուն հետ` այս տարուան ընթացքին յաւելումի թափը հասաւ հարիւրէն 8,4-ի: Ճարտարարուեստական զարգացման դրամատունէն փոխառութեան դիմումները հարիւրէն յիսուն աւելցան: Այս տարի դրամագլուխի զետեղումը հարիւրէն 11-12 աւելի է:
Տեմիրել յայտնեց նաեւ, որ յառաջդիմութեան յապաղումին գլխաւոր պատճառներէն մէկը հետեւանք է այն իրողութեան, որ Աթաթիւրք, հակառակ Թուրքիոյ շատ մը բարիքներ ըրած ըլլալուն, անմտութիւնը գործեց արտաքսելու յոյներն ու հայերը, որոնք առեւտրականներ եւ ձեռնարկուներ էին, եւ որոնց տեղը ոչ ոք կրցաւ բռնել:
