Մեր Պատմական Յուշարձանները
Ուշիի Յուշարձանախումբը
Ուշիի յուշարձանախումբի աւերակները կը գտնուին Աշտարակի շրջանի Ուշի գիւղի հիւսիսարեւմտեան կողմը, ընդարձակ եւ քարքարուտ բարձունքին վրայ:
5 – 7 դարերուն կառուցուած է Ս. Սարգիս եկեղեցին: Հետագային 10-րդ դարուն, անոր կողքին կառուցուած է մատուռ-եկեղեցի մը, որ մինչեւ այսօր կանգուն է կիսաւեր վիճակի մէջ:
11 – 12 դարերուն, Ս. Սարգիս եկեղեցիին կից, անոր հարաւային կողմէ, չորս սիւներու վրայ կառուցուած է ընդարձակ գաւիթ մը, որուն հարաւային դրան վրայ կայ 1325-ին գրուած արձանագրութիւն մը:
1887-ին երկրաշարժէն, մասամբ վնասուած է յուշարձանախումբը, իսկ 1918-ին` վերջնականապէս աւերուած:
Ճարտարապետական այս կառոյցներու ամբողջ խումբը շրջապատուած է պարիսպով: Պարիսպը եւ բնակելի շէնքերը կառուցուած են 1654-ին, Ոսկան վարդապետի պատուէրով:
Պարիսպը համեմատաբար լաւ վիճակի մէջ պահուած է. տեղ-տեղ, մասնաւորապէս հիւսիսարեւելեան կողմը, անոր բարձրութիւնը կը հասնի 5 – 6 մեթրի:
Յուշարձանախումբին մօտ փռուած են նախնադարեան ամրոցի աւերակները, որոնք կը գրաւեն մօտ մէկ հեկտար տարածութիւն: Ամրոցը շարուած է անմշակ, հսկայ սեւ տուֆաքարերով, որոնք այսօր ալ մեծ տպաւորութիւն կը թողուն դիտողի վրայ: Պատերուն հաստութիւնը կը հասնի մինչեւ երեք մեթրի, բարձրութիւնը` 1,5 – 2 մեթրի:
Թէեւ այս յուշարձանները աւերակ են, բայց շատ գեղեցիկ են եւ դիտողին վրայ մեծ տպաւորութիւն կը թողուն: Առանձնապէս աչքի կ՛իյնայ գաւիթի հարաւային պատին մէջ տեղաւորուած կամարակապ բացուած պատուհանը:
Գ. ԱՒԱԳԵԱՆ
Արդեօ՞ք Չարաղէտ Խաղ Մըն Է
«Հայրենիք»-ի սեպտեմբեր 10 թիւով տուինք Փարիզի «Յառաջ»-ի զգայացունց լուրը` Լեռնային Ղարաբաղի Խ. Հայաստանին կցման մասին: Լուրը չափազանց զգայացունց եւ ցնծալի ըլլալուն` չենք կրնար հաւատ ընծայել: Տարակոյս չունինք, որ «Յառաջ»-ի տուած լուրը քաղուած է արժանահաւատ աղբիւրէ: Եւ որովհետեւ լուրը բերանացի հաղորդում մըն է, ուրեմն մեզի իրաւունք չի տար նոյնութեամբ կուլ տալ զայն:
Ո՛չ կ՛ուզենք վէճի առարկայ ընել եւ ո՛չ ալ անհաւանական կը նկատենք, որ Խորհրդային Հայաստանի կառավարութիւնը նման դիմում մը կատարած է: Անհաւանական չենք նկատեր այն մեկին պատճառով, որ Լեռնային Ղարաբաղը Խորհրդային Հայաստանի կցելով, տնտեսական բազում տեսակէտներով, անմիջօրէն եւ առաւելաբար շահողն ու օգտուողը պիտի ըլլար Խորհրդային Միութիւնը:
Արագընթաց արդիւնաբերութիւնով եւ ճարտարարուեստով անընդհատ զարգացող սակաւահող Հայաստանը հրատապ կարիքն ունի իր հարազատ հողերով ընդարձակուելու: Խ. Հայաստանի անառարկելի իրաւունքն է այդ հէնց այն հանգամանքով, որ «ինքնավար Ղարաբաղ» ստեղծուած է, կը նշանակէ, որ այդ հողամասը եւ անոր բնակչութիւնը օտար է Ազրպէյճանին: Օտար է, որովհետեւ կը պատկանի Հայաստանին, հայ ժողովուրդին: Զուտ պոլշեւիկեան շարժառիթներէն զատ, կայ նաեւ հայութեան արժանապատուութեան ու դիւրազգացութեան խնդիրը անո՛ր համար, որ իր հայրենի մէկ հողակտորը, առանց հիմնական որեւէ պատճառի, իրմէ կորզուած եւ ուրիշի գիրկն է նետուած:
Մեզի փոխանցուած այս տեղեկանքին մէջ պարտկուած է շիլ հանգամանք մը, որ կցումի հաւանականութիւնը լուրջ կասկածի կ՛ենթարկէ: Ա՛յն է, որ Խորհրդային Միութիւնը թելադրած է Խ. Հայաստանի, որ բանակցութիւն վարէ Ազրպէյճանի կառավարութեան հետ, երկուստեք համաձայնութիւն կայացնէ, որպէսզի Խ. Միութիւնը զայն վաւերացնէ: Պոլշեւիզմի այս հարցին լուծման համար որդեգրած ընթացակարգը իր պատրաստակամութեան հետ խոտոր կը համեմատի: Այս մօտեցումը մեզի կը յիշեցնէ վեց տարուան հնութիւն ունեցող պատմութիւն մը:
1960-ին, Հայաստանի խորհրդայնացման քառասնամեայ տարեդարձին Խ. Միութեան երբեմնի տիրակալը` Խրուշչովը Երեւան եկաւ եւ Հայաստանի ու հայութեան հասցէին շոյիչ ու գգուական գովասանքներ շռայլեց: Սփիւռքահայ հրաւիրեալները, որոնց պատեհութիւն ընծայուեցաւ Խրուշչովի հետ տեսակցելու եւ «մտերմական խօսակցութիւն ու խորհրդածութիւն» ունենալու, կը խնդրեն մենակալէն, որ Լեռնային Ղարաբաղի Խ. Հայաստանին կցուի: Խրուշչով անոնց մատնացոյց է ըրած Ազրպէյճանը: «Գնացէք եւ ձեր խնդիրը կարգադրեցէք անոր հետ», յայտարարած է Խրուշչով: Ճիշդ ու ճիշդ նոյն ուղենշումը, զոր այսօր կը կրկնէ Խ. Միութիւնը:
Խ. Միութեան տարեգրութեան մէջ, սակայն, կարելի է մատնանշել բազմաթիւ կցումներ եւ սահմանագծային փոփոխումներ, որոնք կատարուած են ոչ թէ ենթակայ երկիրներու հաւանութեամբ, այլ` անոնց վճռական կամքին հակառակ:
Արդ, ինչո՞ւ պոլշեւիզմը այս թեք ու ոլոր ճամբով է, որ Ղարաբաղի հարցը կ՛առաջարկէ քննարկման ենթարկել: Ինչո՞ւ Խ. Միութիւնը մեզի Ազրպէյճանի դուռը մատնացոյց կ՛ընէ, երբ խնդիրը ի վերջոյ իր դուռէն պիտի անցնի անպայման:
Պոլշեւիզմը խորապէս իրազեկ է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի պատուիրակներուն պաշտօնական բանակցութիւնները, երես առ երես, յղի են վէճերով, կիրքերու բորբոքումով եւ տարակարծութիւններու պրկուն ու անհաշտ մթնոլորտով: Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը յօժար պիտի չըլլայ Հայաստանի օգտին որեւէ քայլ առնելու, որ Թուրքիոյ կողմէ դժկամութեան պիտի հանդիպի: Պոլշեւիզմը լաւատեղեակ է Ազրպէյճանի բացասական տրամադրութեան. եւ այդ է բուն պատճառը, որ Ղարաբաղի հարցի լուծման լծակը փոխադրած է Պաքու` փոխանակ Մոսկուայի: Եւ ո՞վ է այն բանիմաց մարդը, որ չկասկածի, թէ Մոսկուան արդէն իր հաստատ կարծիքն ու տեսակէտը յայտնած է Ազրպէյճանին:
Եթէ իսկապէս Խ. Միութիւնը անկեղծօրէն փափաքող է, որ Լեռնային Ղարաբաղը միացուի Խ. Հայաստանի, բնաւ պէտք չունի բեռը ուրիշին վրայ նետելու. պոլշեւիզմը իր բարեհաճութեամբ եւ սիրայօժարութեամբ, խորհուրդ կու տայ Ազրպէյճանի, որ Ղարաբաղը զիջի Հայաստանի: Եւ կամ, եթէ անհրաժեշտ է, հայեւազերի բանակցութիւնը, Խ. Միութիւնը, իր մասնակցութիւնով, պէտք է դիւրացնէ հարցի բարեյաջող լուծումը:
Երբեք տարակոյս չունինք, որ նորատեսակ խաղ մը սարքած է պոլշեւիզմը կովկասեան երկու ժողովուրդներուն գլխուն: Այս զազիր խաղով պոլշեւիզմը պիտի յաջողի հայ եւ ազերի երկու ժողովուրդներու յարաբերութիւնները աւելի լարել, որպէսզի անոնց ձեռքով կրակէն շագանակներ հանէ: Այս լուրով մենք ուրախանալու պատճառներ չունինք, այլ միայն մտահոգուելու պատճառ ունինք:
«Հայրենիք»