Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (19 Սեպտեմբեր 1966)

September 19, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մուսա Լերան Հերոսամարտի
51-
րդ Տարեդարձին Տօնակատարութիւնը

Երէկ` կիրակի, 18 սեպտեմբեր, Այնճարի շքեղ ծառաստանին մէջ խուռներամ բազմութեամբ եւ խանդավառութեամբ տօնակատարուեցաւ Մուսա Լերան դիւցազնական հերոսամարտին 51-րդ տարեդարձը:

Շաբաթ օր արդէն բազմահարիւր ժողովուրդ փութացած էր Այնճար ու ծառաստան, ուր խանդավառ եռուզեռի մէջ կը պատրաստուէր աւանդական հարիսան:

Կիրակի, առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսած, Պէյրութէն եւ գիւղագնացութեան վայրերէն հետզհետէ եկող բազմութիւնը շուտով լեցուց ընդարձակ ծառաստանը:

Կարգապահութեան կը հսկէին ՀՄԸՄ-ի սկաուտներն ու երիտասարդները:

Նախագահութեամբ լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեանի, Ս. պատարագը բարձրախօսներով լսելի կը դառնար ամէն կողմէ, եւ ժողովուրդը երկիւղած լրջութեամբ կը հետեւէր սրբազան արարողութիւններուն:

Պատարագիչն էր Ատրպատականի հայոց առաջնորդ Վարդան ծ. վրդ. Տեմիրճեան: «Հայր Մեր»-էն առաջ պատարագիչ հայր սուրբը խօսեցաւ հոգեշունչ ու բովանդակալից քարոզ մը:

Յաւարտ Ս. պատարագի, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան հանդիսաւոր պաշտօն` 18 նահատակներու հոգիին խաղաղութեան համար: Ապա տեղի ունեցաւ մատաղօրհնութիւն:

Այնուհետեւ ազգայնաշունչ ճառ մը խօսեցաւ Անդրանիկ Ուրֆալեան:

Ճաշկերոյթին, պաշտօնական սեղանին շուրջ բազմեցան սրբազան հայրը, պատարագիչ հայր սուրբը, քահանայ հայրեր, պետական հայ երեսփոխաններ Մովսէս Տէր Գալուստեան եւ Սուրէն Խանամիրեան, Այնճարի «Յառաջ» քոլեճի խնամակալ մարմինի անդամները ու երեւելի ազգայիններ` Պէյրութէն եւ Այնճարէն:

Խօսք առին` առաջնորդ սրբազանը, քահանայ հայրերը եւ Մովսէս Տէր Գալուստեան:

Մ. Տէր Գալուստեան յատկապէս շեշտեց, որ Սուէտիոյ հայ ժողովուրդը երբեք պիտի չմոռնայ եւ երախտագիտութեամբ ու միշտ յարգանքով պիտի յիշէ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, որ դիւցազնական հերոսամարտին կազմակերպիչն ու զէնք հայթայթողը եղաւ: Ֆրանսան, որ եղաւ ազատարարը, եւ` Լիբանանի հիւրընկալ ժողովուրդը, որ զինք ընդունեց գրկաբաց, եւ որուն այս գեղեցիկ հայրենիքին մէջ այսօր լայն ազատութեամբ բարգաւաճ կեանք մը կ՛ապրի ան:

Բազմահազար ժողովուրդ, անթերի կարգապահութեամբ, մինչեւ ուշ գիշեր խանդավառ օր մը անցընելէ ետք, մեկնեցաւ Այնճարէն` Մուսա Լերան դիւցազնական հերոսամարտին 51-րդ տարեդարձը արժանավայել շուքով տօնակատարած ըլլալու անհուն գոհունակութեամբ:

 

Հայերու Ջարդը Էրզրումի Մէջ

Այս խորագրին տակ փարիզեան ամէնէն տարածուած ֆրանսերէն օրաթերթը` «ՖՐԱՆՍ-ՍՈՒԱՐ», կը գրէ.

«Սարսափելի երկրաշարժէն ետք, որ երեք շաբաթ առաջ Թուրքիոյ մէջ 3 հազարէ աւելի զոհերու պատճառ եղաւ, Էրզրումի նահանգին մէջ, բազմաթիւ նամակներ ստացանք ծագումով հայ ընթերցողներէ եւ ընթերցողուհիներէ, որոնք կը բնակին Մարսէյ կամ Լիոն: Ահաւասիկ` այդ նամակներէն մէկը, ստորագրուած Անի Տէր Պօղոսեան, 16, Ռիւ Լիւլլի, Մարսէյ (13):

«Ընտանիքէս մաս մը էրզրումցի ծագում ունի: Երբ անոնք Ֆրանսա եկան հրաշքով փրկուած թուրքերու ջարդէն, որոնք 1915-1916 բնաջնջեցին 1.500.000 հայ, իրենց անձնաթուղթերուն վրայ նշուած հպատակութիւնը տարագիր հայ էր եւ ոչ թէ թուրք: Հարց կու տամ, թէ ինչպէ՞ս այդ շրջանը, որ իրականութեան մէջ Հայաստան կը կոչուի, Թուրքիա դարձաւ»:

Ահաւասիկ` «Ֆրանս-Սուար»-ի պատասխանը.

«Իրապէս, աշխարհագրականօրէն Էրզրում գլխաւոր քաղաքներէն մէկն է Հայաստանի, ուր հայերը կը բնակէին դարերէ ի վեր: Բայց 1915-1916 այդ ահռելի ջարդերէն ետք Հայաստան քաղաքականօրէն բաժնուած է Թուրքիոյ, Պարսկաստանի եւ Խորհ. Միութեան միջեւ: Այս վերջինը միայն կը կրէ այսօր Հայաստանի անունը»:

 

Նշմար

«Փառքին Փրկագինը»

Փառքն ու հռչակը խստապահանջ եւ այլամերժ սիրուհիներ են:

Բոլոր հռչակաւոր արուեստագէտները ճանչցած են «Փառքին փրկագինը», որ կը պահանջուի իրենցմէ` կարենալ տոկալու համար առօրեային:

Քանի` մեծատաղանդ եւ աշխարհահռչակ դերասաններ բեմ եկած են` արցունքը սեղմած իրենց կոկորդին մէջ, հոգեկան ահաւոր տառապանքի մը ենթակայ: Խնդացած են եւ խնդացուցած` հակառակ ներքին մաշող վիշտի մը:

Միքելանճելօ Հռոմի Սիքսթինի եկեղեցիին ձեղունը նկարազարդած է տառապալի պայմաններու մէջ, ուժասպառ եւ ներքին անտանելի խռովքով:

Արուեստներու պատմութիւնը լեցուն է սրտայոյզ պատմութիւններով, որոնց դժբախտ հերոսը եղած են, այսօր` իրենց յաւերժական գործին ընդմէջէն, մեր հիացումին առջեւ իրենց տիտանեան հասակը ցցող սպասարկուները գեղեցիկին:

Այսօրուան փառքերը եւս, որոնք հասարակութեան ցոյց կու տան միայն իրենց փայլուն երեսը` նախանձելի յաջողութիւններու պատկերով, ո՜վ գիտէ` ի՜նչ տառապանքներ կը թաքցնեն իրենց հոգիին խորութեան մէջ, որովհետեւ իրաւունք չունին հասարակ մահկանացուներ ըլլալու, մանաւանդ` անոնց պէս ապրելու:

Եւ ասիկա միակ մխիթարութիւնն է զրկեալներու:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Տեսակէտ. Այսօրուան Անցումային Վճռորոշ Օրերը Եւ Մենք…

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.