Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (3 Սեպտեմբեր 1966)

Սեպտեմբեր 3, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քալիֆորնիոյ Հայ Գաղութը
Գլխաւոր Կեդրոններ Ֆրեզնօ Եւ Լոս Անճելըս

Առաջին հայերը, որ գաղթած են Քալիֆորնիա, եկած են 1870-ական թուականներուն եւ կարեւոր դեր կատարած են նահանգի գիւղատնտեսութեան զարգացման մէջ:

Անոնք հաստատուած են Ֆրեզնօ քաղաքի եւ շրջակայ գիւղերու մէջ, մասնաւորապէս` Սան Ուաքին Հովիտը:

Արհեստական ջրաբաշխութեամբ այս հովիտը տարիներու ընթացքին դարձած է գիւղատնտեսական արդիւնաբերութեան հսկայ կեդրոն: Կը մշակուին` խաղող, ծիրան, թուզ, սալոր, դեղձ, սեխ, նարինջ, ինչպէս նաեւ` բամպակ, ստեպղին եւ ցորեն:

Այս հսկայ գիւղատնտեսութեան մէջ է, որ հայերը գրաւած են շատ պատուաւոր տեղ մը:

Երկրորդ խումբ մը հայերու հասած է 1883-ին: Եկած են` Խարբերդէն, Վանէն, Սեբաստիայէն, Մուշէն եւ հին Հայաստանի այլ շրջաններէն:

Այսօր այս շրջաններուն մէջ կ՛ապրին 45 հազար հայեր: Ունին իրենց եկեղեցիները, ակումբները եւ մասնակի դպրոցները:

Ֆրեզնոյի մէջ լոյս կը տեսնեն երեք հայկական թերթեր, որոնցմէ «Ասպարէզ»-ը եւ «Նոր Օր»-ը` հայերէնով, իսկ «Քուրիըր»-ը` անգլերէնով:

Գիւղատնտեսութեան մեծ արտադրողներէն կարելի է յիշատակել Մելքոն Մարգարեանը, որ մշակած է հսկայական այգիներ եւ հաստատած է Քալիֆորնիոյ թուզի մեծագոյն մրգաստանը: Սերոբեան եղբայրները, որոնք եղած են թուզի եւ նարինջի առաջին արտածողները այլ նահանգներ: Հաճի աղա Փիթըրզը, որ դարձած է իր ժամանակի մեծագոյն խաղողի եւ չամիչի արտածողը, իսկ իր զաւակը այժմ ծանօթ է իր դեղձերով: Ծանօթ անուններ են նաեւ Առաքելեանները, Գազանճեանները, Աժտէրեանները, ՍԵդրակեանները, Մովսիսեանները, Փիլոյեանները եւ Փիլիպոս եղբայրները: ՍԵդրակեանը կը կոչուի «Չամիչի թագաւոր», իսկ Ալեք Փիլիպոս` «Սեխի թագաւոր»:

Ֆրեզնոյէն ետք սկսած է կազմուիլ Լոս Անճելըսի հայ գաղութը: Բուն գաղթը սկսած է 1895-ին: Եկած են թրքահայաստանի բոլոր գաւառներէն, նաեւ` Ռուսաստանէն եւ Պարսկաստանէն:

Այսօր Լոս Անճելըսի եւ շրջակայ վայրերուն մէջ կ՛ապրին աւելի քան 50 հազար հայեր, որոնց 45-50 տոկոսը արդէն Ամերիկայի մէջ ծնածներ են:

Լոս Անճելըսի հայերը կը զբաղին զանազան գործերով: Ոմանք բանուոր են գործարաններու մէջ: Կան նաեւ արհեստաւորներ, բժիշկներ, դեղագործներ եւ ճարտարագէտներ: Իսկ առեւտրական եւ ճարտարարուեստական ասպարէզներու մէջ անոնք կը գրաւեն նախանձելի դիրքեր: Լոս Անճելըսի հայկական ճաշարանները մեծ վարկ կը վայելեն նոյնիսկ ամերիկացիներու մօտ: Ունին նաեւ հայկական դրամատուն` երկու մասնաճիւղերով:

Գաղութի հայ մշակութային կեանքը շատ աշխուժ է եւ բեղուն: Ունին վեց Հայաստանեայց Առաքելական, երեք աւետարանական եւ մէկ կաթողիկէ եկեղեցիներ` իրենց սրահներով:

Լոս Անճելըսի մէջ կը գտնուի իր ազգօգուտ գործունէութեամբ ծանօթ Հայ կրթական հիմնարկութեան կեդրոնը: Կը գործեն երեք թատերախումբեր` «Նորք», «Անդրանիկ» եւ «Վարդեան»: Ունին երկու մեծ ակումբներ` Հայ կեդրոնը եւ Մշակութային սրահը:

Ամերիկահայ առաջին ամէնօրեայ հայ դպրոցները հիմնուած են այս շրջանին մէջ: «Մեսրոպեան» նախակրթարանը Լոս Անճելըսի մէջ եւ «Ֆերահեան» երկրորդական վարժարանը` Սան Ֆեռնանտոյի Հովիտին մէջ:

Գիտութեան եւ արուեստի մէջ միջազգային համբաւի տիրացած բազմաթիւ դէմքեր տուած է գաղութը:

Լոս Անճելըսի հայ գաղութը բաղդատած Միացեալ Նահանգներու այլ հայակեդրոն վայրերուն, կազմակերպուած լաւագոյն գաղութն է:

 

Պէյրութ, Շուֆ Եւ Մեթըն Երէկ Գիշեր Մութի Մէջ Մնացին

Բանակը Ստանձնեց
Ելեկտրականութեան Կեդրոնները

Երէկ իրիկուն, ժամը 6:15-ին, ելեկտրական հոսանքը կտրուեցաւ Պէյրութի մէջ: Մութի մէջ մնացին գլխաւորաբար մայրաքաղաքին կեդրոնական թաղերը եւ Ռաս Պէյրութ, ինչպէս նաեւ` Հազմիէ, Ալէյ, Պհամտուն, Սոֆար, Պէյթ Մերի, Պրումմանա, Պաապտեթ, Տհուր Շուէր եւ Պուա տը Պուլոնիան: Միւս քաղաքներուն մէջ` Թրիփոլի, Զահլէ, Սայտա, հոսանք կար, բացի քանի մը թաղերէ:

Նահրի եւ Էշրեֆիէի մէջ հոսանքը չկտրուեցաւ:

Խանգարման տեւողութիւնը տարբեր եղաւ մէկ վայրէն միւսը: Կարգ մը շրջաններ քառորդ ժամ ետք լուսաւորուեցան, ուրիշներ` երեք ժամ:

Ելեկտրականութեան ընկերութեան գրասենեակին պատասխանատուներուն համաձայն, հոսանքը վերահաստատուած է ամէն տեղ, բացի քանի մը շատ սահմանափակ վայրերէ: Բայց ենթակաները չկրցան խանգարման պատճառները տալ: «Մասնագէտները կ՛աշխատին երեւան հանել զանոնք», ըսուեցաւ լրագրողներուն:

Այլ հարցումի մը պատասխանելով` մասնագէտ մը ըսաւ, որ իր կարծիքով, խանգարման պատասխանատուն բանթողները չեն:

Ելեկտրական հոսանքի չորս կայաններ դադրած են գործելէ. արեւմտեան շրջանին կայանը, որ հոսանք կու տայ Պապ Իտրիս, Համրա եւ Ռաս Պէյրութ թաղերուն, շուկայի կայանը, որ կը լուսաւորէ քաղաքին կեդրոնը, անտառներու շրջանին կայանը, որ Մազրաան եւ Թարիք Ժտիտէն կը լուսաւորէ, Ալէյի կայանը, որ հոսանք կը հայթայթէ Ալէյի եւ շրջաններուն:

Գործադուլը Կը Շարոււնակուի

Լիբանանի ելեկտրականութեան ընկերութեան 2700 պաշտօնեաներուն եւ բանուորներուն գործադուլը պիտի շարունակուի այսօր եւ կրնայ ծանր հետեւանքներ ունենալ: Երէկուան նման նոր խանգարումները կանխելու համար, երէկ իրիկուն բանակին պարտականութիւն տրուեցաւ ստանձնելու ելեկտրական կեդրոնները: Բացի այդ, գրասենեակին մասնագէտները կրնան բռնի աշխատանքի լծուիլ, եթէ հարկ տեսնուի:

Հակառակ անոր որ գրասենեակին պատասխանատուները մերժեցին յայտնել երէկուան խանգարման պատճառները, բայց կը կարծուի, որ ելեկտրական հոսանքի կեդրոններու բանուորներուն թերացման հետեւանք է ան:

Ելեկտրականութեան ընկերութեան գրասենեակի պաշտօնեաներուն սենտիքան երէկ հրատարակեց յայտարարութիւն մը` յայտնելով, թէ այսօր պիտի շարունակէ գործադուլը, եւ եթէ «պատասխանատուները շարունակեն անգիտանալ սենտիքային արդար պահանջները եւ զայն զրկել իր իրաւունքներէն, ստիպուած պիտի ըլլայ աշխատանքը դադրեցնել արտադրութեան գլխաւոր կեդրոններուն մէջ, ինչ որ լոյսէ պիտի զրկէ կարգ մը շրջաններ»:

Այսուհանդերձ, գրասենեակին պատասխանատուներէն մէկը յայտարարեց. «Գրասենեակը նախազգուշութիւններ ձեռք առած է կեդրոնները աշխատցնելու համար: Կը յուսանք, որ պիտի կարենանք հոսանք հայթայթել բնականոն կերպով: Ուրբաթ առտու գրասենեակի ճարտարագէտները պիտի ստանձնեն գործադուլի մէջ եղող պաշտօնեաներուն գործը: Գրասենեակը կը յուսայ, որ հոսանքը պիտի չկտրուի: Եթէ այս առտու կայանները շարունակեն աշխատիլ, պիտի կարենանք հոսանքը պահելը»:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Աշխարհի Ամէնէն Սուղ Ճաշարանը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?