Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (29 Սեպտեմբեր 1966)

Սեպտեմբեր 29, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Թալէաթի Դամբարանը» Յօդուածին Առթիւ
Թուրքերը Ազդուած` Խստիւ Կը Բողոքեն…

Հայ մամուլը վերջերս թարգմանաբար հրատարակեց յօդուած մը` «Թալէաթի դամբարանը» խորագիրով, որ լոյս տեսած էր Փարիզի լուրջ օրաթերթերէն «Քոմպա»-ի մէջ, ֆրանսացի լրագրող Կապրիէլ Մացնեֆի ստորագրութեամբ: Յօդուածագիրը կը դատապարտէր թուրքերուն վայրագութիւնը հայոց դէմ, ի միջի այլոց, գրելով. «Բնակչութեան ջարդ, անտառներու անմիտ բնաջնջում, քրիստոնէական շէնքերու մոլեգին քանդում, ահա՛ Թուրքիոյ քաղաքակրթիչ գործը` Հայաստանի մէջ»:

Յօդուածը վրդոված է թուրքերուն հանգիստը, ինչ որ կը բացատրէ` Փարիզի ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՈՒՍՄԱՆՑ ԿԵԴՐՈՆին կողմէ հետեւեալ նամակը` ուղղուած հայ մամուլին:

Այս առթիւ, ինչպէս կը թելադրէ Փարիզի Հայագիտական ուսմանց կեդրոնը, կը փափաքինք, որ մեր ընթերցողները անխտիր նամակ ղրկեն, անգլերէն կամ հայերէն, ֆրանսական թերթին խմբագրութեան, շնորհաւորելով անոր քաջութիւնը եւ ճշմարտասիրութիւնը, որոնք սովորական երեւոյթներ չեն դժբախտաբար, նաեւ` ազատ աշխարհի մեծ մամուլին մէջ:

 

Հայագիտական Ուսմանց Կեդրոնին
Նամակը

… Այս լրագրողը, պր. Կապրիէլ Մացնեֆ, ճանչցուած` Փարիզի մէջ իբրեւ թերթերու սարսափազդու զաւակը, մերժելով սպառնալիքներն ու կաշառքի խոստումները, հրապարակաւ արտայայտեց ճշմարտութիւնը, ձաղկելով թրքական ստայօդ յերիւրածոները: Ան ո՛չ միայն վստահութեամբ լսեց Հայագիտական ուսմանց կեդրոնին տուած ճշգրիտ տեղեկութիւնները, այլ նաեւ զանոնք ընդարձակելով, դրաւ հանրութեան առջեւ:

Յօդուածին հրատարակութեան օրն իսկ, Փարիզի թրքական դեսպանատունը շարժման մէջ դրաւ իր բոլոր միջոցները, չէզոքացնելու հրապարակուած ճշմարտութեանց ազդեցութիւնը, արդարութեան ձայնը իր սաղմին մէջ խեղդել փորձող խիստ բողոք բարձրացուց:

Նկատի ունենալով «Քոմպա»-ի մէջ լոյս տեսած յօդուածին ցնցիչ ազդեցութիւնը, վստահ կրնաք ըլլալ, որ ուրիշ երկիրներու մէջ ալ, ուշ կամ կանուխ, նոյն արձագանգը պիտի գտնէ ան: Մեր պարտքն է հետեւաբար, մեր ամէն կարելին չխնայել, որպէսզի շարունակեն դիմադրել թրքական ճնշման ու պաշտպանեն ճշմարտութիւնը եւ մեր արդար դատը:

Հետեւաբար հաճեցէք թելադրել ձեր ընթերցողներուն, որ շնորհաւորական տողեր ղրկեն հետեւեալ հասցէին` նոյնիսկ ոչ գաղիերէն լեզուով:

Journal Combat,
18 Rue du Croissant,
Paris 2e,
France:

 

Ներքին Կեանք

Այս Տարի Ձմեռը
Շատ Խիստ Պիտի Ըլլայ

Երէկ փոթորիկը աւեր գործեց Հիւսիսային Լիբանանի, յատկապէս Քուսպայի եւ ծովեզերքին միջեւ տարածուող շրջանին մէջ: Զանազան վայրերու մէջ կայծակ ինկաւ ելեկտրական սիւներու վրայ` ծանր վնասներ հասցնելով:

Լեռնալիբանանի մէջ եւս, օրերէ ի վեր, մէկը միւսէն սաստիկ փոթորիկներ իրարու կը յաջորդեն: Ծեր գիւղացիները այս փոթորիկին մէջ կը տեսնեն նախանշանը շատ խիստ ձմրան մը: Իրենց նախատեսութիւնը կը հիմնաւորեն այն իրողութեամբ, որ այս տարի բարձր շրջաններու մէջ մեծ թիւով պիծակներ յայտնուած են, ինչ որ, ըստ աւանդութեան, խիստ ձմրան մը նշան է:

Բարեդէպ Ուշաթափում

Արաբական միացեալ հանրապետութեան սէուտական դեսպանին կինը` տիկ. Հայաթ Խուճա, որ Ալէյ եկած է օդափոխութեան, սեպտեմբեր 24-25-ի գիշերը, առտուան դէմ ժամը 4:00-ին, ընդոստ կ՛արթննայ եւ կը տեսնէ մարդ մը, որ ատրճանակը ուղղած է վրան եւ իրմէ կը պահանջէ ցոյց տալ իր գոհարեղէններուն տեղը:

Տիկ. Հայաթ հազիւ ժամանակ կ՛ունենայ «օգնութիւն» պոռալու եւ ուշաթափ կ՛իյնայ: Գողը, վախնալով, կը փախչի պարտէզի դռնէն, առանց կարենալ տանելու գոհարեղէնները:

Առեւտրական Գօտիին
Նոր Հատուածը

Քանի մը օրէն, առեւտրական գօտին, Թապարիսի կողմէն, այլեւս կանգ պիտի չառնէ Խայեաթի հին շէնքին առջեւ, որ շուտով պիտի յանձնուի բանուորներու բրիչին: Այս շէնքին քանդումէն ետք, Էշրեֆիէն պիտի օժտուի լայն պողոտայով մը, Սըրսոք եւ Սելիմ Պուսթրոս (Սեն Նիքոլա) փողոցներուն միջեւ գիծով մը:

Վեց հարիւր մեթր երկայնք եւ քսան մեթր լայնք ունեցող այս ճամբան առայժմ կանգ պիտի առնէ Էլ-Խազէն (Աքքաուի վերելք) փողոցին միացման կէտին վրայ:

Սեփականազրկումի գործողութիւնները արդէն կատարուած են եւ տարեմուտին, քանդումի աշխատանքները վերջացած կ՛ըլլան: Իսկ ճամբան բացուած պիտի ըլլայ 1967 հոկտեմբերին:

1967-ի Պիւտճէն`
631.681.000
Լ.Ո.

Ելեւմտական նախարարութիւնը ոգի ի բռին կ՛աշխատի` վերջնական ձեւ մը տալու համար 1967-ի պիւտճէին, որ 30 սեպտեմբերին պիտի ներկայացուի խորհրդարան:

Նախարարաց խորհուրդը 8.499.000 լ. ոսկիի զեղչ մը կատարած է պիւտճէին մէջ, որ այսպէսով իջած է 631.681.000 լ. ոսկիի:

Ինքնավար Գրասենեակներու
«
Քատրերը» Վաւերացուեցան

Նախարարաց խորհուրդը, իր երէկուան ժողովին, որ տեւեց հինգ ժամ, մասնաւորաբար վաւերացուց ինքնավար գլխաւոր գրասենեակներուն քատրի նախագիծերը, օրինակ` ելեկտրականութեան, ջուրի, երկաթուղիի եւ հանրային փոխադրութեանց:

Կառավարութիւնը այսպէսով յարգած եղաւ ելեկտրականութեան գրասենեակի բանթողներուն տրուած խոստումները:

Նոր Փլուզում Ապտէլ Ուահապ
Ինկիլիզի Փողոցին Մէջ

Երէկ գիշեր ժամը 9:00-ին, Ապտէլ Ուահապ Ինկլիզի փողոցին մէջ, Սենթ Անթուան նախկին եկեղեցիին դէմ, Քորմ ընտանիքին պատկանող հին շէնքի մը մէկ մասը փուլ եկաւ: Նոյն օրը, մօտակայ Շանթիէին պուլտոզըրները անպայման քիչ մը աւելի առաջ գացած էին:

Հրշէջները կրցան ժամանակին հասնիլ եւ երկու ժամէն փրկեցին վարձակալները` Ժըպրան Ժետէոն եւ կինը:

Վերջերս նման արկածներ այնքան բազմացան, որ քաղաքապետութիւնը այլեւս ժամանակը եկած պէտք է նկատէ խիստ միջոցներու դիմելու:

9503 Թաքսի Լիբանանի Մէջ

Ներքին նախարարութիւնը պարտականութիւն տուած էր յանձնախումբի մը` ճշդելու թաքսիներու թիւը Լիբանանի մէջ: Թաքսիներու թիւը կը բարձրանայ 9503-ի: Միւս կողմէ, 6.744 լ. ոսկի հատուցում պիտի վճարուի հին կարմիր թիւերու տէրերուն:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Կին Դէմքեր. Սոֆիա Լորենը` 82 Տարեկան

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?