Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (6 Սեպտեմբեր 1966)

Սեպտեմբեր 6, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին Կեանք

Ելեկտրականութեան Գրասենեակի Անձնակազմին Գործադուլը Կը Շարունակուի

Ելեկտրականութեան գրասենեակին պաշտօնեաները կը շարունակեն իրենց գործադուլը: Առ այժմ` ոչ մէկ նորութիւն:

Ներկայիս կացութիւնը հետեւեալն է. բացի հինգշաբթի եւ ուրբաթ օրերու ելեկտրական խանգարումներէն, հոսանքը կարելի եղաւ հայթայթել բնակչութեան` շնորհիւ բռնի աշխատանքի լծուած 114 բանուորներու եւ մասնագէտներու, որոնք կը գործեն Զուք Միքայէլի եւ Պէյրութի կեդրոններուն մէջ:

Բանթողները, սակայն, հաստատ կը մնան իրենց սկզբնական որոշման վրայ: Աշխատանքի պիտի չսկսին, մինչեւ որ 10 առ հարիւրի յաւելում չստանան:

Ընկերային այլ ճակատներու վրայ նոր գործադուլի հեռանկարներ չկան: Նաւահանգիստի պաշտօնէութիւնը հրաժարեցաւ գործադուլէ, որուն պիտի սկսէր այս առտու, վերջին պահուն համաձայնութիւն մը գոյացած ըլլալով սենտիքային եւ ընկերութեան տնօրէնութեան միջեւ: Նաւահանգիստի պաշտօնեաները 6,85 առ հարիւրի յաւելում մը պիտի ստանան ճիշդ դրամատան պաշտօնեաներուն նման:

Պաշտօնական գետնի վրայ, Ներքին ապահովութեան խորհուրդը այս առտու պիտի գումարուի` ի ներկայութեան ներքին գործոց նախարար Փիեռ Ժեմայէլի, քննելու համար կացութիւնը` ընկերային տագնապի լոյսին տակ:

Կէսօրէն ետք նախարարաց խորհուրդը պիտի գումարուի Ալէյի մէջ` ուսումնասիրելու համար գործադուլներու եւ ընկերային պահանջներուն խնդիրը:

Լաւատեղեակ աղբիւրներու համաձայն, նախարարաց խորհուրդը նոր միջոցներ ձեռք պիտի առնէ բանթողներուն դէմ:

«ԾԱՂԻԿՆԵՐՈՒ ՏՕՆ»-ը ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՄԷՋ

Վարչապետ Ապտալլա Եաֆի, որ կը ներկայացնէր հանրապետութեան նախագահը, ներքին գործոց նախարար Փիեռ Ժեմայէլ, Լեռնալիբանանի կուսակալ Ղալեպ Թիւրք եւ տեղեկատուութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ժոզեֆ Զաարուր Պիքֆայա եկած էին երէկ` ներկայ գտնուելու համար «Ծաղիկներու տօն»-ին, որ 28 տարիէ ի վեր յաջորդաբար տեղի կ՛ունենայ Պիքֆայայի մէջ:

Տահր էլ Պասէն Տըլպ երկարող 5 քմ ճամբուն երկու կողմերը, ինչպէս նաեւ պատշգամներն ու տանիքները լեցուած էին խուռն բազմութեամբ մը:

Ազգային միութեան սքանչելի արտայայտութեամբ մը Ալ Ժարրահ իսլամ սկաուտներու նուագախումբը կը մասնակցէր տօնախմբութեան:

Տողանցքը սկսաւ ժամը 16:30-ին: Առաջին սայլը, որ կը խորհրդանշէր «Դէպի լուսին արշաւ»-ը, անցաւ պաշտօնական բեմին առջեւէն: Վարչապետ Եաֆի կտրեց ժապաւէնը եւ օդապարիկ մը բարձրացաւ երկինք: Օդապարիկը գտնող անձը, եթէ զայն կազմակերպիչ յանձնախումբին բերէ, 200 լ. ոսկիի վարձատրութիւն մը պիտի ստանայ:

Ապա սկսաւ սայլերու շքերթը: Ընդամէնը 15 սայլեր անցան` բոլորն ալ ծաղիկներով բեռնաւորուած եւ զանազան խորհրդապատկերներով ճոխացած:

Տողանցքէն ետք ժողովուրդը ողողեց Պիքֆայայի հրապարակը, եւ մինչեւ ուշ գիշեր երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ պարեցին հանրային պարտէզին առջեւ:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ապրի՜ն Արցախի Փոքրիկները

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?