Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (8 Սեպտեմբեր 1966)

Սեպտեմբեր 8, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 Նոթեր Ու Նետեր
Զուտ Թրքական Լուրեր

Ծանրակշիռ Առեւանգում

Գոճամուսթաֆափաշայի բնակիչներէն Կէօնիւլ Սեւլիմ անուն յղի կին մը առեւանգուած է անծանօթի մը կողմէ: Օրերէ ի վեր կատարուած փնտռտուքները անցած են ապարդիւն:

Առեւանգողը մէկ հարուածով ունեցած է կին մը եւ պիտի ունենայ զաւակ մը:

Վարդը սիրողը փուշն ալ կը սիրէ, ըսուած է իրաւամբ:

Բայց որովհետեւ վարդը սիրողը թուրք է, կրնայ փճացնել փուշը:

 

Ձեռնածուին Ձիրքը

Նշանաւոր թուրք ձեռնածու մը` Լութֆի Տեմիրել, ծածկանունով` Ապրագադապրա, Իզմիթի մէջ ձերբակալուած է իբրեւ կուսապիղծ:

Երբ թուրք մը վարպետ ձեռնածու է, իր ճարտարութիւնը ի՞նչ գործի մէջ առաւելապէս կրնայ օգտագործել, եթէ ոչ` կուսապղծութեան մէջ:

 

Թուրքը Եւ Երաժշտութիւնը

Թարսուսի մէջ Աթահիլա (կամ Աթիլլա) անունով թուրք ուսանող մը ծանրապէս վիրաւորած է իր երաժշտութեան ուսուցիչ Էրտողանը, որ գէշ նիշ դրած էր իրեն:

Ոճրագործը անյայտացած է, իսկ դասատուն, յուսահատական վիճակի մէջ, փոխադրուած է հիւանդանոց:

Բացարձակապէս ճիշդ է ըսուած, որ երաժշտութիւնը կ՛ազնուացնէ բարքերը…

Պայմանաւ որ մարդ թուրք ծնած չըլլայ:

 

Հանրային Բարոյական

Ծանօթ թուրք լրագրող Չեթին Ալթան յանձնուած է դատարանի: Պատճառը իր մէկ գրութիւնն է, որ համարուած է դէմ` հանրային բարոյականի…

Ուրեմն Թուրքիոյ մէջ հանրային բարոյականը դեռ ողջ է եղեր: Մենք վաղուց մեռած գիտէինք:

Թուրքիոյ մէջ հանրային շատ բաներ կան: Սակայն զարմանքով լսեցինք, որ տակաւին հանրային բարոյական ալ կայ եղեր:

Մենք կը կարծենք, թէ Չեթին Ալթան դատարանի յանձնուած է մեռեալ մը նախատած ըլլալուն համար:

 

Ծեծի Փոխան` Սէր

Թրքական թերթերու մէջ կարդացինք, որ հիւծախտաւոր թուրք մը իր երիտասարդ, գեղանի ու անառակ կինը գիշերը անկողինին մէջ խողխողած է` վստահ ըլլալով, որ չարաչար խաբուած է:

Ահաւասիկ դէպքին մանրամասնութիւնները.

Թուրք ամուսինը ատենէ մը ի վեր կը ծառայէ անկողնի: Այդ վիճակէն օգտուելով` կինը ձեռնարկած է առեւտուրի սիրոյ: Գործերը լաւ կ՛ընթանան, որովհետեւ թուրքերուն մէջ չեն պակսիր յաճախորդներ:

Ամուսինը թէ՛ կը զգայ, թէ՛ ծանօթներէ կը լսէ: Սաստիկ կը սաստէ կինը: Անօգուտ: Կինը կը շարունակէ հասութաբեր գործը: Տունը կը լեցուի ուտելիքով ու շքեղ զգեստներով, որոնք կ՛աղաղակեն կնոջ անբարոյականութիւնը: Ամուսինը կրկին կը սաստէ ու կը սպառնայ ալ: Ապարդիւն: Կ՛ուզէ ծեծել, բայց անկարող է: Այդ պայմաններուն մէջ աւելի կը ծանրանայ հիւանդութիւնը: Ամուսինը, ճարահատ, իր քով կը կանչէ մօրաքրոջ մեծ տղան ու կ՛ըսէ.

– Կինս պոռնկացած է: Ինք անգամ ա՛լ չի ծածկեր այդպէս ըլլալը: Ամբողջ թաղը տեղեակ է: Ես տկար ըլլալով` չեմ կրնար իր դասը տալ: Եղբայր չունիմ, որ ան տայ դասը: Դուն իմ եղբայրս կը սեպուիս: Կը խնդրեմ, որ կինս ամայի տեղ մը տանիս ու փառաւոր կերպով ծեծես: Անմոռանալի ծեծ մը: Շատ շնորհակալ պիտի ըլլամ քեզի:

Մօրաքրոջ տղան կը պատասխանէ.

– Քու փափաքդ ինծի համար հրաման է:

Հետեւեալ առաւօտ մօրաքրոջ տղան իրեն հետ կը տանի կինը եւ ճամբան ամէն բան պատմելէ ետք կ՛աւելցնէ.

– Միթէ ես վայրենի՞ եմ, որ ծեծեմ քեզի պէս աղուոր հրեշտակ մը: Ծեծելու տեղ քեզ պիտի սիրեմ: Բայց դուն, իրիկունը, տուն դարձիդ, այնպէս ձեւացուր, որ ծեծուած ես ինձմէ եւ հասցէիս հայհոյէ:

Խաղը լաւ կը բեմադրուի:

Մօրաքրոջ տղան քանի մը անգամ եւս կը տանի կինը… ծեծելու:

Վերջապէս, ամուսինը կը տեղեկանայ կատարեալ կատակերգութեան եւ գիշեր մը թրքաբար կը խողխողէ իր բազմամեղ կինը:

Գալով մօրաքրոջ տղուն` պէտք է խոստովանիլ, որ միակ քաղաքակրթուած թուրքն է եղեր, որ ծեծը փոխարիներ է սիրալիր փայփայանքներով:

Ն. ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Կին Դէմքեր. Հուրի Կեպեշեան

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?