Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (28 Սեպտեմբեր 1966)

Սեպտեմբեր 28, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքի Խելապատիկէն…

 Սուլթան Համիտ Բարեգո՜ւթ
Վեհապետը Եղած Է…

 «Հայ Քոմիթեճիները Զայն Սխալ Գոյներով
Ներկայացուցած Են»

 «Հայերը Շատ Բան Կորսնցուցին Անկախ Հայաստանի
Ցնորքը Հետապնդելով»

Պոլսոյ «Ենի Իսթանպուլ» օրաթերթը (24 սեպտեմբեր), Իսմայիլ Համի Տաճիշմենտ ստորագրութեամբ, հրատարակած է յօդուած մը, ուր անմեղ գառնուկի մորթ կը հագցնէ արիւնարբու սուլթանին եւ կը պնդէ, որ այդ գազանը պատմութեան առջեւ սխալ գոյներով ներկայացուած է:

Ահա թէ ինչե՜ր ելած են թուրք լրագրողին խելապատիկէն.

«Կարմիր Սուլթան» որակուած է ան եւ նկատուած անգութ եւ անխիղճ բռնապետ մը` թէ՛ Եւրոպայի մէջ եւ թէ՛ Թուրքիոյ հակառակորդներուն կողմէ: Մինչդեռ այս բոլորը ծայրայեղութիւններ են եւ սուլթան Համիտ բոլորովին տարբեր նկարագիր եւ անհատականութիւն ունի:

«Իբրեւ օրինակ կրնանք յիշել հայ քոմիթեճիները, որոնք արտասահմանի մէջ շատ գէշ մակդիրներ տուած են Ապտիւլ Համիտի: «Մէկը «Կարմիր սուլթան» կոչած է զայն, իսկ Կլատաթոնը` «Մեծ Եղեռնագործը»: Հայ քոմիթեճիները ամէն տեղ քարոզչութիւն կատարած են այս ուղղութեամբ, որպէսզի եւրոպական երկիրներու միջամտութիւնը հրաւիրեն: Ի՞նչ ըսել, սակայն, այն կարգ մը թուրքերուն, որոնք իւրացուցած են այդ «Կարմիր սուլթան»-ը` առանց ամչնալու եւ առանց անդրադառնալու իրենց տգիտութեան: Սուլթան Համիտ, զոր հայ քոմիթեճիները այդպիսի անպատկառ որակականով ներկայացուցած են, միշտ ալ խուսափած էր արիւնահեղութիւններէ:

 

Հայերը Շատ Բան Կորսնցուցած Են…
Անկախ Հայաստանի Երազին Համար

Իսկ ուրիշ լրաթերթ մը «Սոն Հաւատիս», իր «Պատմութեան մէջ` այսօր» սիւնակին տակ կը գրէ.

Հայերը օտար տէրութիւններու պաշտպանութեան ապաւինելով` վտանգաւոր արկածախնդրութեանց մէջ նետուեցան: Անկախ Հայաստանի մը տիրանալու համար պայքար մղեցին, մինչդեռ իրենց ունեցածն ալ կորսնցուցին: Միլլի պատերազմի օրերուն մեր վրայ յարձակեցան` ռուսերէն քաջալերանք գտնելով: Հարկ եղաւ մեր 15-րդ զօրաբաժինը կեդրոնացնել արեւելեան սահմանին վրայ: 24 սեպտեմբեր 1920-ին հայերը յարձակումի անցան` նպատակ ունենալով գրաւել Էրզրումը: Պարտէզի ճակատէն սկսան այդ յարձակումները: Այդ օրերուն հայերը Սարըղամիշի մէջ եւ Մատերնիքի շրջակայքը երեք զօրագունդ ունէին, ուրիշ գունդ մըն ալ` Երեւանի եւ Իգտիրի մէջ: Ուրիշ ուժեր ալ ունէին Կազզուանի եւ Կարսի մէջ:

«Մեր արեւելեան բանակը անակնկալ հակայարձակումի մը անցաւ 28 սեպտեմբեր 1920-ին, եւ յաջորդ օր Սարըղամիշ հայերէն ետ առնուեցաւ: Այս կերպով հաստատուեցաւ, թէ ո՛վ որ օտարին ուժին կ՛ապաւինի, չի կրնար անկախ պետութիւն կազմել, ցնորքի մը զոհ կ՛ըլլայ: Եթէ այդպէս չըլլար, յոյներն ալ կրնային իրագործել իրենց Մեկալօ իտէան: Հայերն ալ շատ բան կորսնցուցին` ցնորքի մը ետեւէն վազելով:

 

Ակնարկ

Նախապայման

Կը վերադառնանք մեր նիւթին: Լիբանանի մէջ տիրող առողջապահական պայմաններուն:

Պատկան իշխանութիւններուն կողմէ քոլերայի համաճարակին դէմ ձեռք առնուած նախազգուշական միջոցները, պարտադիր պատուաստի որոշումով, կրնան արդիւնաւորուիլ այն պարագային միայն, երբ առողջապահութեան տարրական կանոնները կը յարգուին թէ՛ հանրային սպասարկութիւններուն եւ թէ՛ բնակչութեան կողմէ:

Մինչեւ հիմա որոշ թերացումներ կրնային հանդուրժելի ըլլալ: Օրինակ` կարելի էր ներողամիտ աչքով դիտել քաղաքապետական իշխանութիւններուն անտարբերութիւնը Պէյրութի փողոցներուն աղտոտութեան հանդէպ: Մանաւանդ` քաղաքամէջի, ուրկէ բնակչութիւնը կը ստանայ իր ամբողջ սնունդը:

Քաղաքապետութիւնը ունի յատուկ ոստիկաններ, որոնց պարտականութիւնն է հսկել առողջապահական կանոններուն գործադրութեան: Բայց անոնք իրենց ներկայութեամբ կը փայլին մաքուր թաղերու մէջ, իսկ բացակայութեամբ` աղտոտ: Խիստ են մաքրասէր քաղաքացիներու դոյզն թերացումին համար, բայց չեն համարձակիր որեւէ դիտողութիւն ընել յարատեւօրէն մեղանչողներու դէմ, որոնք կա՛մ շուկայի մը «զայիմն» են եւ կա՛մ անոր պաշտպանեալը:

Հապա՞ թիթեղածածկ խրճիթները, որոնց քանդումը տարիներէ ի վեր սեղանի վրայ է` զուգահեռաբար ժողովրդային բնակարաններու շինութեան ծրագրին, որ թուղթի վրայ կը մնայ:

Երանի՜ թէ քոլերայի համաճարակը, որուն դէմ միջոցներ ձեռք կ՛առնուին, արթնութեան ահազանգ հնչեցնէ պատասխանատուներուն համար` Լիբանանի միջազգային համբաւին արժանի քաղաքի մը վերածելով անոր մայրաքաղաքը:

                                                                                                                                                X

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Ազերիական Լայնածաւալ Յարձակումներ Արցախեան Ճակատներուն Վրայ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?