Նոթեր Ու Նետեր
Ամերիկացի Մը Եւ Ամերիկահայ Մը
Փարիզի Մէջ
Գին Ու Արժէք
Ամերիկացիք լաւ բաներ շատ ունին: Նոյնքան շատ ունին նաեւ այլանդակութիւններ:
Մեր պատմելիքը այդ վերջիններէն մէկն է:
Միլիառատէր ամերիկացի մը կը ժամանէ Փարիզ եւ քանի մը օր ետք կ՛այցելէ Էյֆելի աշտարակը: Մինչեւ գագաթը քննութիւն մը կը կատարէ: Ապա կ՛որոշէ գնել աշտարակը եւ ինք իր գիտցած ձեւով շահագործել:
Հետեւեալ օր ալ կ՛այցելէ Լուվրի թանգարանը:
Տեսնելով նկարները, արձանները, կահերը ու զարդեղէնները, ինչպէս նաեւ` նաւերը, նախ կը հաւնի, ապա կը հիանայ ու վերջապէս կը հմայուի, կը յափշտակուի, կը գրաւուի, կը դիւթուի եւ կ՛որոշէ մէկ երկու կտոր… գնել:
Կը մօտենայ պահապաններէն մէկուն եւ իր մլաւող ֆրանսերէնով կը յայտնէ, որ կը փափաքի տեսնուիլ տնօրէնին հետ:
Պաշտօնեան կը հետաքրքրուի, թէ հարցը ինչումն է, թէ ինչ պատճառով կ՛ուզէ տեսակցիլ տնօրէնին հետ:
Միլիառատէրը գոռոզաբար կը յայտարարէ.
– Մտադրած եմ կարեւոր մէկ-երկու գնում ընել: Կ՛ուզեմ գիտնալ գիները: Օրինակի համար` քանիի՞ կը ծախէք Լէոնար տա Վինչիի «Ժաքոնտ»-ը, եւ Միլոյի «Վենիւս»-ը…
Պահապանը ժպտելով կը պատասխանէ.
– Ժաքոնտին ու Վենիւսին կենդանի օրինակները կրնաք գտնել Մոնմարթրի գիշերային զբօսարաններուն մէջ: Եւ` շատ մատչելի գիներով: Իսկ այստեղ Ազգային թանգարան է եւ ծախու ապրանք չկայ:
Ամերիկացին կը յամառի.
– Եւ սակայն ես լաւ վճարող եմ: Օրինակի համար` ի՞նչ է գինը Միլոյի «Վենիւս»-ի…
– Թանկագին է, բարձրարժէք է, անգին է:
– Ատիկա պատասխանը չէ հարցուցածիս: Գինը ըսէ՛ք: Ամէն բան գին մը ունի:
– Սակայն կան բաներ ալ, Հին Աշխարհի մէջ, որոնք գին չունին:
– Մասնագէտ մը կրնայ որոշել գինը:
– Չի կրնար: Եթէ նոյնիսկ կարենայ, անօգուտ է, քանի որ ծախու չէ:
Ամերիկացին դժգոհ` կ՛աւելցնէ.
– Յայտնի է, որ պիզնեսմեն չէք: Աշխարհի վրայ ծախու չեղող բաներ ալ կան եղեր: Դուք խենթեր էք, խենթե՜ր…
Պաշտօնեան կը պատասխանէ.
– Երկու տեսակ խենթեր կան. գլխագիր խենթերը ու հասարակ խենթերը: Բարեբախտաբար մենք գլխագիր խենթեր ենք: Հիմակ կարօտ չենք դրամի: Բայց եթէ, Տէրը
մի՛ արասցէ, օր մը աւուր հացի կարօտ ալ ըլլանք, ոչինչ կը ծախենք մեր թանգարանէն, եթէ նոյնիսկ ձեզի պէս տասը հատ մեծահարուստներ տան իրենց ամբողջ ունեցածը:
– Խենթեր էք, մինչեւ անգամ խենթուկներ:
– Դուք ամէն բանի գինը գիտնալ կ՛ուզէք, սակայն ոչ մէկ բանի արժէքը չէք ուզեր գիտնալ: Ձեզի համար ամէն բան ծախու ապրանք է: Հայ բարեկամ մը ունիմ, որ ձեր հայրենակցներուն դէմ արդարօրէն դառնացած է: Դուք ոճրագործ թուրքերուն մեծագումար տոլարներ տուիք տեղը ապերախտութիւն գանձելու համար: Հայ բարեկամս, որ քաղաքագէտ մը չէ, տարիներ առաջ գուշակած էր, որ պիտի գանձէք ապերախտութիւն: Իսկ դուք չկրցաք նախատեսել: Դուք մէկ ապրանքի պէտք ունիք, եթէ կարենաք գտնել ու գնել. խելքն է ան: Ձեզի համար աշխարհը շուկայ մըն , եւ շուկան է ձեր միակ աշխարհը: Ձեզի վերջին խօսք մը կամ խրատ մը. ձեր պետական կազմին մէջ ունեցէք հայ մը:
Ամերիկացին կը մեկնի` մլաւելով ու մռլտալով:
Կարգին Մարդը Կառք Կ՛ունենայ
Սենեակի մը մէջ, երբ ամուսնութեան խօսք կ՛ըլլար, օրիորդ մը ըսաւ.
– Թեկնածուներ կը դեգերին յաճախ շուրջս, հաւաքոյթներու ընթացքին: Սակայն դժուար է ընտրութիւն մը կատարել: Բոլոր թեկնածուները հաւասարապէս ժպտուն են ու քաղաքավար: Ես նկարագիր, բնաւորութիւն, խառնուածք ճանչնալ կ՛ուզեմ… Ի՞նչպէս ընեմ… Շուարած եմ…
Ներկայ ամերիկահայ մը պատասանեց.
– Այդ դժուար գործը դիւրացնող կարճ գրութիւն մը կարդացի մեր ամերիկեան թերթերէն մէկուն մէջ: Այդ մասը կտրեցի ու պահեցի: Քովս է, կարդամ` մտիկ ըրէք եւ տուած խելացի խորհուրդը գործադրեցէք: «Ինքնաշարժ վարողներու ամերիկեան ակումբը հետեւեալ խորհուրդը կու տայ նշանուելիք աղջիկներուն. նշանուելէ առաջ ձեր ձեռքը խնդրող երիտասարդին առաջարկեցէք, որ իր կառքով ձեզ պտոյտի տանի քաղաքին ամէնէն խճողեալ թաղամասերը: Միայն այդ կերպով պիտի կրնաք լաւապէս ճանչնալ զինք: Եթէ արագ կը քշէ, եթէ անհամբեր է, եթէ կը բարկանայ, ուրեմն ջղային է: Եթէ իր պաղարիւնութիւնը պահող է, ուրեմն մեղմ բնաւորութիւն ունի: Երբ կառքը կեցուցած ատեն շատ տեղ կը գրաւէ եւ արգելք կ՛ըլլայ, որ ուրիշ ինքնաշարժ մըն ալ տեղաւորուի, ուրեմն եսասէր է:
Օրիորդը պահ մը մտածելէ ետք առարկեց.
– Հապա՞ եթէ թեկնածուն ինքնաշարժ չունի…
Յայնժամ մեր ամերիկահայ հայրենակիցը պոռթկաց ու պոռաց.
– Բայց, աղջի՛կս, դուն խենթեցա՞ծ ես, որ կառք մը անգամ չունեցող անկարգ ու խեղճ տղու մը հետ ամուսնանաս: Կառք չունեցողը կարգին մարդ չէ: Հիմա կառք չունենալը կօշիկ չունենալու պէս բան մըն է: Մեր Ամերիկայի մէջ այդպէս է: Բոպիկ երիտասարդի մը հե՞տ պիտի կարգուիս… Մեղա՜յ, Աստուծոյ…
Ներկաներէն մէկն ալ առարկեց.
– Հապա՞ եթէ թեկնածու պարոնը կառք չունի, սակայն ինքն ալ կարդացած ըլլալով` կառք վարողներու ամերիկեան ակումբին ազդարարութիւնը, ուղղուած ամուսնանալիք աղջիկներուն, զսպէ իր ջղայնութիւնները, եսամոլութիւնները եւ այնպէս հաւատացնէ, որ անուշիկ, շատ քաղցրիկ բնաւորութիւն ունի…
Ամերիկահայը պահ մը պապանձեցաւ, ապա ըսաւ.
– Ես լսած էի, որ Հին Աշխարհը ուրուականներով լեցուն է: Հիմա համոզուիլ սկսայ, որ ուրուականներէ աւելի` սատանաներով լեցուն է:
– Աշխարհը սատանաներու տիրապետութեան տակ է: Սատանաները կայսերապաշտ են ու աշխարհակալ: Ամէնէն աւելի կը գործեն զօրաւորներուն մօտ: Համախմբուած են մասնաւորապէս Խորհրդային Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներուն մէջ: Դիւանագիտութիւնը սատանագիտութեան աւագ ճիւղն է: Սատանագիտութիւնն ալ աջ ճիւղն է սխալագործութեան ու ձախ ճիւղը` ստաբանութեան:
Տիրեց լռութիւն, որ խզուեցաւ ամերիկահայուն կողմէ.
– Ուրեմն կեանքը անել մըն է…
– Միակ ելքը լուսին երթալն է: Ահա թէ ինչո՛ւ ամերիկացիները եւ խորհրդայինները կ՛աշխատին այդ ուղղութեամբ: Անոնցմէ խնդրելու է որ թուրքերն ալ իրենց հետ տանին: