Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (9 Սեպտեմբեր 1966)

Սեպտեմբեր 9, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայերէնը Միջազգային Լեզու
Միջին Դարուն

ԺԳ. եւ ԺԴ. դարերը, երբ մոնկոլները Եւրոպայի մեծ մասին տէրն էին, հարուստ եղած են հռչակաւոր ճանապարհորդներով, ինչպէս` Մարքօ Փոլօ, Ռուպրուքի, Փիան տը Քարփինի եւ Փոռտենոնեցի Օտոռիքօ կամ Օտեռիքօ:

Հնդկաստանի արեւմտեան ծայրագոյն հարաւը` պղպեղի երկիրը, իսլամներէ բնակուած չըլլալուն, Օտոռիքօ կ՛երթայ այնտեղ, քանի որ նեստորական քրիստոնեաներ կային:

Սէյլան, ապա Մալեզեան կղզիները, Սումաթրա, Ճաւա եւ Պոռնէօ  հանդիպելէ ետք ոտք կը դնէ Աննամ ու նաւով կ՛անցնի Մանզիի (հարաւային Չինաստան) Սինքալան, այսինքն` Քանթոն քաղաքը, ուրկէ Զէյթոն, որուն առեւտրական կարեւորութիւնը հաստատած են Մարքօ Փոլօ եւ արաբ նաւորդները, եւ որուն հռչակաւոր սնդուսին մասին գրած է արաբ մեծագոյն ճանապարհորդը` Իպն Պաթութա (1304-1377):

Այդ միջոցներուն մոնկոլ աշխարհակալները թոյլատու, նոյնիսկ բարեկամ էին քրիստոնէութեան, մանաւանդ` նեստորականութեան, որով մեծ հաւանականութիւն կար զանոնք Յիսուսի կրօնին դարձնելու: Ատկէ յաճախակի առաքելութիւնները Կեդրոնական Ասիա, մինչեւ Չինաստան:

Օտոռիքոն ալ մեկնած էր այդ մեծ յոյսով: Զէյթոն, շնորհիւ մոնկոլ զինուորներու ներկայութեան, որոնց մէկ մասը նեստորական թուրքեր էին, նաեւ` հայ եւ իտալացի վաճառականներու, քրիստոնէական եւ կաթոլիկ կարեւոր կեդրոն մը դարձած էր այդ միջոցներուն, եւ հոն է, որ զարմանալի երեւոյթի մը կը հանդիպինք:

Բարեպաշտ Թանգար` հայուհի մը, շքեղ եկեղեցի մը կառուցել կու տայ, որուն շնորհիւ Փեքինի արքեպիսկոպոսը` բազմարդիւն Ճիովաննի տի Մոնթէ Քորվինօ (1247-1328) Ցիուան Չէուի մէջ իրեն կապուած եպիսկոպոսութիւն մը կը հաստատէ:

Զէյթոնէն փեռուճիացի Անդրէաս Փրանկիսկեան գրած է հետեւեալ նամակը 1326 յունուարին:

«Ովկիանոսի ափերուն վրայ մեծ քաղաք մը կայ, որ կը կոչուի Զէյթոն, ուր հարուստ հայ կին մը զմայլելի եկեղեցի մը շինել տուած է: Ըստ իր դիտաւորութեան, Խանպալիխի (Փեքին) արքեպիսկոպոսը մայր եկեղեցի յայտարարեց ատիկա եւ ցկեանս Ժեռաս եպիսկոպոսին յատկացուց` իր եկամուտներովն ու կալուածներով միասին»:

Օտոռիքոյի օրագիրը կը տեղեկագրէ նաեւ հետեւեալը.

Օտոռիքօ իր նաւով Հնդկաստանի հարաւը` Մայապարի ծովեզրին վրայ գտնուող Քոլումպում քաղաքը կ՛երթայ:

Քոլումպումի մէջ այնպիսի փոթորիկ մը ծայր կու տայ, որ նաւապետը եւ նաւորդները կը կարծեն, թէ մահը անխուսափելի պիտի ըլլայ:

Օտոռիքոյի աղօթքով ծովը կը խաղաղի եւ ապահով նաւահանգիստ կը հասնին:

Օտոռիքոյի օրագրին լատիներէն մէկ տարբերակէն յայտնի կ՛ըլլայ, որ ան հայերէն ալ գիտէր:

Այդ ձեռագրին մէջ, հոն, ուր փոթորիկը կը նկարագրուի, գրուած է. «Նաւուն պետը, որպէսզի միւսները չհասկնան, մեզի հայերէն ըսաւ. «Եթէ հով չունենանք, ձեր ոսկորները ծովը կը նետենք»:

Հ. Մանթոտ, որ 1932-ին սքանչելի գիրք մը հրատարակած է Օտոռիքոյի մասին, ատկէ կը հետեւցնէ, թէ անիկա (ինչպէս Մարքօ Փոլօ) Ասիոյ մէջ, գործածած ըլլալու է այդ ատենուան երկու առեւտրական լեզուները, այսինքն պարսկերէն եւ հայերէն:

Անուանի պատմաբան Ռընէ Կրուսէ համաձայն է Մանթոտի, քանի որ այս խորհրդածութիւնը իրաւացի կը նկատէ:

Ուրեմն, գէթ միջին դարու այդ միջոցին միջազգային երկու լեզուներէն մէկն էր հայերէնը, ինչ որ մեր առեւտրականներուն հզօր ազդեցութեան եւ համատարած գործունէութեան անառարկելի ապացոյցն է, բան մը, որ մեզմէ շատեր կ՛անգիտանան անշուշտ, ինչ որ անգամ մը եւս կը շեշտէ մեծ արեւելագէտ Ստրչիքովսքիի խօսքին խորունկ ճշմարտութիւնը. «Հայե՛ր, դուք չէք գիտեր, թէ ինչե՜ր ունիք»:

ՄԱԿ-ի մէջ հոլանտացի բարձր պաշտօնեայ մը յայտնած է, թէ հոլանտական հին գիրքի մը մէջ, որուն անունը չի յիշեր, կարդացած է, թէ հեղինակը ԺԶ. դարու վերջերը կամ Ժէ. դարու սկիզբները իր վաճառականական ուսումը կատարելագործելու համար Հոլանտայէն Վենետիկ ղրկուած է, մասնաւորաբար` դրամատան գործառնութիւններ եւ տոմարակալութիւն սորվելու համար, եւ կ՛աւելցնէ, թէ այն ատեն պարտաւորիչ էր դպրոցին մէջ հայերէն ալ ուսանիլ` իբրեւ առեւտրական միջազգային լեզու:

Վերոյիշեալ տեղեկութիւնները ընդունելով իբրեւ ապացոյց` իրաւամբ կրնանք ըսել, որ հայերէնը, գէթ քանի մը դար, եղած է միջազգային լեզու:

Գ. Մ. ԽԱՆԱՄԻՐԵԱՆ

 

Հայ Կեանք

«Համազասպ» Կոմիտէին
Դաշտահանդէսը

Փաթերսընի (Մ. Նահանգներ) «Համազասպ» կոմիտէին կազմակերպած դաշտահանդէսը տեղի ունեցած է քաղաքի արեւմտեան կողմը գտնուող ծառազարդ տեսարաններով Ուիսըլ Տրիֆթ պուրակին մէջ:

Ներկայ գտնուած է հայրենասէր հոծ հասարակութիւն մը:

Բացման խօսքը ըրած է Օննիկ Նագգաշեան:

Տաճատ Թերլեմեզեան բանախօսելէ ետք ՀՅԴ ազգային նպատակներու մասին, զարդակոճակներ բաշխած է վեթերան ընկերներու:

Գործադրուած է գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը: Խմբերգուած են հայրենասիրական երգեր:

Դաշտահանդէսը խանդավառ մթնոլորտի մէջ տեւած է մինչեւ ուշ գիշեր:

Խանասորայ Արշաւանքին
Տարեդարձը Քլիվլենտի Մէջ

Հ. Ե. Դաշնակցութենէն երեք ընկերներ կատարած են իրենց ուխտը եւ միացած` Քլիվլենտի կոմիտէին:

Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Քլիվլենտի (Մ. Նահանգներ) կոմիտէին, մեծ խանդավառութեամբ տօնակատարուած է Խանասորայ արշաւանքին 69-րդ տարեդարձը:

Ճաշկերոյթէն ետք հանդէսին պաշտօնական բացումը կատարուած է ներկաներու կողմէ «Կարկուտ տեղաց»-ի յոտնկայս խմբերգումով:

Բացման խօսքը ըրած է Գէորգ Թոփալեան:

Բանախօսած է Վիգէն Պապայեան:

Գործադրուած է գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը:

Տեղւոյն վրայ, տպաւորիչ մթնոլորտի մը մէջ, ՀԵ Դաշնակցութենէն երեք ընկերներ կատարած են իրենց ուխտը եւ միացած` Քլիվլենտի կոմիտէին:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ամառնային
Դպրոցի Չորրորդ Տարեշրջանը

Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան Իսա Ֆալմուտի (Մ. Նահանգներ) Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ամառնային դպրոցը յաջողութեամբ բոլորած է իր չորրորդ տարեշրջանը:

Վերջին երկու տարուան ընթացքին դպրոցը արձանագրած է մեծ յաջողութիւն:

Այս ամառ, 80 երկսեռ փոքրիկներ ութ շաբաթ ապրած են հայաշունչ մթնոլորտի մը մէջ:

Օգոստոս 21-ին տեղի ունեցած է փակման հանդէսը, որուն ընթացքին փոքրիկներուն կողմէ տեղի ունեցած են հայերէն արտասանութիւններ, տրամախօսութիւն եւ հայկական պարեր:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Նամակ Երկրէն. Սա Է Մեր Հայրենիքը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?