Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (5 Սեպտեմբեր 1966)

Սեպտեմբեր 5, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ո՞ւր Կը Տանի Վիեթնամի Պատերազմը

Քաղաքական մեկնաբաններու գրչին տակ այլեւս յանկերգի մը պէս կու գայ Վիեթնամի պատերազմը: Խուսափում չկայ: Ասիական հարաւ-արեւելքի ապագային համար մղուող պատերազմը, որ հետզհետէ աւելի մեծ թիւով զոհ կը խլէ հակամարտ կողմերէն, վերածուած է հանգոյցի մը, զոր քակելու զուր փորձեր կ՛ըլլան քիչ մը ամէն տեղ:

Վերջին փորձը կատարելու վրայ է Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահը, որ Քամպոտիոյ մէջ խօսած իր ճառով Միացեալ Նահանգներէն պահանջեց իրենց ուժերը քաշել Վիեթնամէն եւ բանակցութեան ընդունելի հիմք մը տալ կողմերուն:

Ուաշինկթըն, սակայն, երբեք տրամադրութիւն չունի հետեւելու տը Կոլի խորհուրդին, որքան ալ դարաւոր բարեկամութեան մը անունով կատարուած ըլլայ այդ առաջարկը: Ամերիկացի վարիչներուն համար խնդիրը այնքան ալ պարզ չէ. Վիեթնամի պատերազմի չի մղուիր միայն Վիեթնամի համար: Բազմաթիւ հարցեր կապուած են այդ պատերազմին, որ թէեւ այսօր տեղական, բայց շուտով կրնայ աւելի ծաւալուն բնոյթ ստանալ եւ հրդեհել ամբողջ Ասիան ու նաեւ` աշխարհը:

Խնդրին կեդրոնը Փեքինն է: Ու ինչպէս այնքան յստակօրէին կ՛ըսէր վերջերս ամերիկացի մեծ գրագէտ Ճոն Սթայնպեք, այս պատերազմը իր ներշնչումը կը ստանայ համայնավար Չինաստանի նախագահ Մաօ Ցէ Թունկէն, յղացուած անոր կողմէ եւ կը ղեկավարուի անոր ցուցմունքներով: Հետեւաբար վիեթնամեան պատերազմը արտայայտութիւններէն մէկն է չինեւամերիկեան հակամարտութեան, որ եթէ ներկայիս կը դրսեւորուի երրորդ հողի վրայ, վաղը կրնայ փոխադրուիլ Չինաստան եւ ստեղծել ահաւոր վտանգ մը` ամբողջ աշխարհին համար:

Ներկայ պայմաններուն մէջ պէտք չէ մոռնալ նաեւ խորհրդային ազդակը: Եթէ չինեւխորհրդային յարաբերութիւնները չըլլային այնպէս, ինչպէս որ են այսօր, անշուշտ Վիեթնամի պատերազմը տարբեր ընթացք պիտի ունենար: Նոյն հաստատումը կարելի է ընել այն պարագային համար, եթէ պատահած չըլլար 1962-ի ռուսեւամերիկեան ծանր տագնապը, Քուպայի առիթով: Քարայիպեան ծովուն մէջ Ուաշինկթըն յստակօրէն ճշդեց իր համբերութեան սահմանները, ու աշխարհ նոյնքան յստակօրէն տեսաւ, թէ ո՛ւր կանգ կ՛առնեն խորհրդային սպառնալիքները, երբ կը բախին ամերիկեան վճռակամութեան:

Միջազգային կացութիւնը աւելի պիտի բարդանայ յառաջիկայ նոյեմբերին, երբ Միացեալ ազգերու ընդհանուր քարտուղարը, հաստատ մնալով իր որոշման վրայ` հրաժարի իր պատասխանատու պաշտօնէն: Ու Թանի որոշումը կապուած է Վիեթնամի հարցին մէջ Միացեալ ազգերու ցուցաբերած անկարողութեան: Ու Թան վերջին փորձ մը ըրաւ ամիս մը առաջ` այցելելով Մոսկուա, ուր լուրջ խօսակցութիւններ ունեցաւ խորհրդային վարիչներուն հետ: Մոսկուայէն վերադարձին` Ու Թան յոռետես յայտարարութիւններ ունեցաւ խաղաղութեան ապագային նկատմամբ` հասկցնելով, որ պիտի հրաժարի իր պաշտօնէն: Հիմա որ հրաժարման ծանուցումը կատարուած է պաշտօնապէս, ամէն ջանք կը թափուի ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը տարհամոզելու համար: Բայց այդ ուղղութեամբ ամէն յոյս կորսուած է:

Հետզհետէ կը մեծնայ թիւը այն մարդոց, որոնք դէպքերու ներկայ ընթացքէն դատելով` անխուսափելի կը նկատեն չինեւամերիկեան բախում մը: Հարաւային Խաղաղականի մէջ ամերիկեան ուժերու ներկայ դասաւորումը կասկած չի տար այն մասին, որ անոնք հոն եկած են ոչ թէ Վիեթնամի պատերազմին համար, որուն գործողութեան դաշտը դիտումնաւոր կերպով սահմանափակ կը պահուի, այլ` աւելի կարեւոր նպատակներու, որոնցմէ գլխաւորը համայնավար Չինաստանը նոր արկածախնդրութիւններու մէջ չտեսնուելու ցանկութիւնն է:

Այս պայմաններուն մէջ, որքան ալ արկածախնդիր ըլլան Փեքինի առաջնորդները, երկար պիտի մտածեն իրենց երկիրը հուրի եւ սուրի մատնելէ առաջ: Որովհետեւ ներկայիս Չինաստանի մէջ պարզուող ծիծաղելի եւ տղայական երեւոյթները արտաքին երեսն են միայն հարցի մը, որ սերտ կապ ունի միջազգային կացութեան հետ:

Փեքինի վարիչները անել կացութեան մը մատնած են իրենք զիրենք եւ ելքի ճամբայ կը փնտռեն անխուսափելի մեկուսացումէ մը փրկուելու համար:

Չին ամբոխներուն գալարումները կը հանդիսանան հետեւանքը այն անճրկումին, որուն բոլոր նշանները ցոյց կու տայ ղեկավար դասը, սկսած` Մաօ Ցէ Թունկէն:

Տ. ՈՍԿՈՒՆԻ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Զաւեշտ. Միացեալ Նահանգներու Ընտրարշաւ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?