Խմբագրական
Նախագահ Հելուի
Վարչակարգը
Երկու տարի առաջ, այսօր նախագահ Հելու կը ստանձնէր Լիբանանի նախագահութեան բարձր պաշտօնը` իր անունին շուրջ միաձայնութիւն գոյացնելով ո՛չ միայն երեսփոխանական ժողովին, այլ նաեւ ժողովրդային զանգուածներու մէջ:
Այսօր, այս բարեբաստիկ ընտրութեան երկրորդ տարեդարձին առթիւ, Լիբանան – պետութիւն եւ ժողովուրդ – ընդհանուր խանդավառութեան մթնոլորտի մը մէջ կ՛ողջունէ իր նախագահը, որ իր երկամեայ պաշտօնավարութիւնը կրցաւ արդիւնաւորել կենսական գործերով:
Ներքին ճակատին վրայ նախագահ Հելուի առաջնահերթ նպատակը եղաւ շարունակել իր նախորդին գործը` վարչական բարեկարգութեան եւ ազգային զարգացման ծրագիրներուն առնչութեամբ: Այս զոյգ ծրագիրներուն աստիճանական իրագործումը տակաւին իր ընթացքին մէջ է: Հետեւաբար կարելի չէ վերջնական դատում մը կատարել: Մինչեւ հիմա եղածը, սակայն, արժանի է ջերմ գնահատանքի եւ լաւատեսութեան կը մղէ ոեւէ անկողմնակալ դիտող:
Արտաքին ճակատի վրայ նախագահ Հելուի վարչակարգին առաջին մտահոգութիւնը եղաւ սերտացնել կապերը արաբական եղբայր երկիրներուն հետ, հեռու մնալ ընտանեկան վէճերէն ու նաեւ ընդարձակել Լիբանանի բարեկամութեան շրջանակը օտար բոլոր երկիրներուն հետ:
Բայց հիմնականը կը մնայ ներքին ճակատը, որ ամէնօրեայ ճիգի եւ յարատեւութեան կը կարօտի նախագահական ծրագիրներուն յաջողութեան համար: Այս մարզին մէջ նախագահը, որքան ալ մեծ ըլլայ իր բարեացակամութիւնը, առանձին չի կրնար արդիւնաւորել գործ մը, որուն համար բոլորին գործակցութիւնը նախապայման է:
Այս գործակցութենէն մեկնելով, միւս բոլոր դժուարութիւնները կրնան հարթուիլ նուազագոյն ժամանակի ընթացքին` իրագործման ճամբուն մէջ դնելով այն հնգամեայ ծրագիրը, որ իսկական բարգաւաճումի, յառաջդիմութեան եւ զարգացման լայն հորիզոն մը պիտի բանայ Լիբանանի ժողովուրդին առջեւ:
Նախագահական պաշտօնավարութեան երրորդ տարուան սեմին ժողովրդային զանգուածներու ուրախութեան արտայայտութիւններուն ընդմէջէն այս մաղթանքն է, որ կը լսուի ամէնուրեք:
Այս մաղթանքին կը միացնենք նաեւ մեր ձայնը` իբրեւ նոյնիրաւ քաղաքացիները երկրի մը, որ իր ներքին ներդաշնակութեամբ իբրեւ տիպար կը յիշուի այսօր:
Ակնարկ
Ներքին Վտանգը
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան կողմէ պատրաստուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն, քոլերայի համաճարակը արեւելքէն կու գայ արեւմուտք` տարին 800 մղոն արագութեամբ:
Այլ խօսքով, այս ահաւոր չարիքը, որ ներկայիս զոհեր կը խլէ Իրաքի մէջ, յառաջիկայ տարի պիտի բախէ Լիբանանի դուռերը:
Ահազանգ հնչեցնելու կամ սարսափ տարածելու միտք չունինք: Հանրային առողջապահութեան պատասխանատու իշխանութիւնները կրնան անհրաժեշտ միջոցները ձեռք առնել` չարիքը խափանելու համար:
Այս առթիւ, սակայն, պատասխանատուներուն ուշադրութիւնը կ՛ուզենք հրաւիրել հարցի մը վրայ, որ կրնայ չէզոքացնել քոլերայի դէմ բացուելիք պայքարը` անօգուտ դարձնելով ամէն ճիգ:
Հաստատուած ճշմարտութիւն է այլեւս, որ Լիբանանի մայրաքաղաքը աղտոտութեան տեսակէտէն կը կոտրէ բոլոր մրցանիշները: Վերջին տասնամեակին հանրային իշխանութիւնները սքանչելի իրագործումներ ունեցան: Լիբանան կրնայ պարծենալ իր միջազգային օդակայանով եւ մարզական աւանով, բայց նոյն ատեն ստիպուած է ամչնալ իր Սուք Նուրիէով եւ թիթեղածածկ խրճիթներով, որոնք աղտոտութեան բոյն դարձած են, առաջինը` Պէյրութի ճիշդ սիրտին վրայ, միւսները` անմիջական շրջակայքը:
Ժամանակը եկած է, կը կարծենք, հանրօգուտ ծրագիրներու առաջին գիծին վրայ դնելու այս զոյգ կեդրոններուն անմիջական քանդումը, թէ՛ առողջապահական եւ թէ՛ բարոյական նկատումներով:
Այլապէս, պատճառ մը պիտի չունենանք վախնալու ԴՈՒՐՍԷՆ գալիք քոլերայէն…