Հայ Կեանք
Համաստեղի Յոբելեանը
Ուաշինկթընի Մէջ
Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթընի հայ համայնքը, հոկտեմբեր 16-ին, «Սմիթսոնիըն» թանգարանի բնապատմական շքեղ սրահին մէջ, պատշաճ հանդիսութեամբ պիտի տօնէ Համաստեղի յոբելեանը:
Ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ յոբելեարը` Համաստեղ:
Ուաշինկթընի յոբելենական յանձնախումբը իր կարելին պիտի ընէ յարգալիր, ջերմ ու պատուաբեր մթնոլորտի մը մէջ, հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ, արժանավայել շուքով մեծարելու համար բազմավաստակ յոբելեարը:
Դաշտահանդէս` Թորոնթոյի Մէջ
Օգոստոս 7-ի կիրակին, Թորոնթոյի (Քանատա) «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցած է Խանասորայ արշաւանքին 69-րդ տարեդարձին նուիրուած դաշտահանդէս մը, «Հայլընտ քրիք փարք»-ի կանաչազարդ դաշտավայրին մէջ:
Իրենց մասնակցութիւնը բերած են նաեւ ՀՕՄ-ի եւ ՀԵԴ-ի մասնաճիւղերը:
Ներկայ եղած է ազատատենչ հոծ բազմութիւն մը:
Բացման խօսքը ըրած է Անդրանիկ Արթինեան: Բանախօսած է Յակոբ Մուրատեան:
Գործադրուած է գեղարուեստական յայտագիր: Յեղափոխաշունչ խմբերգներն ու հայկական շուրջպարերը ստեղծած են խանդավառ մթնոլորտ մը, որ տեւած է մինչեւ ուշ երեկոյ:
Ալան Յովհաննէսի «Պիղատոս» Օփերային
Առաջին Ներկայացումը Լոս Անճելըսի Մէջ
Լոս Անճելըսի «Փեփըրտայն» քոլեճին մէջ տեղի ունեցած է ամերիկահայ ժամանակակից հռչակաւոր երաժիշտ Ալան Յովհաննէսի «Պիղատոս» օփերային ներկայացումը` ղեկավարութեամբ հեղինակին:
Արդիական յօրինումով, խորհրդապաշտական ըմբռնումով գրուած այս օփերան առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուած է աշխարհի մէջ:
«Սուրբ Մեսրոպ» Կոմիտէ
Հայկական մշակոյթը Եւրոպային ծանօթացնելու համար Փարիզի մէջ մեծ աշխատանք կը տանի երիտասարդ մտաւորական Ժեռար Սթեֆանեսկու, որ վերջերս յաջողած է հայ մտաւորականներու մասնակցութեամբ կազմել պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի «Ս. Մեսրոպ» կոմիտէ մը:
Կոմիտէն դրուած է Մոնաքոյի հայասէր եպիսկոպոս Ռուփի հովանաւորութեան տակ: Առաջադրած է յայտագիրներու պատրաստութեամբ եւ այլ ձեւի օժանդակութեամբ քաջալերել ֆրանսական պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի հայկական հաղորդումները:
Հայ Գրականութեան
Բարեկամներու Միութեան
Տասնամեակը
Նիւ Եորքի Հայ գրականութեան բարեկամներու միութիւնը բոլորած է իր հիմնադրութեան տասնամեակը:
Այս առիթով միութեան վարչութիւնը որոշած է հոկտեմբեր 16-ին մեծ հացկերոյթ մը կազմակերպել Նիւ Եորքի «Սթեթլըտ Հիլթըն» պանդոկի շքեղ սրահին մէջ, պատշաճ յայտագրով:
Հայ գրականութեան բարեկամներու միութիւնը ամերիկահայ ամէնէն գործունեայ մշակութային միութիւնն է: Իր հիմնադրութենէն ի վեր հաւաքած է բազմահարիւր հայերէն հին ու նոր գիրքեր եւ պարբերականներ ու զանոնք ձրի ղրկած` սփիւռքի զանազան գաղութներու գրադարաններուն եւ միութիւններուն:
Հայաստան
Ջրամբար` Արագածի Լանջին
Արագածի լանջին Մանթաշի ջրամբարի կառուցման համար գործածուած է աւելի քան կէս միլիոն խորանարդ մեթր շինանիւթ` քար, աւազ, սիմենթ եւ այլն:
Նորակառոյց ջրամբարին մակերեսը 6000 հեկտար է, տարողութիւնը` 6 միլիոն խորանարդ մեթր:
Մանթաշի ջրամբարը մեծ յեղաշրջում պիտի մտցնէ Արթիկի շրջանի երկրագործութեան մէջ: Երբեմնի պապակ հողերը պիտի ստանան 6 միլիոն խորանարդ մեթր ջուր: Փարթամօրէն պիտի աճին շաքարի ճակնդեղի դաշտերը, եգիպտացորենի, հացաբոյսերու արտերը, բանջարանոցներն ու նորատունկ այգիները:
Մանթաշի ջուրերը ոռոգելի պիտի դարձնեն աւելի քան 4 հազար հեկտար տարածութիւն:
Նոր Շարժանկարներ
Գունաւոր նոր ժապաւէն մը պատրաստուած է: Կը կոչուի «Արփա-Սեւան»: Կը պատկերացնէ 48 քմ երկարութեամբ փապուղիի մը կառուցումը: Փապուղին Արփա գետին ջուրը պիտի տանի Սեւանայ լիճ, որպէսզի անոր մակարդակը չցածնայ:
Շարժանկարի հայ աշխատաւորները պատրաստած են նաեւ ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն մասին կարճամեթրաժ ուրիշ ժապաւէն մը: Ժապաւէնը կը կոչուի «Նորէն Տիգրան Պետրոսեան»:
Պատրաստութեան վրայ է ժողովրդական արուեստագէտ Աւետ Աւետեանի կեանքին նուիրուած ժապաւէն մը, ինչպէս նաեւ` «Իմ Հայաստան» եւ «Սեւանայ լիճ» ժապաւէնները:
60 Միլիոն Ռուբլի Հանրային
Առողջապահութեան
Այս տարի հանրային առողջապահութեան պիտի յատկացուի 60 միլիոն ռուբլի, այսինքն` եօթը տարի առաջուան գումարին գրեթէ կրկինը:
Հայաստանի բժշկական աշխատաւորներուն թիւը հասած է 30 հազարի: