Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (21 Սեպտեմբեր 1966)

Սեպտեմբեր 21, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Հրատապ Խնդիր Մը

(Կրթական Վերամուտին Առիթով)

Ամառնային արձակուրդը կը մօտենայ իր վախճանին:

Քսան օրէն վերաբացուած կ՛ըլլան արդէն Լիբանանի կրթական բոլոր հաստատութիւնները: Աշակերտ ու ծնողք եռուզեռի մէջ են: Աշակերտութեան համար աշխատանքի նոր շրջան մը կը բացուի: Ծնողներ նիւթական հաշիւներով կլանուած են:

Ամէն վերամուտի նոյն պատկերն է: Սակայն տարուէ տարի դժուարութիւնները կ՛աւելնան, յատկապէս` ծնողներու համար, որոնք կը ստիպուին հետզհետէ աւելի մեծ ծախքերու ենթարկուիլ` ապահովելու համար իրենց զաւակներուն դաստիարակութիւնը:

Խնդիրներ կան` ընդհանրական, բոլոր լիբանանցիներուն համար: Խնդիրներ նաեւ յատուկ` մեր կրթական հաստատութիւններուն:

Առաջին հերթին` ընդհանրական հարցերը:

Հաստատուած ճշմարտութիւն է այլեւս, որ Լիբանանի մէջ դաստիարակութեան հարցը դարձած է մղձաւանջ մը: Զուտ կրթական խնդիրներէ դուրս որոնք արմատական լուծումի կը կարօտին, ծնողներ մտահոգուած են նաեւ նիւթական հարցերով: Լիբանանեան մամուլը սկսած է ահազանգ հնչեցնել եւ պատասխանատուներուն ուշադրութիւնը հրաւիրել այն իրողութեան վրայ, որ ուսումը, մանաւանդ երկրորդականը, անմատչելի դարձած է համեստ դասակարգին: Լիբանանցի ընտանիք մը, որ երեք զաւակ ունի, ստիպուած է տարին, միջին հաշուով, 1500 լ. ոսկի վճարել իր զաւակներուն կրթութեան համար: Այս գումարը, որ կու գայ բարդուիլ բնակարանային ծախքին վրայ, կը ստեղծէ պիւտճէական այնպիսի անհաւասարակշռութիւն մը, որ ընտանիքներ կը զրկուին այլ անհրաժեշտութիւններէ:

Չենք խօսիր այլեւս համալսարանական ուսման մասին, որուն համար եթէ համեստ պայմաններ ունեցող ծնող մը չկրցաւ կրթաթոշակ ապահովել իր զաւկին, այս վերջինը ընդմիշտ զրկուած կ՛ըլլայ ընկերային կեանքի աւելի լաւ պայմաններ ստեղծելու հնարաւորութենէն:

Գիտենք, թէ բոլորին մտահոգութիւնն է, որ կ՛արտայայտենք, երբ կը ձայնակցինք լիբանանեան մեր պաշտօնակիցներուն` պատկան իշխանութիւններէն պահանջելու համար, որ լրջօրէն մտածեն այս հարցին մասին եւ տան արմատական որոշումներ կրթական մարզին մէջ: Այդպիսով, մասամբ լուծած կ՛ըլլան նաեւ ընկերային այն տագնապը, որ վտանգաւոր կերպով կը զգացուի երկրին մէջ:

Ասիկա հարցին մէկ երեսն է անշուշտ. նիւթականը:

Կան ուրիշ երեսներ եւս, նոյնքան հրատապ, որոնք դարձեալ լուծումի կը կարօտին: Անոնցմէ մէկն է միայն դպրոցներու անբաւարարութիւնը: Ու եթէ կարգ մը պարագաներու մէջ ներելի է դանդաղ շարժիլ, այս պարագային որեւէ ուշացում կ՛անդրադառնայ Լիբանանի ապագային, անոր ընկերային մակարդակին:

Ժամանակը եկած է այլեւս, որ պետութիւնը, Լիբանանի նման երկրի մը մէջ ուր ընկերայինը առաջին գիծի վրայ կու գայ, հիմնական մտահոգութեան նիւթ դարձնէ կրթական հարցը, վերջ տալու համար անիշխանութեան մը, որ անհանդուրժելի դարձած է այլեւս:

Այս մարզին մէջ, հակակշիռ մը` ուղղակի եւ խիստ, անհրաժեշտ է, մանաւանդ` ոչ պետական վարժարաններու վրայ, որոնք, ճիշդ է որ կրթական մակարդակի տեսակէտէն գնահատելի գործ կը կատարեն, բայց այնպիսի կրթաթոշակներ կը պահանջեն ծնողներէն, որ շատեր կը ստիպուին զրկել իրենց զաւակները:

Հապա՞ դասագիրքերը: Ասոնք ալ` այլ պատմութիւն, ենթակայ` հրատարակիչներու քմահաճոյքին եւ բարեացակամութեա՜ն:

Այս բոլորը կարգի դնելու համար կրթական նախարարութիւնը պէտք է մշակէ ամբողջական ծրագիր մը` զայն աստիճանաբար գործադրելու համար:

Այլապէս, տարուէ տարի հարցը աւելի կը բարդանայ եւ լուծումի առիթները կը կորսուին շատ գէշ անդրադարձներով:

 

Ազնաւուրի Չարչարանքը

aztag_1966_sept

Շարլ Ազնաւուր, որուն համար այլեւս աւելորդ է «հռչակաւոր» բառը գործածել, վերջերս երգահանդէս մը տուաւ Լոնտոնի մեծագոյն սրահին` «Ալպերթ հոլ»-ի մէջ, ուր 7000 անգլիացիներ խանդավառութեամբ ծափահարեցին հայազգի երգիչը: Սրահը, ուր իրմէ առաջ, իբրեւ ֆրանսացի, միայն Մորիս Շըւալիէ յանդգնած էր երգել, նեղ եկաւ: 500 յաւելեալ աթոռներ խճողեցին նրբանցքները: Բայց ասիկա մետալին մէկ կողմն է: Միւսը ցոյց կու տայ մեր նկարը, ուր փոքր Շարլ (ինչպէս կ՛ըսեն ֆրանսացիք` հակադրելով մեծ Շարլին` զօրավար տը Կոլի), կ՛ենթարկուի մարձումի չարչարանքին, որ յաճախակի դարձած է այն օրէն ի վեր, երբ «Ցրուիչը պատերազմի կ՛երթայ» ժապաւէնը դարձուցած միջոցին կոտրեց ողնայարի երեք ոսկորները:

Երգահանդէսի աւարտին, քսանեւութ երգէ եւ տասնհինգ անգամ կանչուելէ ետք, երբ Շարլ քրտնաթոր եւ ուժասպառ վերադարձած է իր օթեակը, ըսած է իր մարձիչին. «Ոչ ոք կը ճանչնայ քեզ, եւ սակայն այս կանչերուն կէսը քու իրաւունքդ է»:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Յունահայութիւնը Հանդիսաւորապէս Տօնակատարեց Հայաստանի Եւ Արցախի Հանրապետութեանց 25-Ամեակը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?