Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (15 Սեպտեմբեր 1966)

Սեպտեմբեր 15, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Լիբանանի Ընկերային
Տագնապը

Ընկերային պահանջներու ալիք մը ծայր տուած է Լիբանանի մէջ: Գործադուլները իրարու կը յաջորդեն: Հազիւ սենտիքա մը մասնակի գոհացում ստացած` ուրիշ մը կը ցցէ գլուխը, քիչ մը աւելի առաջ երթալով, առաւելագոյնը պահանջելով` նուազագոյնը ձեռք բերելու համար:

Կառավարութիւնը, յաճախ դատաւոր եւ իրաւարար, երբեմն սպառնալիքով, երբեմն ալ տարտամ խոստումներով կը յաջողի հարցը փակել ժամանակաւոր լուծումով մը:

Սակայն ոչ ոք կը մօտենայ հարցին, ըստ էութեան, թէեւ բոլորն ալ գիտեն, թէ ի՛նչ է հիմնական պատճառը այն խլրտումներուն, որոնց թատերավայր կը հանդիսանայ Լիբանան` ժամանակէ մը ի վեր:

Մեր երկրին մէջ կարելի չէ գտնել մարդ մը, որ կողմնակից չըլլայ ընկերային արդարութեան: Թէ՛ ունեւորը, որ ոսկիներու վրայ նստած է, եւ թէ՛ չունեւորը նոյն լեզուն կը գործածեն, երբ կը խօսուի ընկերային արդարութեան մասին: Բայց մինչ, առաջինին համար,այդ ցանկութիւնը խօսքի սահմանէն անդին չ՛անցնիր, միւսը` այն, որ հազիւ ծայրը ծայրին կը բերէ, դառնութեամբ կը նկատէ, որ բոլոր խոստումները կը մնան սահմանին միւս կողմը` անկարելի երազի մը պատկերով:

Եթէ ասոր վրայ աւելցնենք նաեւ այն արհեստական բանավէճը, որուն լծուած են ոմանք «աջ»-ի եւ «ձախ»-ի պատմութեամբ, կ՛ունենանք այն աննախանձելի վիճակը, որուն մատնուած է երկիրը` ընկերային գետնի վրայ:

Լիբանանի մէջ «աջ»-ի ու «ձախ»-ի խնդիր չկայ, որքան ալ այս հաստատումը հաճելի չթուի գաղափարական մարզանքներու սիրահարներուն: Կայ ընկերային արդարութեան խնդիր մը, որ շուտափոյթ լուծումի մը կը կարօտի: Շուտափոյթ, որովհետեւ այս երկրին կարգ մը լուսամիտ ղեկավարներուն կարծիքով, եթէ այդ խնդիրը ժամանակին չլուծուի, կրնայ անհաճոյ անակնկալներու առջեւ դնել ո՛չ միայն հանրային իշխանութիւնները, այլ` մասնաւորաբար անոնք, որոնք առաւելագոյն չափով կ՛օգտուին Լիբանանի ազատական վարչակարգէն, բայց իրենց անհաշուելի շահէն արդար բաժին մը չեն հաներ անոնց, որոնք այս երկրին բնակչութեան ութսուն տոկոսը կը կամեն:

Այս կացութեան առջեւ «աջ»-ը, «ձախ»-ը, «կեդրոն»-ը պարապ, իմաստէ զուրկ բառեր են: Պնդել` այդ բառերուն բացարձակ կամ յարաբերական իմաստին վրայ, կը նշանակէ երբեք գաղափար չունենալ այն իւրայատուկ կացութեան եւ դիրքին մասին, որ Լիբանանինն է, յատկապէս` Միջին Արեւելքի մէջ: Զանգուածները կարելի չէ սնամէջ բառերով եւ նոյնքան անիմաստ լոզունգներով խանդավառել, մանաւանդ` երկրի մը մէջ, որուն բնակչութեան գլխաւոր յատկանիշը կը կազմէ գործնականին ըմբռնումը:

Ժամանակը եկած է, որ այս կացութեան պատասխանատուները մտածեն արմատական լուծումներու մասին: Մտածեն մանաւանդ անոնք, որոնք ներկայի վայելքը գրաւական կը նկատեն ապագայի ապահովութեան: Եթէ քիչ մը աւելի շրջահայեաց ըլլան, անպայման պիտի կրնան տեսնել, թէ ո՛ւր է իրենց իսկական շահը:

Վերջերս լրագրող մը, օտար, Պէյրութը կը նմանցնէր Թանժէի: Եթէ խօսքը առեւտուրի ազատութեան մասին է, կ՛ընդունինք, բայց` մասամբ: Իսկ եթէ  կ՛ակնարկուի անիշխանութեան, շատ մը տուեալներ ունինք մերժելու:

Բայց այս մերժումը բաւական չէ: Ինչ որ մեր աչքէն կը խուսափի, կրնայ տեսած ըլլալ օտար մը, որուն լաւագոյն հերքումը տուած կ՛ըլլանք, եթէ ժամանակին եւ այս երկրին ինքնայատուկ պայմաններուն պատշաճ լուծում մը կարենանք տալ հրատապ խնդիրներուն:

Այլապէս, դժգոհութիւնները կրնան պարարտ հող ստեղծել տարրերու համար, որոնք առիթի կը սպասեն խռովելու համար այս երկրին անդորրութիւնը:

 

Աբխազիոյ Հայ Գաղութը

Աբխազիոյ Ինքնավար Հանրապետութիւնը կը մտնէ Վրաստանի Խորհրդային Հանրապետութեան կազմին մէջ: Ունի 8.700 քառ. քմ տարածութիւն եւ շուրջ կէս միլիոն բնակիչ, որուն 130 հազարը` հայեր:

Մայրաքաղաքն է Սոխում, որ ունի 2500 տարուան անցեալ: Հիմնուած է յոյներու կողմէ, ՔԱ 5-րդ  դարուն: Նախապէս կոչուած է Դիոսկուրիա, ապա` Սեւաստոպոլիս, աբխազները կ՛անուանեն Ակվա:

Վաճառաշահ քաղաք մը եղած  է Սոխում: 2000 տարի առաջ Սեւ ծովու ափին գտնուող առեւտուրի այս մեծ կեդրոնին մէջ կը հաւաքուէին բազմաթիւ երկիրներէ 300 ազգերու ներկայացուցիչներ, որոնք կը խօսէին 130 թարգմանիչներու օգնութեամբ: Այն ատեն բոլոր թարգմանիչները պարտադրաբար պէտք էր տիրապետէին յունարէնին եւ հայերէնին:

Սքանչելի բնութիւն ունի Աբխազիան: Բայց ամենազարմանահրաշը Նոր Աֆոն քաղաքն է: Աբխազական զրոյցը կ՛ըսէ, թէ Աստուած եօթը օրէն ստեղծած է Աֆոնի բնութիւնը, իսկ եօթը օրուան մէջ ալ` աշխարհի մնացեալ մասը:

Ատեն մը Աֆոնի մէջ կը նստէր աբխազներու քաջ իշխան Գիւտը: Անոր հարսանիքի հանդիսութեան ընթացքին թշնամին կը յարձակի Աֆոնի վրայ:

Աֆոնի մէջ ապրող հայերը զօրագունդ կը կազմեն եւ կը դիմագրաւեն հակառակորդին: Թշնամին կը պարտուի: Իշխան գիւտ միայն յաջորդ օր կ՛իմանայ, որ իր խաղաղ հարսանիքը պարտական է հայերուն: Կիրճը, ուր կռուած են հայերը, մինչեւ այսօր ալ կը կոչուի Հայկական:

Աբխազիոյ հայերը կ՛ապրին երկրի գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ` Գագրա, Գուդուաթա, Սոխում, Գուլրիպշ, Օչամչիր, Կալի: Հայաբնակ վայրերու թիւը կը հասնի 80-ի:

Սոխումի հայերուն թիւը կ՛անցնի 25 հազարը: Հայկական մեծ բնակավայրեր են` Լաբրան, ուր կը բնակին 1500 հայեր, Արագիչը` 2000 հայեր, հայկական Աթարան` 3000, Շահումեանովկան 3000, Բոգոպոստան` 4000, վերին Գուլրիպշը` 2000, Գուդաութան` 2000, Ծեբելդան` 4000, Պսիրցխան` 2000, Գումիստան` 2000, Մծարան` 2000, Գագրան` 7000, Բագնարին` 2000, Գանթիադին` 2500 եւ այլն:

Հայերը մեծ մասամբ կը զբաղին գիւղատնտեսութեամբ: Գագրայի 17 համայնական տնտեսութիւններու եւ պետական տնտեսութիւններու մէջ աշխատողներուն 80 տոկոսը հայեր են:

Թէյ, եգիպտացորեն, մերձարեւադարձային զանազան ցանքեր աճեցնող հմուտ վարպետներու շարքին մէջ հայերը մեծ թիւ կը կազմեն:

Աբխազիոյ հայաբնակ գիւղերուն մէջ խօսակցութեան եւ պաշտօնական գրագրութեան լեզուն հայերէնն է: Շարք մը համայնական տնտեսութիւններ ու պետական տնտեսութիւններ կը կրեն Ստեփան Շահմունեանի, Յովհաննէս Թումանեանի եւ ուրիշ հայ մեծ գործիչներուն անունները:

Գագրա քաղաքի փողոցներէն ոմանք կը կոչուին հայկական անուններով` «Սայաթ Նովա», «Բոստանջեան» եւ այլն: Քաղաքի մեծ առողջարաններէն մէկը կը կոչուի «Արմենիա»:

Աբխազիոյ հայերուն մեծ մասը Արեւմտեան Հայաստանի Համշէն գաւառէն են: Գաղթած են 80-90 տարի առաջ: Մինչեւ այսօր պահած են Համշէնի բարբառն ու սովորութիւնները: Կանոնաւոր կերպով կը ստանան Հայաստանի մէջ լոյս տեսնող գիրքերը, թերթերն ու ամսագրերը:

Հայ երեխաներուն մօտ 90 տոկոսը կը յաճախեն հայկական դպրոցներ: Ունին 105 հայկական դպրոցներ, որոնց 49-ը` տարրական, 36-ը` ութամեայ եւ 20-ը` միջնակարգ:

Սոխումի շրջանը ունի 22 դպրոց, Գագրայի շրջանը` 29, Գուլրիպշի` 30, Գուդաութայի` 16 եւ Օչամչիրի` 8:

Դպրոցներէն 71-ը ունին 100-էն նուազ աշակերտ, 21-ը` 100-էն մինչեւ 200, 12-ը` 200-էն մինչեւ 600, իսկ ամէնէն մեծ հայկական դպրոցը` Սոխումի թիւ 9 հայկական միջնակարգ դպրոցը ունի 1038 երկսեռ աշակերտ:

105 դպրոցներու աշակերտութեան ընդհանուր թիւն է 11.013:

Նոր ուսումնական տարեշրջանին պիտի աւելնան ինը դասարաններ:

Այս 105 դպրոցներէն 97-ը լրիւ հայկական են: Մնացեալ ութ դպրոցները ունին խառն դասարաններ` հայկական, վրացական եւ ռուսական:

Հայկական դպրոցներու մէջ բոլոր առարկաներուն դասաւանդումը կը կատարուի հայերէնով, նոյն այն ծրագրով, ինչ որ ունին Հայաստանի դպրոցները:

Հայկական դպրոցներու շրջանաւարտները իրենց բարձրագոյն կրթութիւնը կը ստանան Երեւանի մէջ:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Վրաստան. Ջիւանիի Օրը Նշուած Է Աննախընթաց Ու Բացառիկ Ձեռնարկներով

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?