Բաբգէն Ա. Կաթողիկոսին
Աճիւնները Անթիլիաս Փոխադրուեցան
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դիւանէն ստացանք 4 հոկտեմբեր 1966 թուակիր հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.-
Ս. Աթոռիս վեհափառ հայրապետ Խորէն Ա. կաթողիկոսին կարգադրութեամբ, երջանկայիշատակ Բաբգէն Ա. աթոռակից կաթողիկոսին աճիւնները 30 սեպտեմբեր 1966, ուրբաթ, Հալէպէն փոխադրուեցան Անթիլիաս եւ ամփոփուեցան երանաշնորհ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի յիշատակին կառուցուած յուշարձան-դամբարանին մէջ:
Հոգելոյս Բաբգէն Ա. աթոռակից կաթողիկոս վախճանած էր 9 յուլիս 1936-ին, Անթիլիասի մէջ: Տրուած ըլլալով, որ կաթողիկոսարանին այժմու հողը այն ատեն տակաւին գնուած եւ ազգապատկան կալուած եղած չէր, օրուան ծերունազարդ հայրապետը` երանաշնորհ Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոս յարմար նկատած էր, որ իր աթոռակցին մարմինը փոխադրուէր Հալէպ եւ թաղուէր Ս. Քառասնից Մանկանց պատմական մայր եկեղեցւոյ մէջ:
Անթիլիասի մէջ աւարտած ըլլալով բազմերախտ կաթողիկոս Զարեհ Ա.ի յիշատակին բարձրացուած յուշարձան-դամբարանին շինութիւնը, յուլիսի 25-ին եւ 26-ին հոն փոխադրուեցան Սահակ, Պետրոս, Գարեգին եւ Զարեհ կաթողիկոսներուն աճիւնները` Ս. Աթոռիս վեհափառ հայրապետին հսկողութեան ներքեւ:
Վեհափառ Խորէն Ա. կաթողիկոս փափաքեցաւ հոն փոխադրել նաեւ Բաբգէն Ա. աթոռակից կաթողիկոսին աճիւնները: Ուստի, Բերիոյ թեմի առաջնորդ Ղեւոնդ արքեպիսկոպոսի եւ Ազգ. իշխանութեանց հետ համախորհուրդ, լրացնելէ ետք պետական օրինական բոլոր ձեւակերպութիւնները, 29 սեպտեմբեր 1966, հինգշաբթի, աճիւնները հանուեցան եւ ամփոփուեցան մեծագին դագաղի մը մէջ եւ հոգեհանգստեան պատշաճ արարողութենէ մը ետք, ամբողջ գիշեր պահուեցան Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ աւագ բեմին վրայ:
Յաջորդ առաւօտ, մասնաւոր թափօրով, գլխաւորութեամբ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Ղեւոնդ արքեպիսկոպոսի, Կրօնական ժողովոյ ներկայացուցիչներ` Խորէն եւ Ատոմ քահանայ հայրերու եւ Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Նիկողոս Փիլաւեանի, մեռելակառքը առաջնորդուեցաւ մինչեւ Տապպուսիէի սուրիական սահմանագլուխը, ուր հասած էր արդէն Ս. Աթոռիս պատուիրակութիւնը` բաղկացած Լիբանանի հայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսէ, դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին եպիսկոպոսէ, Ներսէս ծ. վարդապետէ եւ Տաթեւ, Մեսրոպ Մաշտոց եւ Բաբգէն վարդապետներէ, որոնք յանձն առին հանգուցեալ հայրապետին աճիւնները պարունակող դագաղը եւ նոյն մեռելակառքով Անթիլիաս հասան յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին:
Կաթողիկոսարանիս մուտքին, Ս. Աթոռիս վեհափառ հայրապետը, իր շուրջն ունենալով միաբան հայրեր եւ սարկաւագներ, յուզումով խոնարհեցաւ իր մեծ ուսուցչին աճիւններուն առջեւ եւ զգեստաւորուած` յառաջացաւ դէպի լուսազարդուած մայր տաճար, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան սրտառուչ արարողութիւն մը: Ապա հոգելոյս վեհին աճիւնները ամփոփուեցան հայրապետաց յուշարձան-դամբարանին մէջ Սահակ Բ. կաթողիկոսի կողքին:
Աճիւններու փոխադրութեան այս արարողութիւնը վերջացաւ Ս. Աթոռիս սրբազնակատար հայրապետներու հոգիներուն ի հանգիստ վեհափառ Խորէն Ա. կաթողիկոսի ի խորոց սրտի արտասանած աղօթքովը:
Նոթեր Եւ Նետեր
Զրոյցներ`
Համայնավարի Մը Հետ
Հայ համայնավար ծանօթ մը ունիմ, որուն հետ ունեցայ զանազան զրոյցներ` շատ կարեւոր հարցերու շուրջ:
Այս համայնավարը տեսակ մը տեսարան ու պատրաստաբան է: Ես ալ եղայ լսաբան եւ հարցաբան:
Եւ ահա` մեր զրոյցները.
– Մոսկուայի նորընտիր թուրք դեսպան Վահիտ Հալեֆօղլու երբ իր հաւատարմագրերը յանձնեց Խորհրդային Միութեան հանրապետութեանց նախագահ Անաստաս Միկոյեանի, մեր «Հայկազուն»-ը ըսաւ.
– Շատ կարեւոր կը գտնեմ թուրքեւխորհրդային բարեկամութիւնը: Եւ շատ գոհ եմ, որ այդ բարեկամութիւնը կը վերածաղկի: Այդ բարեկամութեան հիմերը դրուած են Աթաթիւրքի եւ Լենինի կողմէ:
Այսպէս արտայայտուելով` միթէ Միկոյեան մուրացկանութիւն չ՛ընե՞ր, ունենալու համար տկլոր թուրքերուն բարեկամութիւնը:
Տեսաբան Միշէլ Սուսլովի հայ մանրանկար ծանօթս պատասխանեց.
– Թուրքեւխորհրդային բարեկամութիւնը զէնք մըն է մերիններուն ձեռքը` հարուածելու համար Ամերիկան իր քամակէն ու քսակէն:
– Այդ զէնքը ամէնէն առաջ պիտի դպի հայերուս:
– Ռուսերուն եւ հայերուն շահերը հաշտ են իրարու հետ: Մեր շահը կը պահանջէ, որ ամերիկացիները հեռանան թուրքերէ կամ թուրքերը հեռանան ամերիկացիներէն` մերձենալով սովետներուն, որպէսզի այս վերջինները «ազատագրեն» Թուրքիան: Երեւակայէ համայնավարութեան կողմէ ազատագրուած Թուրքիա մը…: Կարելի է ուտել իբրեւ մահալլեպի կամ լեպլեպի…
– Ինչպէս ազատագրեցին մեզ` նման քեպապի:
***
– Այլ առակ…: «Հայրիկ հանճար» Ստալինը, որ իր արեւային բարձունքէն շպրտեցին խորխորատ, հիմա դարձեալ վեր կը հանուի, կ՛արժանանայ պատիւներու Խորհ. Միութեան մէջ: Մեր ըսածը կը հաստատենք նոր լոյս տեսած գիրքով մը, որ կը կոչուի «Համառօտ պատմութիւն` Հայրենական մեծ պատերազմի»: Այդ գիրքին մէջ գնահատականներ կան Ստալինի համար: Ի միջի այլոց գրուած է. «Բազմաթիւ արժանիքներ ունեցաւ թշնամիին դէմ դիմադրական կազմակերպութեան եւ խորհրդային ժողովուրդին յաղթանակին մէջ»: Ապա, իբրեւ փրկարար պոչ աւելցուած է. «Այդ արժանիքները չափազանցուեցան, ազդեցութեամբ անհատի պաշտամունքի»: Խորհրդային Միութեան մէջ մարդիկ, ողջ կամ մեռած, կը նմանին արժեթուղթերու. կ՛ելլեն ու կ՛իջնեն եւ կ՛իջնեն ու կ՛ելլեն: Մէկ Լենինը ունիք` իբրեւ կայուն արժէք:
Համայնավարը պատասխանեց.
– Է՜, այդպէս է քիչ կամ շատ, գրեթէ ամէն երկրի մէջ: Մարդ արարածը իր արժէքներով եւ անարժէքութեամբ` արժեթուղթ մըն է, որ բնականաբար ունի ելեւէջներ: Կը պատահին նաեւ չափազանցութիւններ այդ ելեւէջներու ընթացքին: Սակարանային խաղեր են: Դրամատիրական երկիրներու սակարանային խաղերը դիմակազերծուած չեն: Ի՜նչ հրէշներ ընդունուած են իբրեւ հրեշտակապետներ, ի՜նչ վնասարարներ կը ներկայացուին իբրեւ ազատարարներ: Ի՜նչքան շուներ ու աղուէսներ օդը հանուած են, ու ո՜րքան արծիւներ նետուած են գետնէ գետին: Փրկիչ մը «դաւաճան»-ի տեղ դրուած է, իսկ պոռոտաբան մը` «ազատարար»-ի տեղ: Այս մասին զիրար քննադատելու իրաւունք չունինք:
***
– Ի՞նչ կը մտածես ռուսեւչին յարաբերութեանց մասին…
– Չին ղեկավարները համայնավարութեան անառակ որդիներն են: Տակաւին սպառած չեն իրենց հօրմէն ստացած գաղափարական հարստութիւնը: Վաղը միւս օր, երբ մսխեն եւ աղքատանան, անոնք ալ Աւետարանի առակին անառակ որդիին պէս պիտի դառնան, պիտի դիմեն իրենց հօրը, որ Քրեմլինն է:
– Բայց միթէ կը մաշի՞, կը մսխուի՞ գաղափարական հարստութիւնը: Գաղափարը նի՞ւթ է, որ գործածուելով` հալի, հատնի…
– Եթէ չհալի, չհատնի, կը ցնդի:
– Ուրեմն այդ գաղափարաբանութիւնը կա՛մ ծերացած է եւ կա՛մ ծնած օրէն ցնդաբանութիւն էր, քանի որ կը ցնդի:
– Կը ցնդի, բայց չի կորսուիր:
– Չի կորսուիր, բայց չի գտնուիր ցնդած որեւէ բան:
– Գտնողը կը գտնէ:
– Բեկոր մը գտնէ թերեւս, թանգարանի համար:
***
– Իսկ ի՞նչ է կարծիքդ Խորհ. Միութեան Նոր Մարդերուն մասին…
– Երբ Նոր Մարդիկը կազմուին, կատարելագործուին, լուսինը պիտի ըլլայ Խորհ. Միութեան բնակիչներուն ձմեռանոցը:
– Սիպերիան միշտ մնալով ամարանոցը:
– Սիպերիան պիտի ըլլայ ցորենի ամբարանոց:
– Քրեմլինն ալ ցնորքի ամբարանոց: