Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (19 Հոկտեմբեր 1966)

Հոկտեմբեր 19, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յաղթանակին
Խանդավառութիւնը

aztag_1966_oct

ՀՄԸՄ կիրակի տիրացաւ «Հապիպ Ապի Շահլա»-ի  բաժակին` պարտութեան մատնելով արժանի հակառակորդ մը` Նըժմէն (2-0): Յաղթանակէն ետք, որոտընդոստ ծափահարութիւններու մէջ, խմբապետ Լ. Ալթունեան բաժակը ստացաւ լիբանանցի երբեմնի անուանի ֆութպոլիստ Լապիպ Մեժտելենիէն եւ ամբողջ խումբը, խանդավառ մթնոլորտի մէջ, ուղղուեցաւ ՀՄԸՄ-ի ակումբը:

Կիրակիի յաղթանակը պէտք է ըլլայ մեկնակէտը յաղթանակներու շարքի մը, որուն համար անհրաժեշտ է յարատեւ ճիգ ու փորձ, որոնց հոգեպէս պատրաստուած են ՀՄԸՄ-ի մարզիկները:

 

Ակնարկ

Նախագահին Շրջապտոյտը

Սովորական երեւոյթ մը չէ, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ մը շրջապտոյտի կ՛ելլէ օտար երկիրներ, մանաւանդ երբ այդ շրջապտոյտը կը նշանակէ 40.000 քմ ճամբայ, այցելութիւն` վեց երկիրներ ու նաեւ վեհաժողով մը, որ կոչուած է ըլլալու տաք պատերազմի մը վճռական փուլերէն մէկը:

Նախագահ Ճոնսըն, որ ներկայիս կը գտնուի Հաուայ` ամերիկեան 50-րդ նահանգը, շուտով պիտի հասնի Մանիլա, ուր վեց այլ երկիրներու նախագահներ կամ վարչապետներ ժողովի պիտի նստին` Վիեթնամի պատերազմին ապագայ ընթացքը ճշդելու, ինչպէս նաեւ որոնելու համար այն միջոցները, որոնք կրնան խաղաղութեան ճամբան բանալ:

Շատ հաւանական է, որ Մանիլայի ժողովը խաղաղութեան նոր առաջարկներ ներկայացնէ Հիւսիսային Վիեթնամի, որ ասկէ առաջ մերժեց Ուաշինկթընի բոլոր դիմումները, մանաւանդ` վերջինը, որ կատարուեցաւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան ընդհանուր ժողովին առջեւ:

Հանոյ այս անգամ աւելի զիջող պիտի ըլլա՞յ: Բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան, որ նման հաւանականութիւն մը կարելիութեան շատ չնչին տոկոս մը կը ներկայացնէ քաղաքական դիտողներու հաշիւներուն մէջ: Հիւսիսային Վիեթնամը զանգուածային օդարշաւներու ենթարկելու ամերիկեան վարանումներուն առջեւ, Հանոյի վարիչները կարծէք սիրտ առած են եւ իրենց յոյսը դրած ժամանակի մաշումին վրայ` կարենալ պարտադրելու համար իրենց կամքը Միացեալ Նահանգներուն:

Նշաններ կան, ինչպէս` պաշտպանութեան նախարար Մաքնըմարայի Սայկոն այցելութիւնը, որ Մանիլայի ժողովէն բխելիք առաջարկներուն հանդէպ բացասական վերաբերումի մը պարագային, մագլցումը նոր ընթացք մը պիտի առնէ, եւ Ամերիկա պիտի զօրացնէ իր ճնշումը:

Այս քաղաքականութիւնը անշուշտ ունի իր վտանգները, բայց վիեթնամեան պատերազմը հասած է այնպիսի տեղ մը, որ առանց վտանգներ աչք առնելու` կարելի չէ արմատական լուծումներու յանգիլ:

Մինչեւ հիմա Ամերիկա միշտ քաղած է վճռականութեան պտուղը: Ընդհակառակն, մեծ բան կորսնցուցած է իր վարկէն եւ հեղինակութենէն, ամէն անգամ որ խուսափած է իր միջազգային պատասխանատուութենէն: Ու Վիեթնամի մէջ Ուաշինկթըն այնքան առաջ գացած է, որ նահանջի ճամբաները գրեթէ փակուած են:

X

 

Ծալկայի Հայ Գաղութը

1828 ապրիլին սկսած ռուս-թրքական պատերազմը վերջ գտաւ 1829 սեպտեմբեր 2-ին Ադրիանոպոլսի մէջ կնքուած հաշտութեան դաշնագրով, որուն համաձայն, Ռուսիոյ ձեռքը անցան Սեւ ծովի ափերը` Կուբանէն մինչեւ Փոթի եւ Ախալցխա ու Ախալքալաք քաղաքները` յարակից տարածքներով: Ադրիանապոլսի դաշնագիրը հնարաւորութիւն տուաւ հայերու Արեւմտեան Հայաստանէն գաղթելու դէպի ռուսական տիրապետութեան տակ գտնուող հողերը: Չուզելով կրկին մնալ թրքական լուծի տակ` 1829-1830 Էրզրումի, Կարսի եւ Բայազիտի շրջաններէն 90.000 հայեր կը գաղթեն եւ բնակութիւն կը հաստատեն հարաւային Վրաստանի մէջ` Ծալկայի սարահարթին, որ կը գտնուի Ջաւախքէն դէպի հիւսիս-արեւելք, ծովի մակերեսէն 1500 մեթր բարձրութեան վրայ:

Շրջանը ունի բերրի սեւ հող եւ հարուստ է սառնորակ աղբիւրներով: Էրզրումէն գաղթող հայերը Ծալկայի մէջ կը հիմնեն 13 հայկական գիւղեր, որոնք կը կրեն Էրզրումի հայկական գիւղերուն վաղեմի անունները: Այդ գիւղերէն են` Ղուշչին, Աշխալան, Նարդեւանը, Այազման, Դարագիւղը, Օզնին, Խաչգիւղը եւ այլն: Հայերու թիւը շրջանին մէջ այսօր կը հասնի 14 հազարի: Մեծ մասը հողագործ է:

Ծալկայի հայերուն խօսակցական լեզուն հայերէնն է: Բոլոր գիւղերը ունին հայկական դպրոցներ, ուր դասաւանդութիւնը կը կատարուի մայրենի լեզուով: Այժմ Ծալկայի մէջ կան 14 հայկական դպրոց. հինգը միջնակարգ, եօթը ութամեայ եւ երկուքը` տարրական: Աշակերտներու ընդհանուր թիւը կը հասնի մօտ չորս հազարի:

Ուսուցիչներու թիւն է 250, մեծ մասը աւարտած է Թիֆլիսի մանկավարժական հիմնարկութեան հայոց լեզուին եւ գրականութեան բաժինը եւ Երեւանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնները:

Ծալկայի հայերուն մշակութային կեանքին մէջ մեծ դեր խաղացած է Ղուշչիի դպրոցը, որ մինչեւ 1956 միակ հայկական միջնակարգ դպրոցն էր շրջանին մէջ: Շրջանի հայ մտաւորականներուն մեծամասնութիւնը Ղուշչիի միջնակարգ դպրոցին նախկին սաներն են:

Ծալկայի հայկական դպրոցները կ՛առաջնորդուին Հայաստանի լուսաւորութեան նախարարութեան կողմէ հաստատուած ուսումնական ծրագիրներով եւ Հայաստանի մէջ հրատարակուող դասագիրքերով: Բոլոր դպրոցները ունին գրադարաններ, ուր կան երեսուն հազարէ աւելի հայերէն գիրքեր:

1966-ի սկիզբէն սկսաւ լոյս տեսնել շրջանին թերթը` «Լենինեան ուղի»` հայերէն եւ ռուսերէն բաժիններով:

 

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Ազերիական Յարձակումներ Լաչինի, Մարտունիի Եւ Հատրութի Շրջաններուն Վրայ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?