Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (21 Հոկտեմբեր 1966)

Հոկտեմբեր 21, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գրական

Զարեհ Որբունի
Վերադարձաւ Ֆրանսա

 

Ֆրանսահայ գրագէտ Զարեհ Որբունի, շուրջ ամիս մը լիբանանահայութեան տուած իր այցելութենէն ետք, երէկ, հինգշաբթի, վերադարձաւ Ֆրանսա:

Ամիս մը տեւող իր ներկայութեամբ, կրնանք ըսել, թէ Որբունի գրական մթնոլորտին ջերմաստիճանը բարձրացուց մեր գաղութին մէջ եւ իր գրչեղբայրներուն շունչը բերաւ Պէյրութի մտաւորականութեան:

Այս առիթով կազմակերպուած գրական երեկոներու ընթացքին արժեցուց իր համբաւը` մտաւորական իր լայն հետաքրքրութիւններով, պաշարով եւ հայ գրողի անկեղծ սրտով:

Իսկ «Սեւան» հրատարակչական տունը հրատարակեց անոր պատմուածքները` «Գոհարիկ եւ ուրիշներ»:

«Բագին»-ի Գրական Զրոյցը

Չորեքշաբթի, 19 հոկտ. կէսօրէ ետք ժամը 6:00-ին, «Բագին»-ի սրահին մէջ, գրասէրներու հոծ ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ «Բագին» գրական ամսագրի 1966-1967 շրջանի գրական զրոյցներուն առաջինը:

Զրոյցը վարեց տոքթ. Բաբգէն Փափազեան:

Վայրկեան մը յոտնկայս յարգուեցաւ յիշատակը գրագէտ-բանաստեղծներ Լեւոն Ստեփանեանի (Լեւոն Գարմէն) եւ Եդուարդ Պոյաճեանի:

Զեկուցաբերն էր գրագէտ Զարեհ Որբունի:

Նիւթ` «Ինչո՞ւ հայ գրականութիւնը չի յաջողիր հասնիլ միջազգային գրականութեան մակարդակին»:

Զեկուցաբերը ընդարձակ վերլուծումով ներկայացուց իր տեսակէտները:

Տեղի ունեցաւ մտքերու փոխանակութիւն:

Իբրեւ եզրակացութիւն` նշուեցաւ, թէ պետականութիւնը մեծ դեր կրնայ կատարել միջազգային մակարդակի հասնելու, ինչպէս նաեւ` մեր գրագէտներուն ձեռք բերելիք արձակի թեքնիքի կատարելագործումները միջազգային չափանիշով: Մնացեալը կը մնայ դերը` լաւագոյն թարգմանիչներու:

Յարգանքի Երեկոյ

Երեքշաբթի, 18 հոկտ. երեկոյեան ժամը 9:00-ին, «Գալուստ Կիւլպենկեան» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ յարգանքի երեկոյ մը` ի պատիւ գրագէտ Զարեհ Որբունիի:

Գրասէր ընտիր հասարակութեան մը ներկայութեան տոքթ. Յարութիւն Գազանճեան (Յ. Գեղարդ) ներկայացուց «Փարիզի տղաքը եւ Որբունին»:

Ասմունքող Յակոբ Կիւլոյեան ապրումով կարդաց Որբունիիի «Գինով»-ը:

Վահէ Վահեան գործերու վերլուծման ընդմէջէն ներկայացուց «Գրագէտ Որբունին»:

Վերջաւորութեան Զարեհ Որբունի իր շնորհակալութիւնը յայտնեց այն ջերմ ընդունելութեան համար, որ ցոյց տուաւ լիբանանահայութիւնը` կազմակերպելով նաեւ յարգանքի այս երեկոն:

«Հայկ Ակումբ»-ի
Գրական Երեկոն

Նախաձեռնութեամբ «Հայկ ակումբ»-ի, միութեան սրահին մէջ, չորեքշաբթի, 19 հոկտ. երեկոյեան ժամը 9:00-ին տեղի ունեցաւ գրական երեկոյ մը` նուիրուած Զարեհ Որբունիի:

Գրագէտը ներկայացուց Սիմոն Սիմոնեան:

Զարեհ Որբունի խօսեցաւ «Գրական հայ Փարիզը» նիւթին շուրջ` յուզումով ոգեկոչելով անցեալի յիշատակներ` իր գրչեղբայրներու կեանքին եւ գործին վերաբերեալ:

ՀՐԱԶԴԱՆ

 

Մեր Մամուլը

Ի՞նչ Է Նուիրումը

Յաճախ կը լսենք եւ կը կարդանք մարդոց նուիրումի մասին` իտէալի մը, դատի մը եւ գաղափարի մը: Հայրենասիրութիւնը վսեմ զգացում մըն է, սէրն է հայրենիքի, վառ հետաքրքրութիւնն է անոր բարգաւաճման, պահպանութեան, պաշտպանութեան, մէկ խօսքով` անոր ճակատագրին, բայց այս ամէնը տակաւին նուիրում չէ: Ասոնցմէ անդին եւ բարձր կայ եւ մէկ այլ ձգողութիւն, որ սէրը, հետաքրքրութիւնը, շահագրգռութիւնը ընդգրկելով հանդերձ, մարդու մը կեանքը կը դարձնէ թովիչ եւ դիւթական: Այդ ստեղծագործութիւնն է, նուիրումի էութիւնը:

Սէրը քաշողական այն զօրութիւնն է, որ մարդ էակը իր մենակութեան զգացողութենէն, միայնութեան ձանձրոյթէն եւ տաղտուկէն կ՛ազատէ եւ կը կապէ զայն իր անձէն դուրս բանի մը կամ անձի մը: Երաժշտութեան կամ գիտութեան սէրը մարդկային հակում մըն է, որ մարդու մէջ կ՛արթնցնէ հետաքրքրութիւն, կը լարէ անոր ուշադրութիւնը եւ անոր կու տայ հաճոյքի վայելքը: Մարդ կը սիրէ մէկը, որուն բացառիկ հրապոյրը իր հոգին կը լեցնէ, ապրումը կը վերածէ հոգեկան խնդութեան, բաւականութեան զգացումի եւ երանութեան զգայութեան: Սիրահարի մը ամէնէն երջանիկ պահը հոգեզմայլանքի այն զգլխիչ տեւողութիւնն է, երբ իր սիրածին առկայութիւնը եւ շնորհները իր էութիւնը կը թրթռացնեն:

Սիրոյ զգացումը մարդկային բնազդ մըն է, որ բնութիւնը օժտած է: Սիրելը բաւական չէ, որովհետեւ ան շուտով կը կորսնցնէ իր տեւականութիւնը եւ կը դառնայ վաղանցիկ երեւոյթ մը: Զայն տեւականացնելու համար պէտք է իրականացնել, իսկ իրականացնել` կը նշանակէ ստեղծագործել:

Ստեղծագործութիւնը մարդու բնական ձգտումն է: Մարդ մէկ  մասնիկն է էութեան: Առանց հողի պտղաբերութեան, առանց օդի կենսատուութեան, առանց ուրիշի գոյութեան եւ աշխատանքի արդիւնքին, առանց կենդանիներու ընտանութեան` մարդ անհատը առանձնացած եւ լքուած արարած մըն է: Սակայն իր առօրեայ կեանքի ընթացքին այնքան տարուած է իր անձնական եւ անմիջական հոգերով, որ մոռցած է բնութեան գոյութիւնը: Մենակութեան մէջ չմնալու մտահոգութիւններով ան կը ջանայ խառնուիլ, նոյնանալ բնութեան հետ: Սակայն բուռն վախ մը` նոյնանալով անոր իր անկախութիւնը, իր անհատականութիւնը զիջելու վախը կը պատէ զինք: Ան չ՛ուզեր մէկ անհատը ըլլալ ընկերութեան, ինչպէս` ոչխարը նախիրի մէջ, թռչունը երամի մէջ: Ան կը ձգտի խորտակել բոլոր պատուարները, որոնք զինք կը բաժնեն եւ կ՛անջատեն բնութենէն եւ իր նմաններէն: Խառնուիլ անոնց, բայց` իր ուրոյն կերպարանքով, իր ինքնատպութեամբ եւ ինքնայատուկ արժէքով եւ արժանիքով: Այդ է շարժակը իր ստեղծագործութեան:

Ուրեմն նուիրումը ստեղծագործ սէրն է:

Մայրական սէրը նուիրումի նախատիպն է: Մայրը կը սիրէ իր երեխան անանձնական եւ անպայման փարումով: Անանձնական է սէրը, որովհետեւ իր անձէն, տենչերէն եւ իղձերէն կախում չունի իր սիրոյ սաստկութիւնը, տեւողութիւնը եւ ոչ ալ անձնական շահադիտութեան եւ հաշիւներուն կապուած է: Անպայմանական է մօր սէրը, որովհետեւ ան սէր մըն է, որ ամենեւին փոխադարձութիւն չ՛ակնկալեր: Սէր մըն է, ուր սիրել կայ` առանց սիրուելու պահանջի: Ստեղծագործութիւնը մայրական նուիրումին մէջ սոսկ ծննդաբերութիւնը չէ, այլ` գալիք սերունդի մը մարմնաւորումը, մարդկութեան յաւերժութիւնը: Զուր չէ, որ կրօնն ու արուեստը մայրական սէրը խորհրդանշանն են պատկերեր նուիրումի:

Սէրը ոչ միայն կրնայ անցողիկ ըլլալ, այլեւ` կրաւորական, ինչպէս` երգ ու նուագ ունկնդրելու սէրը, գեղահրաշ նկարներ դիտելու սէրը: Սէրը ստեղծագործ դարձնելու նախապայմանն է պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը: Իսկ պատասխանատուութեան զգացումը, գիտակցութիւնը խարսխուած է յարգանքի վրայ, այն անձին կամ բանին, որ նուիրումի առարկան է:

Նուիրումի մարդը խորապէս գիտակ է իր սիրածի արժէքին, կարեւորութեան եւ անհրաժեշտութեան: Հայրենասէրը նուիրեալ մըն է, երբ լիովին կը ճանչնայ հայրենիքը, կը հետաքրքրուի անոր կեանքի վերիվայրումներով, կը գիտակցի անոր թերութիւններու եւ կարիքներու ամբողջութեան եւ կը մտահոգուի անոր ճակատագրի հեռանկարով: Պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը կարելի չէ ձեռք բերել իմացականութեան թափով եւ ուժգնութեամբ: Իմացականութեան ուժով կարելի է որսալ եւ ճշդել արտաքին երեւոյթները, բայց ճանչնալու համար այդ երեւոյթներու բնոյթն ու էութիւնը պէտք է բանականութեան, տրամաբանութեան նպաստով մխրճուիլ, սուզուիլ անոր խորքը: Բանականութիւնով է, որ կ՛ընկալէ իրադարձութիւններու հենքը, կ՛ըմբռնէ իրադրութեան իսկական կառոյցը, լրիւ կը հասկնայ իմաստը դէպքերու ու անցուդարձի, եւ զանոնք կը համադրէ հայրենիք ճակատագրի գիծով:

Անփութութիւն, անտարբերութիւն եւ անհոգութիւն մահացու մեղքեր են, որոնք կը ցուցաբերեն պատասխանատուութեան գիտակցութեան բացակայութիւնը: Անոնք աններելի կրաւորականութիւն մը եւ սպաննիչ համակերպութիւն մըն են, որ կը ժխտեն գործուն աշխատանքը եւ ստեղծարար ճիգը:

Նուիրումը ոչ միայն ստեղծագործութիւն է, այլեւ ազնուացումը եւ թեւաւորումը նուիրեալին:

Նուիրումը փաստն է մարդու աստուածայնութեան:

«Հայրենիք»

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Տպաւորութիւններ` Համազգայինի 22-րդ Ուսանողական Հաւաքի Մասնակիցներէն

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?