Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (12 Հոկտեմբեր 1966)

Հոկտեմբեր 12, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գաղափարապաշտ Մեծատաղանդ Գրագէտ
Եդուարդ Պոյաճեան Շիջեցաւ Այս Առաւօտ

Թերթը մամուլին յանձնած էինք արդէն, երբ հեռաձայնով տրուեցաւ գոյժը, որուն կը սպասէինք շաբաթներէ ի վեր, սկսած այն օրէն երբ գիտէինք, թէ անդարմանելի, անողոք հիւանդութիւն մը բոյն դրած է տարաբախտ բանաստեղծին վտիտ մարմնին մէջ:

Եդուարդ Պոյաճեան շիջեցաւ այս առաւօտ, ժամը 3:00-ին, հալեցաւ մոմի մը պէս` անմխիթար սուգի մատնելով բովանդակ հայութիւնը, որ յանձին ճեպելմուսացի այս բազմաշնորհ տղուն` կը կորսնցնէ սփիւռքի իր ամէնէն վաւերական արժէքներէն մէկը` իւրայատուկ ոճի տաղանդաւոր գրագէտը եւ մրրկայոյզ բանաստեղծը:

Սուգի մէջ է հայ գրականութիւնը, հայրենքի մէջ թէ սփիւռքի, ուր իր տաղանդին ամբողջական հաստատումով, Եդուարդ Պոյաճեան, խոնարհ մարդոց եւ խոր զգացումներու անզուգական գրագէտը, կրցաւ գրաւել ամէնէն արժանաւոր դիրքերէն մէկը:

 

Խմբագրական

Կենսական Գործ Մը

(Ժողովրդային Բնակարաններու Շինութիւնը)

Անցեալ շաբաթ մեծ ուրախութեամբ հրատարակեցինք ընդարձակ յօդուած մը` հայ չքաւոր ընտանիքներու յատուկ ժողովրդային բնակարաններու կառուցման ծրագրին մասին:

Ինչպէս կ՛ընդգծուէր այդ տեղեկատուութեան մէջ, ժողովրդային բնակարաններու հարցը երկար ժամանակէ ի վեր զբաղեցուցած է Ազգային իշխանութիւնները. ծրագիրներ մշակուած են, դիմումներ եղած, բայց զանազան պատճառներով եւ աննպաստ պայմաններու բերումով կարելի չէ եղած ծրագրէն անցնիլ գործի:

Այժմ, սակայն, գոհունակութեամբ կը հաստատենք, որ ազգային ու նաեւ մարդկային տեսակէտէն շատ կենսական այս ծրագիրը մտած է իր գործնական փուլին մէջ, եւ պարզապէս ամիսներու խնդիր է շինութեան աշխատանքներուն ձեռնարկումը:

Ժողովրդային բնակարաններու ծրագրին իրագործումը կարելի կը դառնայ ազնուասիրտ հայուհիի մը իշխանական նուիրաբերութեամբ ու նաեւ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հաստատութեան թանկագին օժանդակութեամբ: Լէյլա Գարակէօզեան, որ Լիբանան գալով` անձամբ տեղեկացաւ եւ ականատես եղաւ այն պայմաններուն, որոնց մէջ տակաւին կ՛ապրի մեր ժողովուրդին մէկ մասը, իր սրտին ամէնէն մօտիկ նկատեց ժողովրդային բնակարաններու ծրագիրը, որուն իրագործումով չքաւոր հայ ընտանիքներ վերջապէս պիտի ունենան մարդավայել բնակավայր մը` օժտուած բոլոր յարմարութիւններով:

Հայ ժողովուրդը երախտագիտութեամբ պիտի լեցուի նաեւ հանդէպ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, որուն այժմու գահակալը` Խորէն Ա., սկսած այն շրջանէն, երբ կը վարէր Պէյրութի առաջնորդութիւնը, ու նաեւ ներկայիս, լծուած է շինարարական ազգանուէր աշխատանքի, որուն պսակումը պիտի հանդիսանայ ժողովրդային բնակարաններու շինութիւնը:

Ժտէյտէի շրջանին մէջ կառուցուելիք այս բնակարանները պիտի ըլլան զուտ հայկական ձեռնարկ մը, որ նոյն ատեն պիտի վայելէ ժողովրդային բնակարաններու շինութեան համար պետութեան ընծայած բոլոր դիւրութիւնները: Այսպէսով, ոչ միայն հայ չքաւոր ընտանիքներ պիտի ունենան հայութեան անունին վայել տուներ, այլ նաեւ մեր ժողովուրդը իր նպաստը բերած պիտի ըլլայ Լիբանանի վերաշինութեան եւ վերելքին: Որովհետեւ, պետութիւնը եւս, տարիներէ ի վեր, իր սեղանին վրայ ունի նման ծրագիր մը, աւելի լայն տարողութեամբ: Հետեւաբար լիբանանեան մեծ ընտանիքը բաղկացնող համայնքի մը շինարարական այս գործը նպաստաւոր կերպով պիտի անդրադառնայ ընդհանուր ծրագրին եւ այս մարզին մէջ պիտի թեթեւցնէ իշխանութիւններուն բեռը, գոնէ` մեր համայնքին մէկ մասին կապակցութեամբ:

Վստահ ենք, որ այս ծրագիրը պիտի իրագործուի լաւագոյն պայմաններու մէջ, որովհետեւ թէ՛ գործին վերին վարիչները եւ թէ՛ գործադրութեան պատասխանատուները ամբողջական գիտակցութեամբ կը մօտենան հարցին, եւ նման մեծ գործի մը տարողութիւնը չի խուսափիր իրենց կարողութենէն:

Այսպիսի ծրագրի մը իրագործման առիթով չենք կրնար անգամ մը եւս չհաստատել հիմնական արժանիք մը, որ հայունը եղած է միշտ, նոյնիսկ` ամէնէն դաժան օրերուն: Շինարար ժողովուրդի համբաւն ու պատիւը շահած ենք մեր ճակտին քրտինքով ու նաեւ կենդանի վկայութեամբը այն բոլոր գործերուն, որոնք հայութեան անունին կապուած են հոս թէ այլուր, հայկական սփիւռքի տարածքին վրայ:

Ժողովրդային բնակարանները, իրենց գեղեցիկ կառուցումով, հպարտութեան նոր առիթ մը պիտի տան մեր ժողովուրդին ու նաեւ պետութեան աչքին, օրինակ պիտի ծառայեն միւս համայնքներուն, որոնց հետ համերաշխ եղբայրութեամբ կ՛ապրինք այս օրհնեալ երկրին մէջ:

Այս համոզումով կ՛արձանագրենք մեր գնահատանքը` մաղթելով, որ աշխատանքները սկսին շուտով եւ չքաւոր ընտանիքներ վերջապէս հասնին տարիներու իրենց երազին:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Հայ Ազատամարտիկներու Նուաճումները Լաչինի, Մարտունիի Եւ Զանգելանի Ճակատներուն Վրայ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?