Մեր Տեսակցութիւնները
Վաստակաւոր Խմբավար-Երգահան
Բարսեղ Կանաչեանի Հետ
Երեքշաբթի, 27 սեպտեմբեր 1966, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, նախապէս առնուած ժամադրութեամբ. աւելի քան երկու ժամ տեւող տեսակցութիւն մը ունեցանք հայ երաժշտութեան հիմնադիր, անմահանուն Կոմիտաս վարդապետի արժանաւոր աշակերտներէն` վաստակաւոր խմբավար-երգահան Բարսեղ Կանաչեանի հետ իր աղջկան, տէր եւ տիկին Նշան Թիւսիւզեաններու բնակարանին մէջ:
Մեծանուն վարպետը, շուրջ վեց տարիէ ի վեր հաստատուած է Պաղտատ, ուր կը բնակին նաեւ իր երկու աղջիկները:
Աւելի քան երեք ամիսէ ի վեր կը գտնուի Լիբանան: Եկած է օդափոխութեան, նաեւ, բնականաբար, ատեն մըն ալ ըլլալու իր մեծ աղջկան ու թոռներուն հետ:
Այս առիթէն օգտուելով նախ քան վերադարձը Պաղտատ, ուզեցինք մեր ընթերցողներուն հետաքրքրութեան յանձնել վարպետին ներկայ կեանքը եւ մեր ուղղելիք հարցումներուն իր տուած պատասխանները:
Մեր առաջին հարցումին, թէ` որեւէ նոր հեղինակութիւն ունի՞,- պր. Կանաչեան պատասխանեց.
– Ինչպէս գիտես, 1945-էն ի վեր, երբ կորսնցուցի աչքիս տեսողութիւնը, կանոնաւոր աշխատանքով բան չեմ գրած: Ըրածներս ոչինչ էին: Թերթուկ բաներ: Իսկ այս վերջին տարիներուն, երբ բոլորովին կորսնցուցի տեսողութիւնս, բնական է` աշխատիլ չեմ կրնար: Բան գրած չեմ:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ի՞նչ է ձեր կարծիքը սփիւռքահայ երաժշտութեան մասին: Երգչախումբերու եւ խմբավարներու մասին: Ի՞նչ խորհուրդ կ՛ուզէիք տալ:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Սփիւռքի մէջ գրեթէ կանոնաւոր երգչախումբեր չկան: Ոչ մէկ տեղ: Գոնէ պիտի լսուէր: Ռատիոյով ալ չեմ հետաքրքրուիր: Խորհուրդ տալ չեմ ուզեր: Ի՞նչպէս տամ, երբ մարդիկ պատրաստուած չեն խումբ ղեկավարելու: Պէտք է երաժիշտներ պատրաստուին, ամէնէն առաջ եւ ամէնէն կարեւորը, սորվելով ներդաշնակութիւն, որպէսզի կարենան լաւ երգչախումբ ղեկավարել:
Երաժշտութիւնը գիտութիւն է: Խմբավար-երաժիշտ մը եւրոպական երաժշտութիւնը սորվելէ ետք կրնայ հետեւիլ հայկական երաժշտութեան, Կոմիտասին, եւ այլն: Խմբավարը, կը կրկնեմ, լա՛ւ երաժշտութիւն եւ լա՛ւ ներդաշնակութիւն պէտք է սորվի: Չի բաւեր միայն ձեռք շարժել: Ամէն մէկը կ՛երգէ, եւ խմբավարը չի կրնար հասկնալ, թէ ի՛նչ է երգուածը: Մանաւա՛նդ պէտք է ուշադրութիւն դարձնէ խմբավարը, թէ երգչախումբին մաս կազմողը կրնա՞յ երգել, ականջ ունի՞:
Հ.- Ի՞նչ է ձեր կարծիքը Պաղտատի «Կոմիտաս» երգչախումբի մասին:
Պ.- Պաղտատի «Կոմիտաս» երգչախումբը կը ղեկավարէ Կարապետ Քիշմիշեան: Լաւ երգչախումբ մըն է: Արտասահմանի մէջ չեմ լսած այնքան լաւ երգուած խմբերգներ, որքան` Քիշմիշեանի ղեկավարած երգչախումբին խմբերգները:
Հ.- Ի՞նչ է ձեր կարծիքը Հայաստանի երաժշտութեան մասին: Երգչախումբերու եւ խմբավարներու մասին: Ի՞նչ խորհուրդ կ՛ուզէիք տալ:
Պ.- Հայաստանի մէջ լաւ երաժիշտներ կան, կ՛աշխատին, բայց երգչախումբին շատ ուժ չեն տար: Ընդհանրապէս գործիքներուն ուժ կու տան: Աքաբելլա չեն երգեր, նուագախումբով կ՛երգեն: Պետական երգչախումբ մը ունին: Չեմ լսած, չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ կ՛երգեն: Իսկ ռատիոյէն աւելի հաղորդագրութիւն կու տան, քան` երաժշտութիւն: Երաժշտութիւնը ուշ ատեն կու տան, պառկած կ՛ըլլամ եւ չեմ լսեր:
Հ.- Որեւէ կապ կը պահէ՞ք երաժիշտներու հետ: Ձեզմով կը հետաքրքրուի՞ն:
Պ.- Քանի մը երաժիշտներու հետ կը թղթակցիմ, բայց` շատ ուշ-ուշ: Օրինակ, Հայաստանէն` Ցիցիլիա Բրուտեանի եւ Ռոպէր Աթայեանի հետ:
Ասկէ երկու շաբաթ առաջ Կոմիտասի աշակերտ եւ ընկերս Վարդան Սարգիսեան, Մարսէյէն գրած էր, որ Ռոպէր Աթայեան նամակով մը յայտնած է իրեն, թէ հայպետհրատը կ՛ուզէ երգերս բովանդակող 50 էջնոց հատոր մը լոյս ընծայել: Աթայեան գրած է նաեւ, որ Պետհրատը պիտի գրէ ինծի, թէ ո՛ր երգերը կը նախընտրեմ: Որոշած են «Նանօր»-ը եւ «Օրօր»-ը անպայման դնել: Կ՛ուզեն, որ երեք մեներգ եւ մնացեալ խմբերգները իմ նախասիրութեամբ դրուին: Պետհրատէն դեռ նամակ չեմ ստացած:
Իսկ թէ իմ անձովս կը հետաքրքրուին թէ ոչ, այլեւս շատ կարեւորութիւն չեմ տար: Տեսակ մը քաշուած եմ երաժշտութենէ:
Հ.- Հայաստան մէջ կ՛երգուի՞ն ձեր երգերը: Լսա՞ծ էք:
Պ.- Երգերս, ինչպէս գիտես, ուղարկուած էին` Հայաստան: Ռատիոյէն լսողներ եղած են, մանաւանդ «Օրօր»-ը: Բայց ինքս մինչեւ հիմա չեմ լսած:
Այսօր Արփինէ Փեհլիվանեանը եկած էր: Կ՛ըսէ, թէ շատ լաւ ընդունուելութիւն գտած են երգերս: Իր համերգներուն մէջ երգերէս ալ երգած է:
Հ.- Հայ երաժշտութիւնը Կոմիտասէն ետք զարգացման ի՞նչ փուլերէ անցաւ:
Պ.- Կոմիտասը գրեթէ հիմը դրաւ հայ երաժշտութեան: Բոլոր երաժիշտներն ալ կը հետեւին Կոմիտասին, կ՛օգտուին անկէ, բայց շատ հարազատ չեն:
Ինքս ընդհանրապէս հաւաքող եղած չեմ, այլ ինչ որ լաւ բան լսած եմ, գրած եմ խմբերգի համար:
Հաճելի էր ունկնդրել վարպետը, մանաւանդ` իրեն հետ քանի մը ժամ ըլլալու վայելքը:
Մեկնելէ առաջ շնորհակալութիւն կը յայտնենք` սիրայօժար իր տրամադրած ժամերուն համար: Եւ արդէն երկար նստիլ չէր կրնար: Յայտնեց, թէ պառկած աւելի հանգիստ կ՛ընէ:
Տաղանդաւոր երաժիշտ Բարսեղ Կանաչեան իր ալեհեր տարիքին մէջ անվերապահ սիրով կը վայելէ իր հարազատներուն` իր կնոջ, երեք աղջիկներուն, փեսաներուն եւ թոռներուն յարգանքն ու գուրգուրանքը:
ՀՐԱԶԴԱՆ