Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (10 Հոկտեմբեր 1966)

Հոկտեմբեր 10, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Մայրենի Լեզուն`
Հիմք Կրթութեան

 

Վերամուտի այս օրերուն, երբ, ծնողք եւ աշակերտութիւն` իւրաքանչիւրը կ՛ապրի իր մտահոգութիւնները, անհրաժեշտ կը նկատենք, ընդհանրական հարցերէ անկախ, որոնց անդրադարձած էինք նախապէս, ծնողներու ուշադրութեան յանձնել պարագայ մը, որուն մասին յաճախ կը խօսուի, բայց` միա՛յն զգացական եւ ազգային գետնի վրայ դնելով խնդիրը:

Բոլորս ալ կ՛ընդունինք եւ կը քարոզենք, որ մայրենի լեզուն հիմք կը ծառայէ ազգապահպանման: Կը հանդիսանայ կարեւորագոյն ազդակը պայքարի մը, զոր կը մղենք ազգովին` կարենալ պահելու համար մեր ինքնուրոյն դիմագիծը: Եւ սակայն այս ուղղութեամբ բոլոր գրուածները յաճախ կը բախին կարգ մը ծնողներու գործնապաշտ ըմբռնումներուն, որոնք դժբախտաբար արդիւնք են թիւր հասկացողութիւններու եւ հապճեպ եզրակացութիւններու:

Մինչդեռ մանկավարժական գիտութիւնը այսօր աներկբայօրէն հաստատած է, որ մայրենի լեզուն, բոլոր ժողովուրդներու պարագային, լաւագոյն հիմքն է կրթութեան, ամէնէն դիւրին միջոցը, որ կը տրուի աշակերտին` իւրացնելու եւ մարսելու համար աւանդուող նիւթերը:

Երեխան, որ տունէն ներս իր մայրենի լեզուն կը լսէ ծնողքին բերնէն, ականջը կը լեցուի այդ լեզուին դիւրիմաց բառերով, հետագային, երբ օտար վարժարան կը ղրկուի, ինքզինք կը գտնէ հիմնովին տարբեր աշխարհի մը մէջ, ուր կը խօսուի իրեն համար բոլորովին խորթ լեզու մը, ամբողջովին անհասկնալի, զոր սորվելու ճիգ կը թափէ, կը դժուարանայ եւ այս ճիգէն տուժողը կ՛ըլլան այլապէս կենսական այլ նիւթեր, որոնք կը կազմեն կրթական դասացուցակը:

Այն ծնողները, որոնք մանկապարտէզէն սկսեալ իրենց զաւակները կը ղրկեն օտար վարժարան, դժբախտաբար կ՛անգիտանան այս իրողութիւնը եւ պատճառ կը դառնան, որ երեխային հոգիին մէջ տեղ գտնէ ստորակայութեան զգացում մը` հանդէպ իր հասակակիցներուն, որոնք իրենց մայրենի լեզուին հարազատ միջավայրի մը մէջ կը գտնուին:

Դարձեալ, հաստատուած իրականութիւն է, որ թէ՛ տունէն եւ թէ՛ դպրոցէն ներս իր մայրենի լեզուն գործածող երեխան, հետագային աւելի դիւրութեամբ կրնայ թափանցել այլ լեզուներու գաղտնիքին, որովհետեւ լեզուի կազմութեան կանոնները եւ քերականական օրէնքները քիչ կը տարբերին իրարմէ, եւ անգամ մը որ երեխան իւրացնէ իր հայրերու լեզուն, իրեն համար մեծապէս կը դիւրանայ օտար լեզուներու ուսմունքը:

Այն ծնողները, որոնք շատ ալ զգայուն չեն ազգապահպանման հրամայականներուն հանդէպ` իբրեւ գործնապաշտ, իրենց զաւակներուն ապագային սիրոյն պէտք է մէկ անգամ ընդմիշտ համոզուին, թէ մայրենի լեզուին իւրացումը, ոչ միայն գիտականօրէն փաստուած իրականութեամբ մը, կը նպաստէ անոնց կրթութեան, այլ նաեւ իրենց ապրած միջավայրին հարազատ մէկ անդամը կը դարձնէ զանոնք` առաջքը առնելով հետագայ դառնութիւններու:

Ո՞վ ըսաւ, որ անպայման կեանքի մէջ կը յաջողին անոնք, որ իրենց մանկական առաջին քայլերը նետած են օտար վարժարաններու սեմէն ներս: Այս մասին յստակ կանոններ չկան: Օրինակները չեն պակսիր սքանչելի լեզուագէտներու, որոնք հռչակաւոր վրիպածներ են կեանքի ասպարէզին մէջ: Մինչ անդին, իրենց նախակրթութիւնը, նոյնիսկ երկրորդական կրթութիւնը հայկական վարժարաններու մէջ ստացած երիտասարդներ կեանքի լաւագոյն պայմաններ ստեղծած են` ունենալով նոյն ատեն յստակ միջավայրի մը եւ որոշ հաւաքականութեան մը պատկանելու, այդ հաւաքականութեան ցաւերն ու ուրախութիւնները ապրելու հոգեկան բաւարարութիւնը:

Վերամուտի առիթով, երբ կարգ մը հայ ծնողներ կրնան իրենց զաւակները օտար, անհարազատ միջավայրի մը մէջ նետելու փորձութիւնը ունենալ, լաւ է, որ լրջօրէն մտածեն եւ անդառնալի որոշումներ տալէ առաջ մտածեն այս բոլորին մասին:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հրաշալի Յայտնութիւն

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?