Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (7 Հոկտեմբեր 1966)

Հոկտեմբեր 7, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ակնարկ

Պատկերասփիւռ

Լիբանանեան կառավարութեան կողմէ պարտականութեան կոչուած յանձնախումբ մը վերջերս զբաղեցաւ պատկերասփիւռի ազգային երկու ընկերութեանց տագնապով: Յանձնախումբը քանի մը օր առաջ իր տեղեկագիրը ներկայացուց նախարարաց խորհուրդին, որ անշուշտ ընթացք պիտի տայ առաջարկուած լուծումներէն մէկուն:

Աւելորդ է խօսիլ երկու ընկերութեանց յայտագիրներուն մասին, որոնք իբրեւ այլազանութիւն եւ մակարդակ, տարուէ տարի, փոխանակ յառաջդիմելու, կ՛աղարտուին` տալով տժգոյն պատկերը այն կարելիութեանց, որ Լիբանան կրնայ ունենալ այս մարզին մէջ:

Մրցակցութիւնը, որ իբրեւ օրհնաբեր երեւոյթ գոհունակութիւն ստեղծած էր հարիւր հազարաւոր հանդիսականներու մէջ, ունեցաւ հակառակ արդիւնք: Լիբանանեան շուկան, իր առեւտրական հնարաւորութիւններով, նեղ եկաւ` միաժամանակ ապրեցնելու համար երկու ձեռնարկ: Ուստի երկուքն ալ տուժեցին, մէկը միւսէն քիչ մը աւելի կամ պակաս:

Ու հիմա կը խօսուի պետական միջամտութեան մասին: Այս միջամտութիւնն ալ, մրցակցութեան նման, կրնայ գէշ արդիւնք ունենալ, եթէ յարմարագոյն ձեւով չկատարուի: Պետական հսկողութիւնը կրնայ նպաստաւոր անդրադարձ ունենալ լիբանանեան պատկերասփիւռի մակարդակի վրայ, եթէ այդ նպատակին համար կազմուելիք վարչութիւնը բաղկացած ըլլայ ոչ միայն թեքնիք եւ նիւթական մտահոգութիւններ ունեցող անհատներէ, այլ նաեւ` արուեստի բարձր ճաշակով եւ գեղեցիկի խոր ըմբռնումով օժտուած անձերէ:

Պատկերասփիւռը, քաղաքակրթուած բոլոր երկիրներու մէջ, դաստիարակչական ազդակ մըն է առաւելաբար, զարգացումի ժողովրդական միջոց մը, մատչելի բոլորին: Հետեւաբար անոր օգտագործման եղանակը շատ կարեւոր է:

Այլապէս կը դառնայ անպէտք եւ մանաւանդ անբաղձալի ներկայութիւն մը` ընտանեկան յարկերու տակ:

X

 

Մեր Նիւթական Կորուստը`
Մեծ Եղեռնին

Ի՞նչ է գումարը Թուրքիոյ հայութեան այն հարստութեան, անձնական, ազգային ու հաւաքական, որ Մեծ եղեռնի ժամանակ թուրք կառավարութիւնը գրաւեց, կողոպտեց կամ փճացուց: 1919-ին Հայ ազգային պատուիրակութիւնը պաշտօն յանձնեց օտար եւ հայ մասնագէտներէ բաղկացած յանձնախումբի մը` թրքահայութեան մինչեւ Մեծ եղեռնը ունեցած հարստութիւնը գնահատելու գործը: Մանրակրկիտ եւ բարեխիղճ ուսումնասիրութիւններէ ետք յանձնախումբը վերջնապէս եւ միաձայն յանգեցաւ այն եզրակացութեան, որ Թուրքիոյ յափշտակած հայկական հարստութեան արժէքը կը հասնի 3,750 միլիոն տոլարի, այսինքն 3 միլիառ 750 միլիոն:

Յանձնախումբը մանրամասնօրէն պրպտած է եւրոպական եւ ամերիկեան առեւտրական եւ տնտեսական պարբերաթերթերը, ուր Թուրքիոյ տնտեսական եւ արդիւնաբերական գործառնութիւնները պատկերացուած են հայերու, թուրքերու, հրեաներու, լըւանթէններու եւ այլ օտարներու կապակցութեամբ:

Ճէյմս Ճերարտ, որ այդ օրերուն Հայաստանի օգտին աշխատող Ամերիկեան կոմիտէի նախագահն էր, կը գրէ.

«Հայերու հարստութեան կորուստը, որ գնահատուած է յատուկ փորձագէտներէ բաղկացած յանձնախումբի կողմէ, կը ներկայացնէ 3,750 միլիոն տոլարի գումար մը»:

Հայաստանի պատուիրակութեան նախագահ Ա. Ահարոնեան Սեւրի դաշնագիրը ստորագրող պետութեանց արտաքին նախարարներու ուղղուած իր յուշագիրին մէջ ի միջի այլոց կը նկատէ.

«Իսկ ի՞նչ կը վերաբերի Թուրքիոյ հայերու պապենական ժառանգութեան` վանքեր, եկեղեցիներ, դպրեվանքեր, մենաստաններ, յիշատակարաններ, մատենադարաններ արուեստի հաւաքածոներ եւ այլն, որոնց արժէքը կը հասնի հարիւրաւոր միլիոններու, նաեւ անձնական ստացուածքը` այն հայերուն, որոնք մինչեւ Եղեռնը Թուրքիա կը բնակէին, այս ամէնը գնահատուած է 3,750 միլիոն տոլար, կողոպտուած, յափշտակուած կամ գրաւուած թուրք կառավարութեան կողմէ»:

Այս գումարը, որ մեր անժամանցելի իրաւունքն է, իբրեւ անժամանցելի մասը Հայ դատին, այսօր, յիսուն տարի ետք, իր բաղադրեալ տոկոսով բազմապատկուած, հասած է 37.145.641.595 (37 միլիառ) տոլարի: Այս հաշիւը հանուած է ելեկտրոնային հաշուեմեքենայով, մասնագէտի մը կողմէ, տարեկան 5 բաղադրեալ տոկոսով:

Մենք 5 տոկոսով հաշուարկեցինք, որովհետեւ թէ՛ Մեծն Բրիտանիա եւ թէ՛ Միացեալ Նահանգներ Հայաստանի Հանրապետութեան ըրած իրենց փոխատուութեան գումարները մինչեւ այսօր կը պահեն իրենց հաշուեմատեաններու մէջ 5 տոկոս տարեկան բաղադրեալ շահով:

Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը 47 տարի առաջ մեզի փոխ տուած է 11 միլիոն 959 հազար 917 տոլար. տարեկան 4 տոկոսի հաշուով, այսօր մեզմէ կը պահանջէ 38 միլիոն 758 հազար տոլար, իսկ Մեծն Բրիտանիա 5 միլիոն սթերլինի փոխարէն, 5 բաղադրեալ տոկոսով, պահանջ կը ներկայացնէ 47 միլիոն 529 հազար 855 ոսկի սթերլին:

Պէտք չէ մոռնալ, որ Թուրքիոյ պարտքին, մեզմէ կորզուած հարստութեան պատասխանատուն միայն Թուրքիան չէ, այլ նաեւ այն պետութիւններն են, որոնք մեր ապահովութիւնը երաշխաւորած էին:

 

«Գուսան» Երգչախումբը

Կոմիտաս Պոլսոյ մէջ իր առաջին համերգները տուեր էր աճապարանքով: Քանի մը շաբթուան փորձերով երեք հարիւր հոգի կրցեր էր հանել բեմ: Իր մոգական ուժը միայն կրնար հապճեպ կազմուած այդ խումբով յափշտակել Պոլիսը:

Եւրոպայէն դառնալէ ետք իր առաջին մտահոգութիւնը եղաւ մարզուած մնայուն խումբ մը ունենալ:

1912 փետրուարին Պոլսոյ թերթերը կը գրէին.

«Կազմուելու վրայ է, Կոմիտաս վարդապետի ղեկավարութեամբ, գեղարուեստական երգեցիկ խումբ մը: Մասնակցիլ ուզողները պէտք է նկատի ունենան հետեւեալ պայմանները. Ա) Իգական սեռը 16 եւ արականը 18 տարեկանէն վեր պէտք է ըլլան: Բ) Կը պահանջուի ձայն եւ լսողութիւն: Գ) Խումբը պիտի ըլլայ մնայուն: Դ) Խումբին անդամները առանց թոյլտուութեան ուրիշ տեղեր պիտի չկարենան երգել: Ե) Մասնակցողները ընկերութիւն մը պիտի կազմեն որոշ կանոններու ենթակայ: Զ) Պիտի սորվին եւ ուսանին ձրիապէս եկեղեցական եւ աշխարհիկ ազգային եւ օտար երաժշտութենէն հատընտիրներ: Է) Պիտի աւանդուի նաեւ եւրոպական տարրական երաժշտութիւն, խմբական շնչամարզութիւն, ձայնամարզութիւն, ձայնական առողջապահութիւն, երգական վերլուծութիւն եւ երաժշտութեան համառօտ ընդհանուր պատմութիւն: Ը) Ժողովատեղին է Բերա, «Էսայեան» վարժարանի սրահը: Դասերը պիտի սկսին կէսօրէն ետք, 4:30-ին իգական եւ 5:30-ին արական սեռի համար, մէկ ժամ օրընդմէջ, իսկ կիրակի օրերը` բոլորը  միասին: Թ) Մասնաւոր դաս (ձայնամարզութիւն, շնչամարզութիւն, ձայնական առողջապահութիւն, երգեցողութիւն, ներդաշնակութիւն, խմբավարութիւն)  կրնան առնել միայն երաժշտական ընդունակութեամբ օժտուածները: Այդպիսիներէն միայն չունեւորները` ձրի:

Այս խումբը հիմնուելիք հայ երաժշտանոցին նախաքայլը պիտի ըլլայ («Ազատամարտ», 1912):

Ու ահա այդ օրերէն կը թուագրուի մնայուն երգչախումբը, զոր Կոմիտաս կազմեց ու մարզեց Պոլսոյ մէջ:

Առաջին իսկ ծանուցումը բաւ է եղեր, որ երիտասարդներու եւ պատանիներու ստուար խումբ մը իրեն վազէ Պոլսոյ բոլոր թաղերէն:

Երգչախումբը «Գուսան» մկրտեց ան ու սկսաւ իր դասերուն:

«Գուսան» երգչախումբին կորիզը Կեդրոնականի հին եւ նոր սաներն եղան, առաւելապէս անոնք, որոնք մարզուեր էին ատենին Չիլինկիրեանի եւ Մանասի ձեռքին տակ: Բայց Կոմիտաս կարիք ունէր իգական ուժերու ալ, եւ այդ ուժերը անոր հայթայթեց առաւելապէս Բերայի «Էսայեան» վարժարանը` վարդապետին տրամադրութեան տակ դնելով ուսուցչուհիներու ամբողջ խումբը եւ աղջկանց լրացուցիչ դասընթացքի երեք դասարանները:

Սխալ պիտի ըլլար կարծել, թէ «Գուսան» երգչախումբը առաջին իսկ օրէն իբրեւ կատարելութիւն մը կը ներկայանար: Ճիշդ է, որ զտումէ մը անցած էին այն 300 երգիչներն ու երգչուհիները, որոնցմով Կոմիտաս կազմեր էր իր առաջին համերգները Պոլսոյ մէջ: Բայց այդ զտուած խումբին մէջ անգամ փոքր թիւ մը չէին կազմեր երաժշտական հիմնական կրթութենէ զուրկ տարրերը, եւ եթէ «Գուսան»-ը իր առաջին համերգներէն իսկ տպաւորութիւն թողուց, այդ բանը ան պարտական էր խումբ մարզելու եւ վարելու մէջ Կոմիտասի ունեցած մոգական ուժին:

Յ. Ճ. ՍԻՐՈՒՆԻ

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Հաուըրտ Գարակէօզեան Հաստատութեան» Սերտարանի Ծրագիր

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?