Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (30 Սեպտեմբեր 1966)

Սեպտեմբեր 30, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Ճակատագրական
Անկիւնադարձ

Բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան, թէ ասիական հարաւ-արեւելքի տիրապետութեան համար մղուող պատերազմը, որուն թատերավայր կը հանդիսանայ հնդկաչինեան թերակղզիին վիեթնամեան հողամասը, հասած է ճակատագրական անկիւնադարձի մը առջեւ: Երկուստեք առնուած քայլ մը կրնայ տանիլ դէպի խաղաղութիւն կամ դէպի ամբողջական պատերազմ` աննախատեսելի հետեւանքներով:

Մարդկութեան գլխուն ծանրացող վտանգին ահաւորութիւնը չափելու համար բաւական է կարդալ այն յուսահատական տեղեկագիրը, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Ու Թան ներկայացուց Միացեալ ազգերու ընդհանուր ժողովին` նոյն ատեն պաշտօնապէս ծանուցելով յառաջիկայ տարեգլխուն իր պաշտօնը լքելու անդառնալի որոշումը:

Ու Թան չծածկեց, թէ իր որոշումին մէջ մեծ դեր ունեցած է վիեթնամեան պատերազմին ներկայ ընթացքը եւ այն զինարշաւը, որուն լծուած են խաղաղութեան եւ աշխարհի ապահովութեան պատասխանատու մեծ տէրութիւնները:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ուզեց մեղմել Ու Թանի տեղեկագրին գործած տպաւորութիւնը` յստակ առաջարկներ ներկայացնելով ի խնդիր խաղաղութեան վերահաստատումին: Շահագրգռուող երկիրները անմիջապէս մերժեցին ամերիկեան առաջարկները, հակառակ անոր որ Սպիտակ տունը կ՛ընդունէր բանակցիլ Հանոյի բանաձեւած «Չորս կէտեր»-ուն շուրջ:

Այսուհանդերձ, կը տիրէ այն կարծիքը, թէ վիեթնամեան պատերազմին ներկայ փուլը, որքան ալ վտանգաւոր թուի, հաշտութեան շատ աւելի մեծ կարելիութիւններ կը ներկայացնէ, քան` նախորդ փուլերը, որովհետեւ հարցերը յաճախ իրենց լուծումին կը յանգին այն ատեն միայն, երբ ամէնէն աւելի կնճռոտած են:

Ներկայիս Վիեթնամի մէջ համախմբուած են բոլոր այն տուեալները, որոնք կրնան մարդկութիւնը տանիլ երրորդ աշխարհամարտի մը արհաւիրքին: Մագլցումը, որ Միացեալ Նահանգներ զինուորապէս կը կատարեն այդ երկրին մէջ, հասած է վտանգաւոր համեմատութիւններու: Խորհրդային Միութիւնը, որ մինչեւ հիմա խօսքի սահմաններուն մէջ կը մնար եւ խորհրդանշական օգնութիւն մը միայն կը կատարէր գաղափարակից հիւսիսին, ժամանակը հասած կրնայ նկատել խօսքէն անցնելու գործի, բայց` ոչ անպայման վիեթնամեան ճակատին վրայ, որովհետեւ, ըստ զինուորական մասնագէտներու, Մոսկուա ի վիճակի չէ ասիական հարաւ-արեւելքի մէջ չափուելու ամերիկեան վիթխարի ուժին հետ, որ շօշափելի դարձած է 7-րդ նաւատորմին սարսափազդու ներկայութեամբ: Հետեւաբար Քրեմլին կրնայ փնտռել ու գտնել այլ ճակատ մը, ուր զինուորական տեսակէտէն ստորադաս դիրքի մէջ չէ Միացեալ Նահանգներու նկատմամբ:

Բոլորն ալ համաձայն են այն իրողութեան շուրջ, որ ներկայիս միայն մէկ վայր կայ, ուր Խորհրդային Միութիւնը տակաւին կրնայ զինուորական գործողութիւն մը ժամանակաւոր յաջողութեամբ պսակել: Եւ այդ վայրը հազարաւոր մղոններով հեռու է վիեթնամեան ռազմադաշտերէն:

Ակնարկութիւնը կ՛երթայ Երրորդ Ռայխի մայրաքաղաք Պերլինի, որ քսան տարիէ ի վեր պարբերական տագնապներու թատերաբեմ կը հանդիսանայ` ընդմէջ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի, եւ ուր Մոսկուա, եթէ ուզէ, կրնայ նեղ կացութեան մատնել Արեւմուտքը, մասնաւորաբար Ամերիկան, որ Պերլինի մէջ պարտութեան մը (հոգ չէ թէ ժամանակաւոր ու մասնակի) ունենալիք ծանր անդրադարձները չէզոքացնելու համար կրնայ դիմել գերագոյն զէնքին` հիւլէական ամբողջական պատերազմի սպառնալիքին:

Այս մասին հրապարակով քիչ կը խօսուի, բայց կասկած չկայ, որ բոլոր պատասխանատուներուն միտքը զբաղած է վիեթնամեան պատերազմին պերլինեան անդրադարձին հաւանականութեամբ: Ու երբ կը մտածեն երրորդ աշխարհամարտի մը մասին, անպայման բոլորն ալ իրենց միտքին մէջ ունին աննախատեսելիին այն չնչին, բայց բախտորոշ բաժինը, որ իբրեւ սխալ մեկնութիւն` ճակատագրական օրերուն կը սպրդի սպայակոյտի հաշիւներուն մէջ:

Մանաւանդ երբ նկատի ունենանք, որ աշխարհի ճակատագիրը վարողներն ալ մարդիկ են վերջապէս:

 

Հանրային Գործիչ, Կրթական Անձնուէր Մշակ
Եւ Վեթերան Դաշնակցական

Ընկեր Ղազար Չարըգ Ոչ Եւս Է

Դառն կսկիծով կը հաղորդենք մահը վեթերան ընկեր Ղազար Չարըգի, որ տասնամեակներ ամբողջ, հայրենի երկրէն մինչեւ արտասահման, անձնուիրութեամբ ծառայեց հայ ժողովուրդին եւ իր կուսակցութեան` իբրեւ հանրային անձնդիր գործիչ, կրթական մշակ եւ հրապարակագիր:

Ընկ. Ղազար Չարըգի մահով հայ ժողովուրդը կը կորսնցնէ մէկը իր գաղափարական առաջնորդներէն, լրջախոհ ու ողջմիտ, պայծառատես ու փորձառու, որ հայ կեանքին մէջ թրծուեցաւ, ապրեցաւ իր ժողովուրդին ամէնէն եղերական օրերը, եղաւ միշտ առաջին գիծերուն վրայ` թէ՛ ազգային, թէ՛ կուսակցական եւ թէ՛ կրթական մարզի մէջ:

Էրզրումի այս զաւակը, Սանասարեանի վերջին շրջանաւարատներէն, երիտասարդ տարիքին նետուեցաւ հանրային ու յեղափոխական կեանքին մէջ, եղբօրը` հանգուցեալ Արամ Չարըգի հետ, եւ այնուհետեւ միայն մէկ ընտանիք ունեցաւ: ՀՅ Դաշնակցութիւնը, որուն նուիրեց գաղափարական մարդու իր ամբողջ եռանդն ու ուժը:

Մասնաւորաբար լիբանանահայ ազգային կեանքը մեծ բան կը պարտի մեր հանգուցեալ ընկերոջ, որ եղաւ փնտռուած անդամը ազգային բարձրագոյն ժողովներուն, ուր սիրուեցաւ եւ յարգուեցաւ իր կշռադատ խոհականութեամբ եւ հարցերուն մօտենալու եւ զանոնք լաւագոյն եղանակով լուծելու թանկագին փորձառութեամբ:

Տասնեակ տարիներով կրթական մշակ` հասցուց հայրենասէր եւ գաղափարական սերունդներ, հայեցի ամուր դաստիարակութեամբ եւ ազգային ոգիով:

Վարեց կուսակցական բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօններ, յատկապէս` Կիլիկիոյ եւ Լիբանանի մէջ, գաղափարական առաջնորդի նուիրումով եւ պարտաճանաչութեամբ:

Իր մահով կը կորսնցնենք հին պահակագունդի վերջին ներկայացուցիչներէն մէկը, որուն անունը անքակտելիօրէն կապուած պիտի մնայ Լիբանանի ազգային եւ կուսակցական կեանքին կազմակերպման եւ զարգացման:

Յաջորդիւ պիտի տանք աւելի լայն մանրամասնութիւններ` իր կեանքին եւ գործունէութեան մասին:

 

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Երկինքը Թքնեց Ձեր Բոլորին Վրայ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?