Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (15 Հոկտեմբեր 1966)

Հոկտեմբեր 15, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լրագրութիւնը

«Արդարութիւն առաւելագոյն է, քան զայլ առաքինութիւնս»
ԴԱՒԻԹ ԱՆՅԱՂԹ

Արդարեւ, խստապահանջ ասպարէզ է լրագրութիւնը: Լրագրութիւն` բառի գաղափարական եւ լայն իմաստով: Բխած` անեղծ նկարագրէ, սկզբունքային անսայթաք կեցուածքէ եւ իրատես ըմբռնումէ, որոնք հարազատօրէն եւ անխախտ կերպով վեր կը դասեն հանրային գերագոյն շահերը` բոլոր այլ շահերէն:

Բարոյական ի՞նչ պարտք կը ծանրանայ լրագրողին վրայ: Եւ բարոյական ի՞նչ պատասխանատուութի՛ւն, առաջին հերթին հանդէպ իրեն` լրագրողին եւ ապա հանրութեան: Հարցականներ, որոնք մշտապէս ցցուած են լրագրողի առաջ:

Որոնելու համար պատասխանը այդ հարցականներուն` թող րոպէ մը աչքի առաջ բերենք այն, թէ ինչպէ՛ս կ՛ընթանայ վերոյիշեալ տուեալներով օժտուած իրաւ լրագրող մը:

Նախ` իրաւ լրագրողը, իր պարտքին լուրջ գիտակցութեամբ, կը մղուի աներկբայօրէն դէպի անաչառութիւն եւ, որ կարեւորն է, ինքնաքննադատութիւն: Այդ իսկ մօտեցումով կը դիտէ հանրային կեանքի մէջ յայտ եկած տխեղծ երեւոյթները, այլ եւ` դրական, հանրաշահ գործերը: Եւ խորազնին կշռադատումով իր խօսքը կ՛ըսէ անվարան ու անկողմնակալ, առանց առաձգական ու մանուածապատ դարձուածքներու, որոնք ուրիշ բանի պիտի չծառայեն, բացի ընթերցողը շփոթութեան մատնելէ: Պա՛րզ: Անոր խօսքը կ՛ըլլայ որոշ, դիւրըմբռնելի եւ հիմնուած` խօսուն փաստերու վրայ, բայց միշտ ի մտի ունենալով այն իմաստութիւնը, որ մարդս սխալական է: Ըսել է` արժէք կու տայ հանրային կարծիքին, դիմացինի խօսքին, եթէ իրաւօրէն մատնանշուի իր սխալը:

Իրաւ լրագրողի արտայայտած միտքերը որոշ ու դիւրըմբռնելի կը դարձուին այն պարզ նկատումով, որ տարբեր ընթերցողներ տարբեր մեկնաբանութիւններ չընեն, այլ մէկ եւ միայն մէկ մեկնաբանութեամբ հասկցուի իր գրածը, ինչպէս որ կը մեկնաբանուի օրինագրքի իւրաքանչիւր յօդուածը:

Լոկ ճշմարտութիւնն է, որ կը դառնայ անշեղ ուղեցոյց` իրաւ լրագրողի ըսած խօսքին: Արժէք չի տար այն «մտահոգութեան», որ ճշմարտութիւնը երեւան հանելով` կրնայ վշտացնել նոյնիսկ իր ամենամտերիմ բարեկամը, կամ` ամենամօտ ծանօթը, որովհետեւ հանրային շահը ան կը համարէ վերադաս որեւէ փափկանկատութենէ: Իրապէս ազգային-հասարակական կեանքի բարգաւաճումն է, որ կ՛առաջնորդէ զինք:

Կարեւորագո՞յնը:

Իրաւ լրագրողը, հեռո՛ւ, բացարձակապէս ու արմատապէս հեռու է եսական հակումներէ այն ճիշդ ըմբռնումով, որ եթէ իր մէջ տեղ գտնէ եսը եւ նկատելիօրէն փայլ ստանայ իր գրուածքին մէջ, առանց այլեւայլի այդ գրուածքը պիտի կորսնցնէ իր արժէքն ու կշիռը, որքան ալ ուռուցիկ բառերով եւ վերամբարձ թռիչքներով զարդարուած ըլլայ ան: Տարակոյս չկայ, որ եսի փայլեցումով չի կրնար լրագրողը հեղինակութիւն շահիլ, եւ եթէ ինչ-ինչ հանգամանքներու յաջող դասաւորումով նոյնիսկ շահ նկատուի այդ հեղինակութիւնը, այդ կ՛ըլլայ առժամեայ եւ խաբուսիկ: Ուզէ թէ ոչ, վերջիվերջոյ տեղի պիտի տայ հանրային առողջ կարծիքին, ի սպառ հրաժարելով եսէն եւ իր ըսելիքը դարձնելով զուտ առարկայական հիմունքներու վրայ:

Ուրիշ կարեւոր կէտ մը:

Եթէ իրաւ լրագրողը, գաղափարական պայքարի գծով, աղաղակող արդարութենէն ծագած յստակ տեսակէտ մը կը պաշտպանէ, ան անվախ կերպով կը կառչի այդ տեսակէտին, եթէ նոյնիսկ ամբողջ շրջապատը, ամբողջ միջավայրը ծառանան իր դէմ: Այսպիսով, ան երբե՛ք չ՛ընկրկիր, անգամ այն պարագային, եթէ մինչեւ իսկ խախտուի հանրային բնականոն կեանքը` ստեղծելով ամբոխավարական հասարակակարգ մը եւ գոյացնելով արհեստական հանրային կարծիք:

Իրաւ լրագրողէն դուք չէք գտներ պարբերութիւն մը, նախադասութիւն մը, որ պոռոտախօսութեան հետք ունենայ: Ընդհակառակն, պիտի նկատէք այնտեղ այն առաքինութիւնը, որուն համեստութիւն անունը կու տանք: Ինչպէս, օրինակ, երբ անգամ մը կը հարցնեն մեծ իմաստասէրի մը, թէ ի՞նչ գիտէ, կը պատասխանէ. «Այսքանը գիտեմ, որ ոչինչ գիտեմ»:

Ամէնէն ետք:

Իրաւ լրագրողը կը խուսափի աւելորդ խորհրդածութիւններ ընելէ եւ կը կեդրոնանայ միայն բուն նիւթին վրայ այն պարզ հասկացողութեամբ, որ յաճախ ընթերցողն ալ կը խուսափի երկարապատում խորհրդածութիւններ կարդալէ, ուշադրութեան առնելով միայն բուն նիւթը. մանաւանդ` մերօրեայ կեանքին մէջ, երբ արագաթռիչ օդանաւերու դարուն կ՛ապրինք, եւ ամէն ինչ կը կատարուի սրընթաց: Ահա այդ նկատառումով է, որ ան` իրաւ լրագրողը, իր գրածը կը դարձնէ ըստ կարելւոյն խտացուած, ինչպէս որ թերթերն ալ միշտ կը պահանջեն գրել կարճ, ամփոփ:

Այդ հիմունքներու վրայ է անտարակոյս, որ իրաւ լրագրողը կը մշակէ իր լրագրական վարքագիծը:

Ա. ՋՈՒՂԵԱՆ

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Վայրի Կեանքը Կը Վերադառնայ Մաքարիոյ Մէջ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?