Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (1 Հոկտեմբեր 1966)

Հոկտեմբեր 1, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 Հայրենիք

 Անկախութեան Իրաւունքը

Սխալ է երկրի մը մէջ տեղի ունեցած վայրագութիւնները, կեղեքումները եւ արիւնահեղումները վերագրել ազգի մը կառավարելու անատակութեան: Եթէ նորանկախ ափրիկեան երկիրներու կառավարելու կարողութիւնը չափենք հոն թաւալող յաճախադէպ խռովութիւններու եւ քաղաքացիական բարբարոսական կռիւներու գումարով ու ահագնութիւնով, այն ատեն կառավարելու անընդունակ պէտք է նկատենք Գերմանիան` հիթլերեան տիրակալութեան զարհուրելի նախճիրներով, Ռուսիան` ստալինեան քստմնեցուցիչ կոտորածներով եւ բնաջնջումի քաղաքականութիւնով եւ այլն: Այս տխրայիշատակ իրադարձութիւնները չեն ցուցաբերեր այդ ազգերու կառավարելու անկարողութիւնը: Ասոնք անխուսափելի դրսեւորումներն են պատմաշրջանի մը հոլովոյթին եւ ստիպողութեան:

Իսկ ափրիկեան նորանկախ երկիրներու արժանիքը արատաւորող արագ վերիվայրումներու յաճախութիւնը արգասիք է յոռի եւ դժուար ուղղելի պայմաններու: Ափրիկեան նորազատ ազգերը դեռ կազմաւորուած ազգութիւններ չեն. մշակութային եւ թեքնիք աւանդութիւններով միաձուլուած հաւաքականութիւններ չեն: Յանցանքը իրենցը չէ, այլ գաղութարար տէրութիւններուն է, որոնք իրենց մուծած բազմատեսակ բարիքներով եւ բերած յառաջատար ազդակներով հանդերձ, աշխատեր են սրել միջցեղային հակամարտութիւնները, բաժաներ են իրարմէ զանոնք վրէժի եւ ատելութեան զգացումներով, որպէսզի աւելի դիւրութեամբ կարենան տիրել: Քաջալերեր են ճորտատիրութիւնը եւ լայնցուցեր` հասարակ ժողովուրդի ու ճորտատէրերու միջեւ եղած վիհը: Բնական է, որ ներքին յեղափոխութիւնը տեղի պիտի ունենայ ստեղծելու համար կայուն իրավիճակ մը: Եւ այս անհրաժեշտ շրջափոխութիւնը կրնայ յաջողիլ միայն ժամանակի ընթացքին եւ երկարատեւ յեղաշրջումներէ ետք:

Ինչ կը վերաբերի անկախութիւնը տարակոյսով ընդունող կամ բոլորովին ուրացող հայերուն, անոնք դարերով ապրած ըլլալով իբրեւ հպատակ օտարին` վարժուեր են ենթակայութեան, կրաւորականութեան եւ ուրիշէն կառավարուելու սովորութեան: Այս ողբալի մտայնութիւնը այնքան խոր արմատ ձգած է, որ ջլատած է ձեռներէցութեան, ինքնավստահութեան ոգին եւ մթագնած է ինքնաճանաչումը` ազգային արժէքի եւ արժանիքի:

Արդ, ինչպէ՞ս կը հասկացուի, թէ ազգ մը պատրաստ է անկախութեան:

– Միայն եւ միայն այն ատեն, երբ ժողովուրդ մը անկախ դառնալու իր վճռական կամքը կ՛արտայայտէ: Գաղութարարները պատմութեան մէջ բնաւ անկախութիւն չեն շնորհած: Անկախութիւնը անոնցմէ խլուած է ազատագրական մաքառումներով: Քսաներորդ դարու բնորոշ եւ բարեբաստիկ առաւելութիւնը այն է, որ ազգերու անկախութեան ձգտումին զօրավիգ կանգնած է միջազգային հանրային կարծիքը, մինչեւ իսկ գաղութարարներու սեփական ժողովուրդը: Իրլանտայէն սկսած մինչեւ Հնդկաստան եւ Նիկերիա անկախութեան տիրացան շնորհիւ աջակցութեանը անգլիացի ժողովուրդին եւ անոր հանրային կարծիքի ճնշումին: Ալճերիան, Մարոքը, Թունուզը, Հնդկաչինը անկախ դարձան շնորհիւ այս երկիրներու պայքարին եւ ֆրանսական ժողովուրդի համակրանքին` հանդէպ մարտնչող ազգերուն:

Անազատ ազգերը եռացող կաթսայ են. երբ շոգին իր բարձրագոյն ճնշումին հասնի, կափարիչը անխուսափելի կերպով պիտի պայթի: Բնութեան անշեղ օրէնքն է այս:

Անկախութիւն` բոլոր անազատ ազգերուն. եւ ո՛րքան շուտ, այնքա՛ն լաւ ու բարի մարդկութեան համար:

 

Արմենիա

Լուռ Աշխատանք

Կ՛ակնարկենք այն աշխատանքին, որ անաղմուկ եւ ներամփոփ կը կատարեն մարդիկ` ծրագրուած նպատակի մը իրագործման համար:

Մարդկային յառաջդիմութեան առաջին պայմանը աշխատանքն է:

Առօրեայ աննշան կարծուած ճիգերու գումար մըն է յաճախ մեծութիւն մը:

Արհամարհուած այդ ճիգերուն յումպէտս վատնումը դառնութիւններ պիտի պատճառէր օր մը ենթականերուն, որոնք ամէն ինչ կ՛ուզեն արագօրէն ձեռք բերել:

Լուռ եւ կեդրոնացած աշխատանքը պայման է մանաւանդ նորերուն համար:

Իրենց երկրորդական ուսումը ստացած եւ մասնագիտութեան պատրաստուող շատ մը երիտասարդներ կէս ճամբան մնացած են, ոչ թէ որովհետեւ բնական ուշիմութիւն եւ կարողութիւն պակսած են իրենց, այլ` անոր համար, որ չեն ունեցած կամք` նստելու սեղանին առջեւ եւ ուսումնասիրելու իրենց ընտրած մասնագիտութեան վերաբերեալ գիրքեր կամ հրատարակութիւնները:

Ցրուած, ամէն ինչով տարուած ուսանող մը, որ կը շեղի ծրագրով իրեն յանձնարարուած պրպտումներէ, ուշ կամ կանուխ պիտի ձախողի:

Աշխատանքը պիտի դառնար հաճելի ու կրթիչ, եթէ յարատեւօրէն լծուէր ուսումնասիրութեան:

Երիտասարդութիւնը խոցող շեղումներուն մէջ կեդրոնացման ճիգի պակասը ամէնէն վտանգաւորն է:

Խոյս տալ զինք մտաւոր պատրաստութենէ հեռացնող զբաղումներէ եւ կեդրոնանալ իր մտային զարգացման հետ առնչուած նիւթերու վրայ, պարտականութիւն մըն է, որ պիտի դառնար քիչ ատենէն կեանքի պայքարին համար անփոխարինելի նպաստ մը:

Վրիպած երիտասարդներու բանակ մը կայ ամէն տեղ:

Անոնցմէ շատերը իրենց ժամանակը կը սպաննեն անտեղի զբաղումներով:

Մերթ պարեր, մերթ սպառիչ ժամանցներ, յաճախ ամէն տեղ եւ ամէնուն հետ ըլլալու բաղձանքներ պատճառ կը դառնան, որ ծալած գիրք եւ տետրակ` մոռնան տեղ մը հասնելու հրամայական պահանջը:

Լուռ աշխատանքը կ՛ենթադրէ կեդրոնացում:

Բոլոր մեծ դէմքերը առանձնութեան մէջ լուռ պրպտումներով հասած են իրենց նպատակին:

Աղմուկ, խառնիճաղանճ, յոգնեցնող ու ռամիկ փոխասացութիւններ չեն կրնար տեղ մը հասցնել անհատը, որ սեւեռուն ծրագիր մը ունի:

Հրաժարած կարգ մը հաճոյքներէ, քաշուած իր աշտարակին մէջ` մարդ պէտք է մերթ փնտռէ իր հոգեկան ուժերը: Լծուի ստեղծագործ աշխատանքի եւ զարգացնէ իր միտքը:

Կարգ ու կանոնը կեանքի մէջ պայման են տեղ մը հասնելու համար:

Լուռ աշխատանքով, կեդրոնացած ճիգերով կարելի պիտի ըլլար ոչ միայն յաջողօրէն աւարտել որեւէ մասնագիտութիւն, այլ եւ սորվիլ պիտանի մէկ-երկու լեզու, հմտանալ, ուժ տալ ընդհանուր զարգացման:

Առանձնապէս հայերս պահանջ ունինք այս ուղղութեամբ պատրաստուած սերունդներու:

Պահանջ ունինք որակեալ երիտասարդներու, լուրջ, ծանրագլուխ, համեստ, այլ մանաւանդ` զոհողութեան ճամբէն քալելու տրամադիր:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ինչո՞ւ Այս Տարի Աշունը Սկսաւ 22 Սեպտեմբերին

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?