Մեր Տեսակցութիւնները Պուլկարահայ Մանուկեան Արուեստագէտ Ամոլին Հետ

Նախապէս առնուած ժամադրութեամբ, ուրբաթ, 21 հոկտ. կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, տեսակցութիւն մը ունեցանք քաղաքս նոր ժամանած պուլկարահայ Շաւարշ Մանուկեան եւ Սեդա Մանուկեան արուեստագէտ ամոլին հետ: «Ամէնուն Տարեգիրքը»-ի խմբագրապետ-մտաւորական Կարօ Գէորգեանի ներկայութեան եւ իր բնակարանին մէջ:
Մեր ուղղած բոլոր հարցումներուն պատասխանելով` տուին հետեւեալ անհրաժեշտ տեղեկութիւնները:
Շաւարշ Մանուկեան ծնած է Պուլկարիոյ Սլիվեն քաղաքը, 1919-ին: Փոխադրուելով Պոլիս` տեղւոյն վիեննական Մխիթարեան վարժարանին մէջ ստացած է իր նախնական կրթութիւնը, 1932-ին, վերադառնալով Սոֆիա, աւարտած է ֆրանսական քոլեճը: Թատերական գործունէութեան նուիրուած է երիտասարդ հասակին, իսկ 1948-էն սկսեալ անդամակցած է պետական երաժշտական թատրոնին (օփերեթ): Աւարտած է նաեւ չորս տարուան դերասանական ակադեմիան: Այնուհետեւ, հետզհետէ դրսեւորելով կատակերգակ դերասանի իր տաղանդը, դարձած է պետական այդ թատրոնին առաջաւոր դէմքերէն մէկը: Բեմ ելած է 50-է աւելի դերերով, որոնք կազմած են բեմադրուած թատերախաղերուն առանցքը:
– Բեմադրիչներ,- ըսաւ Շ. Մանուկեան,- իրենց բեմադրութիւններուն մէջ միշտ փնտռած են իմ մասնակցութիւնս, թատերախաղի մը տիպիկ կատակերգակ դերերու համար, ու այդ դերերուն մէջ յաւելուածաբար եւ ըստ պարագայի գրած եմ նաեւ իմ ինքնայատուկ ըմբռնումներուս արտայայտութիւնը, ինչ որ ծանօթ ըլլալով թատերասէր հասարակութեան, ստեղծած է միշտ կանխակալ հետաքրքրութիւն մը:
Օտար դասական հեղինակներու գործերու կարգին, ունեցած եմ անհրաժեշտ նախանձախնդրութիւնը պուլկար հասարակութեան ներկայացնելու նաեւ հայկական արժէքներ եւ, փոխադարձաբար, պուլկարական թատերախաղեր հայերէնի թարգմանելով` սիրողներու գործակցութեամբ բեմագրած եմ եւ պուլկարահայ համայնքներու մէջ:
Առաջին պարագային, Հայաստանէն բերել տալով Ջուխաճեանի «Կարինէ», իր վաղեմի անունով` «Լէպլէպիճի Հօր – հօր աղա», օփերեթի բնագիրը, թարգմանած եմ պուլկարերէնի եւ 120 դերակատարներու գործակցութեամբ 80 անգամ բեմադրուած է պուլկարական թատրոնի մէջ: Այս թատերախաղին մէջ ես ինքս ստանձնած եմ Հօր-հօր աղայի գլխաւոր դերը:
– Դասակա՞ն, թէ՞ արդիական օփերեթներու նախապատուութիւն տուած էք ձեր թատերական գործունէութեան ընթացքին:
– Երկուքն ալ համարժէք են ինծի համար, որովհետեւ միշտ յաջողած եմ ըմբռնել թատերասէր հասարակութեան ճաշակն ու ցանկութիւնները եւ, ըստ պարագայի, մասնակցած եմ դասական օփերեթներու բեմադրութեան, ինչպիսին` «Զուարթ այրին» (Ֆրանց Լեհար), «Գեղանի Հելենը» (Օֆեն Պախ), «Չարտաշի թագուհին» (Քալման), «Ջղչիկը» (Եոհան Շթրաուս) եւ այլն, այլեւ` արդիական զանազան թատերախաղերու, գլխաւորաբար պուլկար հեղինակներու ստեղծագործութիւններ, որոնց մէջ եւս յաջողած եմ դրսեւորել կատակերգակ դերասանի ընդունակութիւնս:
Շ. Մանուկեան բեմ ելած է նաեւ Մոսկուայի եւ Լենինկրատի օփերեթային թատրոններու մէջ, մասնաւոր հրաւէրներով: Մոսկուայի թատերական քննադատները «կախարդական կատակերգակ դերասան» բնորոշումով գնահատած են Շ. Մանուկեանին արուեստը:
Շ. Մանուկեան եղած է նաեւ բեմադրիչ` ինքնագործ թատերախումբերու եւ ներկայացումներ սարքած է Սոֆիայի եւ գաւառներու մէջ:
Փնտռուած է նաեւ պուլկարական պատկերասփիւռէն, որուն յաճախ կը բերէ իր մասնակցութիւնը` զանազան թատերական ելոյթներու մէջ:
***
Ինչպէս ըսինք, իրեն կ՛ընկերանայ իր կինը` Սեդա Մանուկեան, որ իր կարգին երաժշտական ասպարէզի մէջ սիրուած արուեստագիտուհի մըն է` իբրեւ երգչուհի (լիրիք սոփրանօ) եւ պարագայօրէն նաեւ` դերակատար:
Աւարտած է Պուլկարիոյ պետական երաժշտանոցը: 7 տարի մաս կազմած է պետական երգի-պարի անսամպլին` իբրեւ մեներգչուհի, իսկ վերջին երեք տարին մասնակցած է պետական երաժշտական թատերախումբին: Վարած է նմանապէս երգչախումբեր եւ գրաւած է երկրորդ տեղը հանրապետական փառատօնի մը առիթով: Իր երգացանկը դասական արիաներու կարգին կը պարունակէ նաեւ հայկական երգեր:
Որոշ ատեն մը, իրենց Պէյրութ բնակութեան շրջանին, տեղւոյս թատերասէրները վստահօրէն շատ ուրախ պիտի ըլլային բեմի վրայ տեսնելով արուեստագէտ զոյգը եւ վայելելու Շ. Մանուկեանի բեմադրելիք թատերախաղերը եւ իր կնոջ մէկ երգահանդէսը:
Յոյս ունինք, որ լիբանանահայ թատերական կեանքին նուիրուած թատերասէրները իրենց լաւագոյն աջակցութիւնը պիտի բերեն այս ձեռնարկներուն` չզրկելու համար պէյրութահայութիւնը արուեստագէտ ամոլին թատերական-երաժշտական արուեստի ելոյթներէն:
ՀՐԱԶԴԱՆ