Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (26 Հոկտեմբեր 1966)

Հոկտեմբեր 26, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Լենինի Եւ Աթաթիւրքի
Հետքերով

Խորհրդային Միութեան վարչապետ Ալեքսի Քոսիկին հոկտեմբերին պիտի այցելէ Թուրքիա: 1960-էն ի վեր Անգարայէն Մոսկուա երկարող գիծը  ջուրի ճամբայ դարձաւ խորհրդային եւ թուրք պետական մարդոց համար, որոնք փոխադարձ այցելութիւններով կը ջանան վերագտնել թուրքեւ խորհրդային բարեկամութեան երանելի օրերը, Լենինի եւ Աթաթուրքի հետքերով:

Բ. Աշխարհամարտի «արկածէն» ետք, երբ Ստալին, ըստ Խրուշչովի եւ անոր յաջորդներուն, անխոհեմութիւնը ունեցաւ պահանջներ ներկայացնելու Թուրքիոյ, քրեմլինեան դիւանագիտութիւնը ոչ մէկ ջանք խնայեց հարաւի իր դրացիին տալու համար երաշխիքներ` Խորհրդային Միութեան բարեկամական ցանկութիւններուն մասին, որոնք նոյնիսկ գործնական ընթացքի մէջ մտան Անգարայի առաջարկուած նիւթական եւ թեքնիք օժանդակութիւններու շլացուցիչ առաջարկներով:

Հիմա, Քոսիկին այցելութեան նախօրեակին, Անգարայի պետական շրջանակները կը պատրաստուին առաւելագոյն չափով օգտուելու ընծայուած առիթէն` ամրացնելու համար ճակատ մը, որ շարունակ մտահոգութեան աղբիւր եղած է Աթաթիւրքի երկրին համար: Դաշնակից մնալով հանդերձ Միացեալ Նահանգներուն, որոնք մինչեւ հիմա միլիառաւոր տոլարներ թափեցին Թուրքիա կոչուող դանայեան տակառին մէջ, Անգարա, որ արուեստի բարձրութեան հասցուցած է երկու լարի վրայ խաղալու դիւանագիտութիւնը, կ՛ուզէ զօրացնել բարեկամութիւն մը, որ մինչեւ հիմա շատ մը տաղտուկներէ փրկած է զինք, մասնաւորաբար` Հայկական հարցին տաղտուկէն:

Այս մարզին մէջ Խորհրդային Միութիւնը ցարդ առաւելագոյն զիջումները կատարելու բոլոր տրամադրութիւնները ցոյց տուաւ` տապանաքար մը դնելով իբր թէ իր «պաշտպանութեան» յանձնուած ժողովուրդի մը արդար դատին վրայ: Հայ ժողովուրդի անունով եղած արհեստական սպառնալիքներու եւ անոնց անմիջական յաջորդող հրաժարումներու եւ լքումներու երկար շարք մը եղաւ խորհրդային դիւանագիտութիւնը վերջին տասնամեակներու ընթացքին` միշտ ի խնդիր թրքական բարեկամութեան, որ քրեմլինեան նժարին մէջ շատ աւելի ծանր կը կշռէր, քան` հայ ժողովուրդին շահերը:

Փուրքորնիի այցելութեան օրերուն թուրքեւխորհրդային սահմանը դարձաւ «բարեկամութեան սահման», իսկ Սեւ ծովը` «բարեկամութեան ծով»: Այս անգամ ալ Քոսիկին պէտք եղած բացատրութիւնները պիտի գտնէ շոյելու համար թուրքերու ինքնասիրութիւնը, բայց մանաւանդ պիտի աշխատի գործնական առաջակներ ներկայացնել` լաւապէս ծանօթ ըլլալով թուրքերու շահամոլութեան:

Հողային եւ այլ պահանջներէ հրաժարած Մոսկուա մը լաւագոյն դրացին կրնայ ըլլալ Թուրքիոյ համար, մանաւանդ` միջազգային քաղաքական կեանքի ներկայ դասաւորման մէջ, ուր Թուրքիոյ համար, մանաւանդ` միջազգային քաղաքական կեանքի ներկայ դասաւորման մէջ, ուր Թուրքիոյ նման երկիրներ միջոցը կը գտնեն օգտուելու Արեւմուտքէն եւ Արեւելքէն:

Այլ գետնի մը վրայ եւս շատ մեծ կարեւորութիւն մը կ՛ընծայուի Քոսիկին Անգարա այցելութեան, մանաւանդ` այս օրերուն, երբ Խորհրդային Միութիւնը կը փորձէ նոր թափանցումներ կատարել Միջին Արեւելքի մէջ: Քոսիկին հիմնական առաջադրանքներէն մէկը պիտի ըլլայ որոշ ապահովութիւններ տալ Անգարայի վարիչներուն` փարատելու համար մտահոգութիւններ, որոնք սկսած են տեսանելի դառնալ ատենէ մը ի վեր:

Իր կարգին, Թուրքիա պիտի ջանայ առաւելագոյն չափով օգտուիլ Քոսիկին այցելութենէն` կիպրական հարցին մէջ խորհրդային բարեկամութիւնը շահագործելու դիտաւորութեամբ:

Այս բոլորը անշուշտ չեն խուսափիր Թուրքիոյ դաշնակիցներուն նկատողութենէն, ու կասկած չկայ, թէ Անգարա հաւատարմութեան «վստահելի» հաւաստիքներ պիտի տայ նաեւ անոնց, ինչպէս տուած է ասկէ առաջ, ամէն անգամ որ խորհրդային ղեկավար մը եկած է «յուզիչ սրտակցութեամբ» վերյիշելու Լենինի եւ Աթաթուրքի երանելի՜ օրերը:

Թուրքերը անգերազանցելի վարպետներ են այս մարզին մէջ:

 

«Փիթըր Եւ Էլիզապէթ Թորոսեան»
Վարժարանին Բացումը

torossian-varjaran_26101966

Բարձր հովանաւորութեամբ կրթական նախարար Ֆուատ Պութրոսի, կիրակի, 30 հոկտեմբեր 1966, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Հայ աւետարանական «Փիթըր եւ Էլիզապէթ Թորոսեան» վարժարանի նորակառոյց շէնքին բացումը (Տորա):

Հողը գնուած էր քանի մը տարի առաջ` բարերարութեամբ ամերիկահայ տէր եւ տիկին Փիթըր Թորոսեաններու:

Նորակառոյց արդիական եւ գեղակերտ շէնքը (հող, շինութիւն եւ ներքին սարքաւորում) արժած է 350.000 լիբանանեան ոսկի:

Բացման հանդէսին ներկայ պիտի գտնուի նաեւ հանգուցեալ բարերարին այրին` Էլիզապէթ Թորոսեան:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ» Իննիսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Հայ Ազատամարտիկներու Յառաջխաղացք Մարտակերտի Ճակատին Վրայ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?