Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (11 Հոկտեմբեր 1966)

Հոկտեմբեր 11, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ակնարկ

Իրական Մեծութիւնը

Եթովպիոյ կայսրը` Հայլէ Սելասիէ: Լիբանանի հիւրն է կիրակիէն ի վեր:

Վստահ ենք, որ արքայից արքան, իր շրջապտոյտին մէջ, առաւելագոյն ջերմութիւնը պիտի գտնէ մեր երկրին մէջ, ինքնաբուխ համակրանքի եւ յարգանքի այն մթնոլորտը, որ Լիբանան միշտ գիտցած է ստեղծել իսկական մեծութիւներուն համար:

Ու Հայլէ Սելասիէ այդ մեծութիւներէն մէկն է, իմաստուն վեհապետը երկրի մը, որուն ողջակիզումը Բ. Աշխարհամարտի նախորդող տարիներուն եղաւ նախաքայլը համաշխարհային բռնկումին:

Ազգերու դաշնակցութիւնը` ենթակայ մեծ պետութիւններու անխոստովանելի հաշիւներուն, անզօր եղաւ Եթովպիան փրկելու իր ճիգերուն մէջ, երբ Մուսոլինիի արդիազէն բանակները իտալական Էրիթրէէն եւ Սոմալիէն յարձակեցան Նեկիւսի երկրին վրայ:

Հայլէ Սելասիէ ստիպուեցաւ կռուիլ անհաւասար ուժերու դէմ` իր բանակներուն մարտունակութեամբ եւ իր անձնական անդրդուելի վճռակամութեամբ հիացում պատճառելով համայն աշխարհին:

Այդ հիացումը, սակայն, չկրցաւ արգելք ըլլալ իտալական բանակներուն, որոնք ահեղ ճակատամարտներէ ետք, գրաւեցին Եթովպիան` աքսորի մատնելով խիզախ կայսրը:

Եթովպիա հինգ տարի մնաց իտալական տիրապետութեան ենթակայ, մինչեւ որ անգլիական եւ ֆրանսական բանակները, հապէշ փարթիզաներու օժանդակութեամբ, վերագրաւեցին երկիրը եւ Նեկիւս իր գահին տիրացաւ կրկին:

Անկէ ի վեր անցած է շուրջ քառորդ դար: Աշխարհի քարտէսը փոխուած է: Եթովպիոյ շուրջ, ափրիկեան բազմաթիւ ժողովուրդներ տիրացած են իրենց անկախութեան, յաճախ իրարու հետ վէճեր կ՛ունենան, բայց բոլորն ալ կ՛ընդունին Հայլէ Սելասիէի հեղինակութիւնը, մանաւանդ անոր իմաստութիւնը` քաղաքական հարցերու մէջ:

Աշխարհի մը մէջ, ուր արժէքներու նոր չափանիշներ կը պարտադրուին յաճախ, շատ դժուար պիտի ըլլար իրական արժէքներու հաստատումը կատարել, եթէ չըլլային Նեկիւսները, որոնք գիտցած են իրենց սահմանափակ կարելիութիւները առաւելագոյն արդիւնքներու արժանացնել:

 

Տնտեսական Կեանք

Լիբանանի Կանաչութիւնը
Եւ Այծերը

Երկար ատենէ ի վեր խնդրոյ առարկայ է Լիբանանի այծերուն պարագան: Երկրագործական նախարարութեան պատրաստած «Կանաչ ծրագիր»-ով Լիբանանի մէջ պիտի զարգանայ ծառամշակութիւնը անտառներու մէջ, լերկ լեռներու վրայ եւ ճամբաներու եզերքը: Այս ուղղութեամբ, ամէն տարի, յունուարի մէջ, «Ծառերու օր» յայտարարուած է: Լիբանանի բոլոր քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ պաշտօնական արարողութիւներով երիտասարդութիւնը եւ յատկապէս աշակերտ-աշակերտուհիներ կ՛երթան դաշտերը` հաւաքաբար ծառեր տնկելու: Այսպէս, տարուէ տարի Լիբանան կը հարստանայ նոր ծառերու մշակութեամբ:

Բայց չի բաւեր միայն կանաչութիւնը զարգացնել, այլ պէտք է պաշտպանել նաեւ վնաս հասցնող անասուններու դէմ: Դժբախտաբար հաստատուած իրականութիւն է, որ այծերը մեծագոյն թշնամիներն են Լիբանանի կանաչութեան: Լիբանան չունենալով բաւարար արօտավայրեր` կերակրելու համար երկրին մէջ գտնուող այծերը, այս պատճառով ալ այծերը դուրս կու գան գիւղերէն, առաջին առիթով կը յարձակին ցանուած արտերուն, այգիներուն եւ անտառներուն վրայ:

Եւրոպական բազմաթիւ երկիրներու մէջ այծերու պահպանումը արգիլուած է արդէն` պարզապէս պաշտպանելու եւ զարգացնելու համար երկրին կանաչութիւնը: Ներկայիս Լիբանանի երկրագործական նախարարութիւնը եւս այս ուղղութեամբ ուսումնասիրած ծրագիր մը պատրաստած է այծաբուծութիւնը հետզհետէ ջնջելու համար:

Պաշտօնական վիճակագրութիւններու համաձայն, Լիբանանի մէջ կը հաշուեն մօտ 475 հազար այծ եւ 255 հազար ոչխար. գումար` 730 հազար: Լիբանանի մարգագետինները հազիւ այս անասուններուն մէկ երրորդը ի վիճակի է կերակրելու: Շատ բնական է, որ անօթի  անասուններ պիտի վազեն, ուր որ կանաչութիւն կայ: Այս պատճառով ալ յաճախ արիւնալի բախումներ տեղի կ՛ունենան գիւղացիներուն եւ այծերու տէրերուն միջեւ:

Լիբանան տարեկան 131 միլիոն լ. ոսկի արժողութեամբ մսացու կենդանի եւ կենդանական արտադրութիւն կը ներածէ դուրսէն: Որով, այծերը իբրեւ նուազ արտադրող կենդանի, կարելի է փոխարինել ոչխարներով եւ կովերով: Ինչպէս գիտէք, այս անասուները աւելի շատ օգտակարութիւն ունին գիւղատնտեսութեան սննդեղէնի ճիւղին մէջ, քան` այծերը: Եթէ իրագործուի այծերու վերաբերեալ նախարարութեան պատրաստած ծրագիրը, սննդեղէնի ներածումները զգալիօրէն պիտի նուազին:

Այն գիւղացիները, որոնք միայն այծաբուծութեամբ կը զբաղին, շատ խեղճ եւ կարելի է ըսել` դեռ նախնական վիճակի մէջ կ՛ապրին, բոլորովին հեռու` ներկայ դարուն կեանքի պայմաններէն: Որով, փոխելով անասուններու տեսակը` գիւղացիներն ալ հետզհետէ պիտի ունենան տնտեսական աւելի նպաստաւոր եւ տանելի ապրելակերպ:

Այծերու թիւը պակսեցնելու եւ հետագային բոլորովին ոչնչացնելու համար կը ծրագրուի կարգ մը գործնական միջոցներու դիմել: Այսպէս, քաջալերելու համար այծերու սպանութիւնը` իբրեւ մսացուի, պիտի առաջարկուի գիւղացիներուն բարձր գինով գնել այծերը` վճարելով կանխիկ դրամ եւ կամ փոխարէնը ոչխար եւ կով տալ: «Կանաչ ծրագիր»-ին համաձայն, կառավարութիւնը պիտի օժանդակէ գիւղացին` անասուններուն խոտ տալով եւ ախոռներ շինելով: Այսպիսով, անասունները պաշտպանուած պիտի ըլլան թէ՛ ցուրտէն եւ թէ՛ տաքէն: Յետոյ, առիթ պիտի չունենան դաշտերը վազելով` կանաչութիւնները փճացնելու:

Գիւղատնտեսութեան մէջ անասնաբուծութիւնը գիւղացիին համար շահաբեր եւ նաեւ յարմարագոյն զբաղումն է, եթէ արտադրուած սննդեղէնները` կաթ, մածուն, պանիր, հաւկիթ եւ միս, հնարաւոր ըլլան լաւ պայմաններով վաճառել: Այս մասին կառավարութիւնը կը մտածէ հեռաւոր շրջաններու մէջ հաստատել սառնարան-մթերանոցներ` դիւրացնելու համար պահպանումը հաւաքուած սննդեղէններուն:

Արդարեւ, գիւղատնտեսութեան զարգացումով գիւղացին պիտի կապուի հողին` փոխանակ անգործ թափառելու քաղաքներու փողոցներուն մէջ: Յետոյ, գիւղացիին տնտեսութիւնը քայքայող պատճառներէն մէկն ալ տոկոսով դրամ առնելն է անխիղճ վաշխառուներէ, որոնք ուղղակի կը դժուարացնեն արդէն իսկ խարխուլ  տնտեսութիւնը:

Այծաբուծութիւնը ջնջելու համար երկրագործութեան նախարարութեան պատրաստած ծրագրին, գործադրութիւնը կը պահանջէ 3,5 միլիոն ոսկի ծախս մը, որուն 2,5 միլիոնը պիտի հայթայթուի ՄԱԿ-ի գրասենեակին կողմէ, իսկ մէկ միլիոնն ալ պիտի վճարուի կառավարութեան կողմէ:

ԳԷՈՐԳ ՍԱԶՃԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հալիտէ Էտիպէն Նամակ Մը` Թալէաթի Թղթապանակին Մէջ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?