Խմբագրական
Վերամուտ
Լիբանանեան բոլոր վարժարաններուն նման, ազգային վարժարանները եւս` երկրորդական, միջնակարգ, նախակրթարան, քանի մը օրէն պիտի վերաբանան իրենց դռները` կրթական արդիւնաւոր տարեշրջանի մը յոյսով ու հաւատքով:
Եռամսեայ արձակուրդէ մը ետք ուսուցիչ եւ աշակերտ պիտի վերագտնեն զիրար` միացեալ ճիգով վերսկսելու համար գործի մը, որ կրթական ըլլալով հանդերձ, մեր պարագային, ազգային դաստիարակութեան հրամայական մը կ՛ենթադրէ:
Կասկած չկայ, որ կրթական հարցերն ու մտահոգութիւնները, մասնաւորաբար` մեր գաղութին մէջ, կու գան առաջին գիծի վրայ, նկատի ունենալով դպրոցական այն ցանցը, որ կը գործէ Լիբանանի մէջ` ազգային մարմիններու վերին հսկողութեամբ:
Եւ ասիկա շատ բնական երեւոյթ է երկրի մը մէջ, ուր ազգաին վարժարաններուն թիւը կը հասնի 65-ի, 18.000 աշակերտութեամբ, 1200 ուսուցիչով եւ մօտ 6 միլիոն լիբանանեան ոսկի տարեկան պիւտճէով:
Բարեբախտաբար, զուտ կրթական գետնի վրայ, ծրագրային ուղղութիւններու վերաբերեալ վարանումները եւ թիւրիմացութիւնները, որոնք քանի մը տարի առաջ դժուարացուցին թէ՛ ուսուցիչներուն եւ թէ՛ աշակերտներուն գործը, հիմա փարատած են: Եթէ կան որոշ դժուարութիւններ, անոնք եւս լուծումի ճամբուն մէջ կը գտնուին եւ վստահ կարելի է ըլլալ, որ կրթական մարզի մէջ թափուած ջանքերը համապատասխան չափով պիտի արդիւնաւորուին շատ մօտ ապագային:
Այս առթիւ պէտք է ընդգծել, որ կրթական հարցերը յատուկ չեն միայն մեր հաստատութիւններուն: Պետականօրէն կազմուած ժողովուրդներ եւս, արդի գործնական կեանքի հրամայականներուն առջեւ, գրեթէ նոյն դժուարութիւններուն մէջ կը գտնուին եւ նոյն խարխափումները կ՛ունենան` յաճախ հիմնական փոփոխութիւններ մտցնելով իրենց կրթական ծրագիրներուն մէջ:
Օրինակ, կրթական խնդիրը այսօր սեղանի վրայ է նաեւ Ֆրանսայի մէջ, ուր մեծ աշխատանք կը տարուի դարուս պահանջներուն համապատասխան ծրագիրներ որդեգրելու եւ կիրարկելու համար:
Մեր պարագային, կը կարծենք, որ հարցը լաւագոյն կերպով լուծած եղանք, երբ ծնողներու նախընտրութեան ձգեցինք կրթական ուղղութեան խնդիրը` բոլոր նախասիրութիւններուն յատուկ հնարաւորութիւններ ստեղծելով, որովհետեւ, այս ուղղութեամբ հապճեպ եւ յափյափոյ որոշում մը կրնար ծանր հետեւանքներ ունենալ եւ անիշխանական կացութիւն մը ստեղծել կրթական մարզին մէջ:
Կրթական ծրագիրը, որ այնքան մելան հոսեցուց եւ շունչ հատցուց` իր կարգին: Բայց ուրիշ հարց մը եւս կը յուզէ մեզ, մասնաւորաբար կը զբաղեցնէ ծնողները, որոնք իրենց զաւակներուն յարմարագոյն դաստիարակութիւնը տալու մտահոգութիւնը ունին: Ատիկա մեր վարժարաններուն մակարդակի բարձրացումն է: Կասկած չկայ, թէ այս ուղղութեամբ մեծ ճիգ կը թափուի վերջերս, որպէսզի նորաշէն վարժարաններու գեղեցիկ պատերը պատ չըլլան միայն, այլ նաեւ գեղեցկանան իրենց պարունակով: Այսինքն հայ վարժարանը կարենայ յաջողապէս մրցիլ օտար վարժարաններուն հետ` մէկ անգամ ընդմիշտ մեր ծնողներուն միտքէն արմատախիլ ընելու համար այն թիւր գաղափարը, թէ կրթական մարզի մէջ շատ ետ կը մնանք օտարէն:
Ներկայիս նման մրցակցութիւն մը արդիւնաւորապէս տանելու տուեալները չեն պակսիր մեզի: Ուսուցչական այն տարրերը, որոնք նուիրումով ու կոչումով լծուած են աշխատանքի, ատեն մը տարապայմանօրէն պակսելէ ետք, այսօր դարձեալ սկսած են բազմապատկուիլ` շնորհիւ մեր երկրորդական վարժարաններէն դուրս եկած երիտասարդներուն եւ այն ճիգերուն, որ թափեցինք ուսուցչական ասպարէզը քիչ մը աւելի հրապուրիչ դարձնելու համար, նաե՛ւ նիւթական գետնի վրայ:
Ուրախութեամբ կարելի է հաստատել, որ «վարժապետ»` քիչ մը արհամարհական պիտակը, որ յաճախ կը փակցուէր մեր ուսուցիչներուն, անցեալին կը պատկանի այլեւս: Բոլորն ալ, եւ առաջին հերթին ազգային պատասխանատու մարմինները ընդունած են հայ ուսուցիչին նախախնամական դերը ազգապահպանման պայքարին մէջ եւ համապատասխան վերաբերումը, եթէ ոչ լրիւ, բայց կարելիութեան առաւելագոյն սահմաններուն մէջ ցոյց կու տան անոր հանդէպ` ապագայ բարելաւումներու խոստումով:
Այս պայմաններուն մէջ մեր կրթական գործին ընթացքը որոշ լաւատեսութիւն կը ներշնչէ մեզի, որ պիտի կրնանք յաջողութեամբ պսակել այն պայքարը, որ հայութիւնը սփիւռքի տարածքին կը տանի իր գոյութեան սպառնացող յայտնի ու անյայտ վտանգներուն դէմ:
30.000 Տոլար Համազգայինի
Ն. Փալանճեան Ճեմարանին
Պոսթընի մեր պաշտօնակից «Հայրենիք»-ի 29 սեպտեմբերի թիւին մէջ ուրախութեամբ կը կարդանք.
Արիստակէս Յակոբեան (տարօնցի) ի յիշատակ իր հանգուցեալ կնոջ` Լուսվարդ Յակոբեանի եւ իր եղբօր` Արամ Յակոբեանի, Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանին նուիրած է 20.000 տոլար` Ճեմարանի շէնքին վրայ յատուկ յարկ մը կառուցելու «ԱՐԻՍՏԱԿԷՍ, ԼՈՒՍՎԱՐԴ եւ ԱՐԱՄ ՅԱԿՈԲԵԱՆ» անունով, յաւերժացնելու համար յիշատակը իր սիրելի հանգուցեալ կնոջ` Լուսվարդի եւ իր նահատակ եղբօր` Արամ Յակոբեանի:
Այս նոր յարկը, որ կ՛աւելնայ Ճեմարանի շէնքին վրայ, կը բաղկանայ 6-7 մեծ եւ լուսաւոր սենեակներէ եւ ընդարձակ սրահէ մը:
Լուսվարդ Յակոբեան` կինը Արիստակէս Յակոբեանի, վախճանած է Ֆրեզնոյի մէջ, իսկ եղբայրը` Արամ Յակոբեան, Տարօնի զաւակ, անձնուէր ֆետայի, նահատակուած է Հայաստանի մէջ, 1921 փետրուար 18-ի ապստամբութենէն առաջ, անզէն վիճակի մէջ, խողխողուելով հայ եւ թուրք համայնավար դահիճներու ձեռքով:
Հայաստանի եւ ՀՅ Դաշնակցութեան անձնուէր զինուոր-ֆետայի` նահատակ Արամ Յակոբեանի յիշատակը յաւերժացնելու համար, որ ընկ. Արիստակէս Յակոբեան կ՛ընէ այս իշխանական նուէրը` հայ մշակոյթի ջահը վառ պահելով:
Միսաք Խաչիկեան, Դերճանի Ապրաք գիւղէն, ի յիշատակ իր ծնողքին` ՂԱԶԱՐ եւ ԼՈՒՍԻԱՆ ԽԱՉԻԿԵԱՆՆԵՐՈՒ, 10.000 տոլար կը նուիրէ Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանին, այդ գումարէն 5000-ը` կանխիկ, իսկ միւս 5000-ը` կտակով:
Միսաք Խաչիկեան կը բնակի Ֆրեզնօ եւ համեստ ու ազգային զգացումներով տոգորուած ընկեր մըն է:
Վերոյիշեալ երկու իշխանական նուէրներով նուիրատուները ի կենդանութեան կը տեսնեն իրենց ազգային բարեգործութեան պտուղը` պայծառացնելով հայ մշակոյթի հնոց Նշան Փալանճեան ճեմարանը: