Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (20 Հոկտեմբեր 1966)

Հոկտեմբեր 20, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ջաւախքի Հայ Գաղութը

Ջաւախք: Արդեօք հայը իրաւունք չունի՞ երկրորդ Սասուն անուանելու լեռնային այս երկիրը, որու ժողովուրդին աննկուն կամքն ու ազատութեան տենչը ժողովրդական աւանդութիւններու նիւթ դարձած են:

Զաքարեան Երկայնաբազուկներու շնորհիւ Ջաւախքը եւ Սամցխէն (այսօրուան Ախալցխայի շրջանը) յաջողեցան պահպանել իրենց ինքնուրոյնութիւնը եւ օտար հրոսակներուն առջեւ փակել Վրաստանի հարաւային շրջանները: Բայց, ի վերջոյ, թրքական ցեղերը նուաճեցին Ջաւախքը, ասպատակեցին զայն, հուրի եւ սուրի մատնեցին ամէն ինչ:

1828-էն ետք հայ գաղթականներ, մասամբ Արտահանէն, հաստատուեցան Ջաւախքի մէջ: Վերստին սկսաւ եռուն կեանքով ապրիլ Գուգարքի այս ծայրագաւառը: Շէնցան գիւղերը, իսկ հիմնայատակ կործանած բերդաքաղաքին հարաւ-արեւելքը հիմնուեցաւ նոր քաղաքը` Ախալքալաք անունով: Հոս 1836-ին Կարապետ արքեպիսկոպոսի ջանքերով կարգ ու կանոնի դրուեցաւ դպրոցական գործը: Քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ հիմնուեցան հայկական դպրոցներ, կառուցուեցան եւ վերաշինուեցան եկեղեցիներ, հիմնուեցան տպարաններ, կազմակերպուեցաւ թատերախումբ, սկսաւ հրատարակուիլ «Ջաւախք» գաւառաթերթը:

Ա. Համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին գաւառին մէջ կը բնակէին շուրջ հարիւր հազար հայեր: Բայց հետագային շրջանի հայերը ստիպուեցան երկու անգամ բռնել գաղթի ճամբան:

Հին, բայց նորոգ Ջաւախքը այժմ իրարու կը կապէ Ախալքալաքի եւ Բոգդանովկայի շրջանները:

Բազմազան է Ջաւախքի եւ Հայաստանի մշակութային կապը: Զոյգ շրջաններուն մէջ կան մօտաւորապէս հարիւր հայկական դպրոցներ, ուր կը սորվին աւելի քան 24 հազար երեխաներ: Մատաղ սերունդին դաստիարակչական գործը կ՛իրականացնեն 2017 մանկավարժներ: Վրաստանի հայկական դպրոցներուն նման` այստեղի ազգային կրթարանները եւս կ՛առաջնորդուին Հայաստանի ուսումնական ծրագրով եւ կ՛օգտուին հայաստանեան դասագիրքերէն:

Ուսուցիչներուն մեծ մասը աւարտած է Ախալքալաքի հայկական մանկավարժական ուսումնարանը, իսկ 650 հոգի` Երեւանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնները: Հազարներու կը հասնին այն ուսանողները, որոնք իրենց բարձրագոյն կամ մասնագիտական կրթութիւնը առած են Երեւանի մէջ:

Գիւղերուն մէջ կան 61 գրադարաններ, որոնք ընթերցողներուն տրամադրութեան տակ դրած են 275.312 գիրքեր: Ջաւախքի մէջ հրատարակուող «Փարոս» եւ «Արշալոյս» թերթերը իրենց էջերուն մէջ մշտապէս տեղի կու տան Հայաստանի մշակութային կեանքին նորութիւններուն:

Գիւղերուն մէջ կան յիսուն ակումբներ: Հայաստանէն բազմաթիւ խումբեր համերգներ, թատերական ներկայացումներ կու տան:

Ախալքալաքի եւ Բոգդանովկայի շրջաններուն մէջ կ՛ապրին մօտ 110.000 հայեր: Ժողովուրդին տարեկան աճը կը հասնի աւելի քան չորս հազարի: Ջաւախքի մէջ բոլորը կը գրեն եւ կը կարդան մեսրոպատառով, կը լսեն եւ կ՛երգեն Կոմիտասի, Եկմալեանի, Չուխաճեանի եւ այլ հայ երգահաններու ստեղծագործութիւնները, սրբութեամբ կը պահպանեն ազգային աւանդութիւնները:

ՄԿՐՏԻՉ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ

 

Նոթեր Ու Նետեր

Ամերիկեան Եւ Հայկական

Արիզոնա նահանգի տուրքի աւագ քննիչ մը իրեն ուղղուած յայտարարութիւններու պահարանները բացած ու պարունակութիւնները կարդացած ատեն զարմանալի ու զուարճալի անակնկալ մը կ՛ունենայ: Պահարանէ մը կը հանէ տարփածուի մը սիրային նամակը, որ անտարակոյս իրեն ուղղուած չէ, այլ չքնաղագեղ օրիորդի մը:

Քննիչը կ՛ըմբռնէ, որ եղածը պարզապէս պահարանի մը շփոթութեան արդիւնք է: Տուրքի յայտարարութիւնը գացած է սիրուհիին, իսկ սիրային նամակը եկած է իրեն:

Քննիչը, սակայն, սիրային նամակը կը շարունակէ կարդալ. չորս էջ է ու մանրատառ. գրուած է տաք, հաղորդական շունչով եւ լաւագոյն տրամադրութեամբ:

Իր ընդունած յայտարարութիւնները բաղկացած ըլլալով թշուառական թուանշաններէ` բերանփոխ մըն էր իրեն համար, շաքարաշատ այդ նամակը:

Ու կը կարդայ եւ կը ժպտի, ու կը ժպտի, եւ կը կարդայ…

Բայց յանկարծ, վերջաւորութեան մօտ, քննիչը կը դադրի ժպտելէ: Ընդհակառակն, յօնքերը կը խստացնէ, որովհետեւ հանդիպած է զինք շահագրգռող սա տողերուն.

– «Ամենասիրելիս, քիչ առաջ տաղտկալի գործի մը լծուած էի: Տուրքի քննիչին համար լեցուցի տարեկան յայտարարութիւնս: Բայց այդ խայտառակը անանկ վարպետօրէն պարկը խոթեցի` շահս քիչ ցոյց տալով, որ եթէ նոյնիսկ երկու անգամ սատանայ է, բան մը դուրս է կասկածէ, դարձեալ պիտի չկասկածի ինձմէ: Ու յայտարարութիւնս պիտի կլլէ իւղի պէս: Տուրքէն գողցած դրամովս քեզի ինչե՜ր պիտի առնեմ, ուրտեղե՜րը պիտի պտտցնեմ, ինչե՜ր պիտի կերցնեմ ու խմցնեմ»:

Տուրքի պաշտօնեան սիրային նամակը թղթատարով գրողին վերադարձնելով` կը ներփակէ երկտող մը, որուն մէջ գրած է.

– «Կարդացի ինծի համար ձեր գրած գովեստները, որոնք ցոյց կու տան ձեր գովելի անձ մը չըլլալը: Բայց` ատոնք ոչինչ: Դուք ձեր բերնով ակամայ խոստովանած եղաք, թէ խաբեբայ մըն էք, պարզապէս գող մը, կողոպտող մը` կառավարութիւնը: Մօտերս պիտի ընդունիք այցելութիւնը մասնաւոր քննիչի մը, որ խիստ քննութենէ մը պիտի անցընէ ձեր ներկայ ու անցեալ գործառնութիւնները եւ տարիներ տեւող ձեր խարդախութիւնները մէջտեղ պիտի հանէ: Եւ անշուշտ պիտի դատապարտուիք այնքան մեծագումար տուգանքի մը, որ կը ցաւիմ ըսելու, թէ ի վիճակի պիտի չըլլաք ձեր սիրեցեալին հետ մէյմէկ գաւաթ ուիսքի անգամ խմելու»:

Կրնաք երեւակայել համակ հուր ու բոց սիրահարին վիճակը, երբ աւագ քննիչին նամակը ընդունի: Պիտի կրակը մարի, մխայ ու մոխրանայ:

Այս դէպքով յիշեցի Փարիզ հաստատուած հայ երիտասարդ մը, որ հակառակ աշխատելուն ու ապրուստը լիովին շահելուն հեռուն գտնուող իր հարուստ հօրը լալկան նամակներ կը գրէր ու դրամ կը խնդրէր` առարկելով ապրուստի տարապայման սղութիւնը: Եւ կը ստանար ահագին դրամ:

Միւս կողմէ` թղթակցութեան մէջ էր Ամերիկա գտնուող ընկերոջ մը հետ, որուն կը պատմէր միշտ իր սիրային սխրագործութիւնները:

Անգամ մը, սակայն, շուարելով, հօրը նամակը կը դնէ Ամերիկայի իր ընկերոջ պահարանին մէջ, իսկ ընկերոջը գրած նամակն ալ կը դնէ հօրը հասցէագրուած պահարանին մէջ:

Եւ այդպէս, հայրը կը տեղեկանայ, որ տղան ունի զոյգ մը սիրուհի:

Հայրը ոչ միայն դադրեցուց դրամի առաքումը, այլ դադրեցուց նամակագրութիւնը:

Խաբեբան իր ըրած ձախաւերութեան տեղեկացաւ, երբ ամերիկաբնակ ընկերը ետ ղրկեց հօրը համար գրուած ու սխալմամբ իրեն ղրկուած նամակը:

Եզրակացութիւն. պահարանները փակելէ առաջ աչք մը նետեցէք նամակին մէջը գտնուող գրութեան: Իսկ եթէ խաբեբայ մըն էք, լաւ է, որ մոռնաք աչք մը նետել, որպէսզի բռնուիք ու խայտառակուիք` պատժուելով, տուժելով թէ՛ նիւթապէս, թէ՛ մանաւանդ բարոյապէս:

Զուտ Ամերիկեան

Ամերիկացի մը ամերիկուհիի մը հետ կը նշանուի տարի մը առաջ:

Ամերիկացին Ուաշինկթընի մէջ յոյժ կարեւոր գործի մը գլուխն է:

Ամերիկուհին ալ ուրիշ խիստ կարեւոր գործով մը կը գտնուի Ալճերիա, ուր պարտաւորուած է մնալ քանի մը տարի:

Ամերիկացին բացարձակապէս չի կրնար լքել իր գործը քանի մը շաբթուան համար:

Նոյն վիճակին մէջն է ամերիկուհին:

Ամերիկացիին համբերութիւնը հատած` հեռաձայնով կ՛ամուսնանայ իր նշանածին հետ:

Ամերիկուհին, ամուսնանալէն ետքը, քանի մը օրուան համար, միս մինակը, մեղրալուսնի ճամբորդութիւն մը կ՛ընէ` հետը ունենալով իր ամուսինին մենանկարուած լուսանկարը, ոսկեզօծ շրջանակով:

Ամերիկացին ալ երկու օրուան իր մեղրալուսինը կ՛անցընէ մեն մենակ, լռակեաց գիւղի մը մէկ պանդոկին սենեակին մէջ, սեղանին վրայ ունենալով իր կնոջ լուսանկարը, երիցս շրջանակուած, ոսկեզօծ փայտով, սպիտակ ծաղիկներով ու դափնետերեւներով: Ու մէկը միւսին ետեւէն բանալով ուիսքիի շիշերը, ըմպելով ու ծխելով եւ երազելով…

Դեռ որքա՜ն ամերիկութիւններ կրնան պատահիլ, այս այր ու կնոջ բազմազբաղութեան եւ հեռաւորութեան պատճառով:

Այրը կրնայ հեռու իր սրտահատորէն, զաւակներու հայր ըլլալ:

Կինը կրնայ, հեռու իր սիրեցեալ այրէն, զաւակներու մայր ըլլալ:

Տակաւին լաւ կամ գէշ` կրնան շատ ու շատ բաներ պատահիլ: Այո՛, ինչե՜ր կրնան ըլլալ…

Բայց, բարեբախտաբար միայն մէկ բան չի կրնար ըլլալ. ամուսնալուծում, միշտ շնորհիւ երկուքին բազմազբաղութեան, մէկուն կամ միւսին բացակայութեան:

Ահա չարիքին բարիքը:

ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Խօսուն Իրեր

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?