Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (14 Հոկտեմբեր 1966)

Հոկտեմբեր 14, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Գաղափարապաշտ Գրագէտը

Աստղ մը մարեցաւ հայ գրականութեան երկնակամարին վրայ` իր լոյսին պայծառութեամբ լուսաւորելէ ետք հայրենազուրկ սերունդի մը տխրութեան ժամերը:

Եդուարդ Պոյաճեան եղաւ քառասունական թուականներուն յայտնութիւնը: Ժայթքեց անսպառ, յորդահոս աղբիւրի մը պէս: Երգեց տխրութիւն, երգեց սէր, երգեց վիշտ, երգեց մահ, բայց երգեց նաեւ` պայքար, գեղեցկութիւն, հայրենիք: Երգեց մանաւանդ հող, հողին հետ կապուած բոլոր սրբութիւնները: Վերջապէս, եղաւ գերազանցապէս գաղափարական մարդը, գաղափարապաշտ գրագէտը:

Եթէ հարկ ըլլար գաղութահայ գրականութեան մէջ փնտռել իսկապէս բանաստեղծական խառնուածքի տէր գրող մը, անիկա Եդուարդ Պոյաճեանը պիտի ըլլար անպայման: Ու երբ բանաստեղծի խառնուածք կ՛ըսենք, պէտք է այդ տարազը բանալ իր բովանդակ, կարելի լայնութեամբ, հոն մտցնել զգայուն հոգիի մը, խորաթափանց մտքի մը, գերզօր երեւակայութեան մը բոլոր ապրումները` ունենալու համար իսկական Պոյաճեանը, որ միայն իր «Ժանտ օրագիր»-ը չէ, է նաեւ իր «Դանի»-ն, առաւել եւս` «Տուները», «Ինք եւ իր ծխամորճը»:

Ամբողջական Եդ. Պոյաճեանը կը գտնենք իր իւրաքանչիւր պատմուածքին մէջ, այսինքն` մարդը, որ յարափոփոխ վիճակներու յաճախանքը կ՛ապրի, խորապէ՛ս, բանաստեղծի մը ուժգնութեամբ, իր էութեան բոլոր կարելիութիւններով, մաշեցնող, բայց եւ այնպէս` զմայլանքի տանող յուզականութեամբ մը:

«Հայաստանը իրեն համար ուժին եւ գեղեցիկին արուեստն էր», կ՛ըսէ Պոյաճեան` ներկայացնելով իր ամէնէն աւելի սիրած հերոսներէն մէկը` Դանին, որ այս պարագային ի՛նքն է, գաղափարապաշտ եւ հայրենասէր գրագէտը, օտարութեան մէջ աչքերը բացած եւ հասակ նետած հայ մարդը, որուն համար «հայրենի գերեզմանն է ամէնէն գեղեցիկը», զինք իր ժողովուրդին, անոր պատմութեան, անոր մեծութեան, տառապանքին ու ցաւին կապող ամէնէն շօշափելի իրականութիւնը:

Մահուան հետ տարօրինակ մտերմութիւն մը հաստատած գրագէտը «տխուր բաներէն եւ թախիծէն» անդին, ուրիշներուն համար, օտարութեան մէջ ամայացած հոգիներուն համար, եղաւ գեղեցիկին վսեմ նկարիչը, գաղափարին վեհադրոշմ քանդակագործը: Ամպրոպի մը պէս փայլատակեց յուսահատութեան, ուրացումի, լքումի ժամերուն, եղաւ յափշտակութեամբ կարդացուող մատեան, եղաւ պայքարի յաղթերգ, ազատութեան ճամբաներու լուսարձակ:

Զրկանքի ու տառապանքի մութ օրերուն, մեր կեանքին վրայ ծանրացող համայնալոյծ թուխպ ամպերէն անդին, պայծառ  հորիզոններու տեսանողը եղաւ, առոյգ բանաստեղծը` ժողովուրդի մը, որ Պոյաճեանի խռովայոյզ հոգիին մէջ փնտռեց ու գտաւ իր ապրումներուն հարազատ արտայայտիչը, իր յոյսին ու հաւատքին տեսլապաշտ կռանողը:

Կրնար դեռ շա՜տ արտադրել, դեռ շա՜տ գործեր տալ` հարստացնելով մեր գրականութեան գանձարանը: Ստեղծագործութիւնը իրեն համար անդիմադրելի պահանջ մըն էր, հոգին պարպելու անդիմադրելի մղում մը, որ շարունակ տառապանքի մէջ պահեց զինք, քաղցր տառապանքին մէջ բանաստեղծին, որ թուղթին, իր ժողովուրդին կը յանձնէ իր ամէնէն մտերիմ զգացումները, ամէնէն խոր ապրումները:

Ինչ որ կորնչելի էր Եդուարդ Պոյաճեանէն, պիտի երթայ իրեն հետ` քաղցր ժպիտի մը, սրամիտ ակնարկի մը, յախուռն մտածումի մը գեղեցիկ յիշատակը ձգելով մեզի: Բայց ինչ որ անկորնչելին է, ժամանակի մաշումին, մտայնութիւններու եւ հոգեվիճակներու փոփոխութեան դիմացող իր գործը պիտի ապրի յաւիտեան` իր անունին կապելով մեր մշակոյթին ամէնէն գեղեցիկ նուաճումներէն մէկը:

Պիտի ապրի՛ գաղափարապաշտ գրագէտը` գաղափարի զօրութեան հաւատացող ժողովուրդի մը համար:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Անդրադարձ Հին Ու Նոր Առաջարկներ` Հայաստանի Հանրապետութեան Նոր Կառավարութեան

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?