Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (18 Նոյեմբեր 1967)

Նոյեմբեր 18, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պոսթընի Մէջ «Թրքական Արուեստ»-ի
Ցուցահանդէսը Ուժգին Բողոքի
Տեղի Տուած Է

Քանի մը շաբաթ առաջ, Պոսթընի թերթերուն եւ պատերուն վրայ տեսնուած յայտարարութիւնները, որոնց համաձայն, «Ութ հազար տարուան թրքական արուեստ» պիտի ցուցադրուէր Պոսթընի Գեղարուեստից թանգարանին մէջ, նոյեմբեր 9-էն սկսած, արդար բողոքի տեղի տուած է ամերիկահայ մեր հայրենակիցներուն կողմէ:

«Պոսթըն Կլոպ» մեծ օրաթերթը, նոյեմբեր 10-ի թիւով, արձագանգ հանդիսանալով այս բողոքներուն, «Գանձեր Թուրքիայէն ցուցադրութիւնը դժգոհութիւն կը պատճառէ պատմականօրէն մտածող հայերուն» խորագիրով գրութեամբ մը յայտարարած է:

«Հինգշաբթի իրիկուն տեղի ունեցաւ բացումը «Թուրքիայէն արուեստի գործեր» ցուցահանդէսին, որ ութ հազար տարուան շրջան մը կ՛ընդգրկէ:

«Սակայն ամէն ոք գոհ չէր: Հայկական ծագումով մեծագոյն պոսթընցիներ վիրաւորուած կը զգան, եթէ ոչ` բոլորովին ընդվզած: Անոնք կ՛ըսեն, թէ ցուցահանդէսին անունը կը թողու այն տպաւորութիւնը, թէ 282 կտոր արուեստի անգին գործերը, իրենց ներկայացուած ձեւով, թրքական են:

«Պոսթընցի իրաւաբան Հայկ Տէր Մանուէլեան կը գրէ. «Այս հնօրեայ եւ միջնադարեան գործերը արդիւնքն են Ուրարտուի, հիթիթներու, հայկական, հռոմէական, յունական եւ այլ քաղաքակրթութեանց, որոնք ծաղկած են Անատոլուի մէջ, որ այժմ Թուրքիա կը կոչուի, թուրքերու Թուրքիա գալէն առաջ: Անոնք Անատոլու հաստատուելէն ետք, հազար տարուան ընթացքին քանդեցին երկիրը իրենց բարբարոսութեամբ:

«Տայանա Տէր Յովհաննէսեան-Տալի կը գրէ. «Մտածեցինք, թէ ի՛նչ կը խորհին հայերը (որոնք զրկուած են իրենց հողերէն, եւ չեմ փափաքիր հոս անդրադառնալ անոնց ենթարկուած ջարդերու դժխեմ պատմութեան)` տեսնելով, որ իրենց արուեստը եւ վաղեմի պատմութիւնը թրքական կը կոչուին:

«Թուրքերը թափառաշրջիկ ժողովուրդ էին` սքանչելի ձիեր բուծանելով: Սակայն հայերն էին, որ պողպատը կռանեցին եւ ձիեր քանդակեցին: Տրովադացիները, հայերը, յոյները եւ կէս հայ, կէս յոյն ծագումով բիւզանդացիները ձգած են մեծ մասը այն արձաններուն, նկարներուն եւ նկարազարդ ձեռագիրներուն, որոնք կը ցուցադրուին ցուցահանդէսին մէջ»:

Արդարեւ, բողոքներէ ետք, ջնջուած է «ութ հազար տարուան թրքական արուեստ» յայտարարութիւնը եւ յայտարարուած` «Թուրքիայէն արուեստի գործեր»:

Հարվըրտի արեւելագիտութեան դասախօսներէն փրոֆ. Ռ. Ֆրայ այս արդար բողոքներուն առիթով ըսած է.

«Սարսափելի փոթորիկ մըն է թէյամանի մը մէջ: Արուեստը քաղաքականութեան հետ կապ չունի: Միայն թէ յիշէինք ասիկա:

«Ասիկա թրքական արուեստի ցուցադրութիւն մը չէ, այլ ցուցադրութիւնը` արուեստի գործերու, որոնք Թուրքիոյ Հանրապետութեան թանգարաններէն կու գան: Այսքան պարզ է»:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

9.7 Միլիոն Տարուան Ակռաներ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?