Այժմէական նիւթ մը` նկարչութիւնը 2000 թոականին, վիճաբանական ասուլիսին մասնակցող նկարիչներ` Նատիա Սայքալի, Ժիւլիանա Սարուֆիմ, Կիւվ, Փոլ Կիրակոսեան, Մունիր Նըժմ, Յարութիւն Թորոսեան: Ասուլիսը վարող` Գրիգոր Տիշ, տեքորաթէօր:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- 2000 թուականին նկարչութիւնը ի՞նչ ձեւ ստացած պիտի ըլլայ, պատկերակալը, կտաւն ու իւղաներկը պիտի մնա՞ն, թէ բոլորովին նոր ձեւեր պիտի որդեգրուին: Արուեստագէտը առանձի՞ն պիտի աշխատի, թէ՞ խումբ մը արուեստագէտներ պիտի ստեղծագործեն միեւնոյն պաստառին վրայ: Եւ վերջապէս, ներկայ նկարիչները պիտի ուզէի՞ն մաս կազմել խումբի մը:
Նկարիչները փորձեցին ձեւակերպել իրենց կարծիքը` հարցը քննելով զանազան կողմերով եւ յաճախ զիրեր լրացնելով:
ՆԱՏԻԱ ՍԱՅՔԱԼԻ.- Խմբական նկարչութիւնը հաւանաբար հաճելի եւ հետաքրքրական է, միայն թէ խումբը պէտք է ըլլայ միատարր, այսինքն բոլորն ալ պէտք է հասած ըլլան արուեստի ըմբռնումի որոշ բարձրութեան: Իւրաքանչիւր մասնակցող նկարիչ կամ արուեստագէտ պէտք է մասնագիտացած ըլլայ որոշ ճիւղի մը մէջ եւ պաստառի կատարելագործման բերէ իր բաժինը:
ՓՈԼ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ.- Հաւաքական աշխատանքով կարելի չէ բարձր արուեստի հասնիլ, կարելի չէ որեւէ ատեն ներշնչուիլ: Իւրաքանչիւր անհատ ունի իր ձեւն ու ոճը, կարելի չէ համադրել եւ մէկ յայտարարի բերել խումբ մը նկարիչներու գործը` նոյն պաստառին վրայ:
ՆԱՏԻԱ ՍԱՅՔԱԼԻ.- Արդի նկարչութիւնը կը հետեւի մեր դարու մեքենական միջավայրին. կտաւի եւ իւղաներկի փոխարէն` այժմ ոմանք կը գործածեն ապակին, ուրիշներ` գունաւոր կրաֆիզմը, կամ` մեքենական շարժումներու կրկնութիւնը, երբեմն` երաժշտութիւնը, մանաւանդ` ելեկտրոնային երաժշտութիւնը, եւ այս բոլորին հետ` երկնաքեր շէնքերուն հետ համադրուող հսկայ պաստառներ, նոյնիսկ` պատեր: Ես կը կարծեմ, որ կարելի է զանազան թեքնիքներ գործածել եւ հասնիլ արուեստի: Ինչպէս որ անցեալի մեր գործերը եղած են յաճախ բազմութիւններու աշխատանքին արդիւնքը, դարձեալ կարելի է հասնիլ արուեստի կատարելութեան խմբական աշխատանքով:
ՄՈՒՆԻՐ ՆԸԺՄ.- Լիբանանցի արուեստագէտը նախ պէտք է զբաղի իր միջավայրով, յետոյ երթայ միջազգայինին: Հին դարերուն Արեւմուտքը հետեւած է Արեւելքին. հիմա ոչ մէկ պատճառ կայ, որ ձգենք մեր ներշնչման աղբիւրները եւ հետեւինք Արեւմուտքին: Արուեստագէտին գլխաւոր մտահոգութիւնը պէտք է ըլլայ տարածել եւ մատչելի դարձնել արուեստը: Արուեստը պէտք է ծառայէ ժողովուրդին:
ԿԻՒՎ.- Կարեւորը մարդկայինն է. ընկերութիւնը կը յեղաշրջուի, արտաքին երեւոյթները կը փոխուին, բայց մարդը կը մնայ նոյնը, այսինքն` զգայութիւններու եւ զգացումներու գումար մը: Եւ այդ զգացումները յաւիտենական են: Նոյն սիրոյ թեման առնելով` կարելի է ներկայացնել այլազան ոճերով եւ թեքնիքով, որովհետեւ իւրաքանչիւր նկարիչ ունի իր ներաշխարհը եւ իւրայատուկ ոճը: Ես կը կարծեմ, որ նկարիչը միշտ ալ պիտի գործածէ կտաւն ու իւղաներկը` իր ապրումները արտայայտելու համար:
ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ.- Մարդ արարածը միտք է ու սիրտ, այդ երկուքը պէտք է բաժնել իրարմէ. նկարիչը սրտի մարդն է. ուրեմն նոյն պաստառին վրայ չեն կրնար աշխատիլ ճարտարապետ մը, երկրաչափ մը, պարող մը եւ նկարիչ մը միասնաբար:
Մեր դարու մեծագոյն թերութիւնը արդէն արուեստագէտը մեքենային միացնելու գաղափարն է, մէկը մնայուն է, միւսը` ժամանակաւոր:
ԺԻՒԼԻԱՆԱ ՍԱՐՈՒՖԻՄ.- Պաստառը եւ իւղաներկը պիտի մնան միշտ, որովհետեւ նկարիչը տակաւին ըսելիք շատ բան ունի. սակայն ասոր կողքին, գիտական` մեքենական նկարչութիւնն ալ ունի իր տեղը, մէկը արտաքին պահանջներուն գոհացում կու տայ, միւսը` ներքին, հոգեկան զգայութիւններուն: Երկուքը կրնան զիրար լրացնել:
Մեր դարը յեղաշրջումի մէջ է, փնտռտուք մը կայ եւ արուեստը կը հետեւի նոր տուեալներու, արուեստը այժմ կը փորձէ նաեւ շրջապատ դառնալ:
Յ. ԹՈՐՈՍԵԱՆ.- Հին դարերուն եգիպտացիք, երբ կը ստեղծէին, արուեստի գործեր ղեկավարող միտք մը կար, նոյնպէս եւ միջին դարերուն: Արդի դարը այնպէս չէ. իւրաքանչիւր արուեստագէտ մնացած է առանձին, եւ մեծ ճիգով կը փորձէ գտնել արտայայտուելու իր իւրայատուկ ոճը: Ուրեմն, երբ ղեկավարող միտքը չկայ, չկայ որոշ ու յստակ ուղղութիւն տուող, կարելի չէ հաւաքական աշխատանքով արուեստի գործ արտադրել: Բարեբախտաբար մարդկային հոգին իր պահանջները ունի, կը սիրէ բանաստեղծութիւնը եւ միշտ կը գտնուի մէկը, որ ուզէ նկարել իր սիրած անձը կամ նիւթը:
ԿԻՒՎ.- Յոյները անաստուած էին, սակայն կրցան աստուածացնել նիւթը եւ աստուծոյ գաղափարը իրականութեան վերածել: Այժմ նիւթապաշտ հոսանք մը գոյութիւն ունի, որ կ՛ուզէ նիւթականացնել ամէն բան, աստուածացնել նիւթը, սակայն այդ նիւթին մէջ չ՛ուզեր աստուածներ տեսնել:
Կոթական արուեստը հաւաքական աշխատանքի արդիւնք է. տասնեակ հազարաւոր մարդիկ կ՛աշխատէին իրականացնելու համար այդ արուեստի կոթողները:
ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ.- Այդ գլուխ գործոցները կառուցուեցան, որովհետեւ մարդիկ հաւատք ունէին, հաւատքով ստեղծուած գործը միշտ արուեստ է:
ՄՈՒՆԻՐ ՆԸԺՄ.- Կտաւն ու իւղաներկը կը մնան, այնքան ատեն որ մարդ գոյութիւն ունի: Նկարիչը պէտք է փոխանցէ իր հոգեկան աշխարհը, կարելի չէ հաւաքաբար ներկայացնել մարդկային զգացումները, կարեւորը անհատական ներշնչումն է:
ԿԻՒՎ.- 2000 թուականին ոչինչ փոխուած պիտի ըլլայ, պիտի ըլլայ մարդը` նոյն մթնոլորտին մէջ, պիտի ըլլան նոյն մարդկային զգացումները, եւ պիտի ըլլայ արուեստը:
Ն. ՍԱՅՔԱԼԻ.- Պէտք չէ մոռնալ, որ նիւթն ալ անհրաժեշտ է. մեր դարը իր նոր թեքնիքներով դիւրացուցած է նկարիչին գործը:
ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ.- Սակայն նիւթը արուեստ չէ, առանց հոգիի` արուեստ չկայ, կարեւորը հոգին է:
ՄՈՒՆԻՐ ՆԸԺՄ.- Մեր դարուն արուեստագէտը ենթակայ է դուրսի ազդեցութիւններուն, հաղորդակցութեան դիւրութիւնը վտանգ մըն է, մանաւանդ` ազգային գետնի վրայ, որովհետեւ արուեստագէտը յաճախ ակամայ կ՛ենթարկուի դուրսէն եկող զօրաւոր ազդեցութեանց:
ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ.- Իրաւ արուեստագէտը պէտք չէ կարեւորութիւն տայ արտաքին երեւոյթներուն, կարեւորը իր զգացումներն են: Երբ խումբ մը մարդիկ կ՛աշխատին հսկայ պաստառներու վրայ, հաւանաբար օգտակար ու հաճելի գործեր արտադրեն, սակայն անոնք արուեստի գործեր չեն կրնար ըլլալ:
Յ. ԹՈՐՈՍԵԱՆ.- Մեր դարու դժբախտութիւնը հաւատքի պակասն է. կտաւին մեծ կամ փոքր ըլլալը արժէք չի ներկայացներ, նիւթը չէ, որ արուեստ կը ստեղծէ, կարեւորը հոգին է. եթէ նկարիչը հաւատք չունի, պաստառը հաւանաբար աչքի հաճելի գործ մը ըլլայ, սակայն պատգամ մը չի կրնար բերել եւ մնայուն չէ:
ՄՈՒՆԻՐ ՆԸԺՄ.- Գիտութիւնը արդէն 20-րդ դարուն ձախողած է, ան աւելի եւս մօտեցուց ինքնաքանդումի գործողութիւնը, օրինակ` Հիրոշիման. այժմ նկարչութիւնն ալ բռնած է այդ ուղին, նորը գտնելու ճիգին մէջ պիտի կորսնցնէ ունեցածն ալ:
Ժ. ՍԱՐՈՒՖԻՄ.- Մեր դարը հաւանաբար արտայայտելու նոր միջոցներ տայ նկարիչին, սակայն խորքը պիտի մնայ նոյնը, նկարիչը պիտի դրսեւորէ մարդկային ապրումները, հոգին, զգացումները:
Ն. ՍԱՅՔԱԼԻ.- Մարդ արարածը սահմանել դժուար է. 50 տարի ետք գալիք մարդուն եւ մանաւանդ նկարիչին ու նկարչութեան մասին կարելի չէ խօսիլ հիմակուընէ:
ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ.- Սակայն իրականութիւնը կը մնայ, արեւը կը մնայ, սէրը կը մնայ. մնայուն բաներ կան, որոնք չեն փոխուիր, նիւթը կը փոխուի, սակայն իրական արժէքները կը մնան նոյնը, եւ ժամանակը կարեւոր չէ հոգեկան արժէքներուն համար:
ԿԻՒՎ.- Արուեստը ժամանակէն առաջ կը վազէ, թերեւս 2000 թուականին կարելի ըլլայ հաւաքական աշխատանքով մարդկութեան դարձեալ տալ գլուխ գործոցներ:
Գրիգոր Տիշի համար, նաեւ` ներկաներուն, դժուար էր արտայայտուած կարծիքները համադրել ու հասնիլ յստակ ու վերջնական եզրակացութեան:
Մարդկութիւնը պահ մը կը կարծէր գտած ըլլալ հաւասարակշռութիւն մը, մնայուն սկզբունքներ ու արժէքներ. այժմ, կրկին կը գտնուի մեծ հարցականներու առջեւ: Մարդկութիւնը նոր փնտռտուքի շրջան մը կը բոլորէ, 20-րդ դարու վերջին, պէտք ունի նոր սահմանումներու, նոր, բայց` հաստատուն խարիսխներու:
Երբ ներկան այնքան անորոշ է, դժուար է անշուշտ գուշակութիւններ ընել 2000 թուականի մարդուն եւ, մանաւանդ, արուեստագէտին հաշուոյն:
Ա. Գ.