Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (8 Նոյեմբեր 1967)

Նոյեմբեր 8, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ակնարկ

Տարիներու Երազ

Կիրակի տեսանք:

ՀՄԸՄ-Ռասինկ ֆութպոլի մրցումին խաղավայրը շրջագիծ չունէր գրեթէ: Քանի մը վայրկեան անգամ մը իրաւարարը կը կեցնէր մրցումը` դուրս հանելու համար ժողովուրդը, որ չորս-հինգ մեթր կը մտնէր դաշտէն ներս` խանգարելով խաղին ընթացքը:

Շատ անգամ մարզիկները կը մտնէին ժողովուրդին մէջ` գնդակը կարենալ առնելու համար: Այսպէս եղած է միշտ, ամէն անգամ որ ոչ օրինական խաղավայրերու մէջ մրցում կազմակերպուած է:

Պէյրութ ունի Մարզական աւան մը, որուն մաս կը կազմէ կեդրոնական խաղավայր մը` ֆութպոլի համար: Բայց, գրեթէ ամէն տարի, մանաւանդ` այն եղանակին, երբ ֆութպոլի մրցումներ կը կազմակերպուին, այդ խաղավայրը կը դառնայ անգործածելի` զանազան պատճառներով: Նոյնն է պարագան նաեւ այսօր:

Ճիշդ այդ պատճառով մարզասէր հասարակութիւնը անհամբեր կը սպասէ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խաղավայրին բացումին, որպէսզի կարենայ, կանոնաւոր դաշտի մը վրայ, առանց դժուարութեան հետեւիլ մրցումներուն:

Այս դաշտին շինութիւնը կարելի դարձաւ` շնորհիւ քաղաքապետութեան եւ անոր նախագահ Յակոբ Աշճեանի նախաձեռնութեան ոգիին: Կազմուած է արդէն վարչական խորհուրդ մը` բաղկացած մարզական կեանքին քաջատեղեակ եւ նախանձախնդիր անձերէ, որոնք ստանձնած են մարզական այս աւանին յանձանձումը` այն հիմնական մտահոգութեամբ, որ դաշտի մը շինութեան չափ կարեւոր է նաեւ անոր պահպանումը` բարեզարդ վիճակի մէջ:

Կ՛իմանանք, որ մօտերս պիտի կատարուի աւանին պաշտօնական բացումը` յատուկ հանդիսութիւններով: Նախատեսուած են մարզական զանազան խաղեր, որոնք պիտի տեւեն ամբողջ շաբաթ մը:

Կասկած չունինք, որ Պուրճ Համուտի նոր մարզաւանը պիտի դառնայ երիտասարդութեան ժամադրավայրը եւ շնորհիւ այդ գեղեցիկ իրագործման` մարզական շարժումը մեծ ծաւալ պիտի ստանայ շրջանին մէջ:

Տարիներու երազ մը իրականութիւն պիտի դառնայ ու երիտասարդութիւնը պիտի գիտնայ առաւելագոյն չափով օգտուիլ այն թանկագին նուէրէն, որ այսօր կ՛ընծայուի իրեն:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Պատմական. Քորէայի Տագնապի Լոյսին Տակ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?