Հայ Կեանք
ՀՅԴ Հիմնադրամի Հանգանակութիւնը
Ֆիլատելֆիոյ Մէջ
ՀՅԴ օրուան եւ հիմնադրամի հանգանակութեան հանդէսը Ֆիլատելֆիոյ մէջ տեղի ունեցած է մեծ յաջողութեամբ:
Բանախօսած են` տոքթ. Լեւոն Տաղլեան (Պոսթընէն), Բիւզանդ Կռանեան (Լոս Անճելըսէն) եւ Ալպըրթ Պէկեան: Երեք բանախօսներն ալ շեշտած են հիմնադրամին կարեւորութիւնը` մեր ազգային նպատակներու իրագործման համար:
Տեղւոյն վրայ հանգանակուած է 22 հազար տոլար: Խոստացուած է գումարը հասցնել 25 հազարի:
ՀՅԴ 77-րդ Տարեդարձը`
Շիքակոյի Մէջ
ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 77-րդ տարեդարձի հանդիսութիւնը Շիքակոյի մէջ տեղի ունեցած է խանդավառ մթնոլորտի մէջ:
Նախագահած է Յակոբ Խօլամեան:
Բանախօսած է Թաթուլ Փափազեան:
Խօսք առած են նաեւ հոգեւոր հովիւներ` Մովսէս Ա. քհնյ. Շրիգեանը եւ Սահակ քհնյ. Վրթանէսեանը:
ՀՅ Դաշնակցութեան
Օրը Մարսէյի Մէջ
ՀՅ Դաշնակցութեան օրը Մարսէյի մէջ տեղի ունեցած է հոծ բազմութեան մը ներկայութեան: Ներկայ եղած են նաեւ ֆրանսացի բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ` ծերակուտական, երեսփոխան եւ այլն:
Նախագահած է Տիգրան Թադոյեան:
Բանախօսած են Ժիրայր Միրիճեանը եւ Կարօ Յովսէփեանը:
Խօսք առած է նաեւ Կասթոն Տեֆերի ներկայացուցիչ Էմիլ Լոն:
«Նոր սերունդ»-ին կողմէ ուղերձ կարդացած է Լեւոն Տէրտէրեանը:
Հետաքրքրական
Օդէն` Խմելիք Ջուր
Ամերիկացի երկու գիտնականներ հնարած են մեթոտ մը, որուն շնորհիւ կարելի է օդէն խմելիք ջուր արտադրել:
Գիտնականներուն մեթոտը կը կայանայ խոնաւ օդը խտացնելով` հեղուկ վիճակի վերածելու մէջ: Դժուարութիւնը խոնաւ օդի հոսանքներուն ստուգումն է:
Անձրեւին Թանձրութիւնը
Նիւ Ճըրզիի «Պել» ընկերութեան մեքենագէտներէն մէկը հնարած է նոր մեթոտ մը, որուն շնորհիւ քանի մը վայրկեանի մէջ կարելի է չափել անձրեւին թանձրութիւնը:
Գիւտը մասնաւոր նշանակութիւն ունի օդերեւութաբանութեան համար:
Պոլիսը…
Երկու տարի յատուկ մեքենաներով Պոլսոյ աղմուկը չափելէ ետք, մասնագէտները այն եզրակացութեան յանգած են, որ Պոլիսը Թուրքիոյ ամէնէն աղմկող քաղաքն է, իսկ աշխարհի` ամէնէն աղմկոտ քաղաքներէն մէկը:
Պէյրութ Եւ Լիբանան
Դեղերու Նոր Սակերը Կը Գործադրուին
Չորեքշաբթիէն Սկսեալ
Առողջապահութեան նախարար տոքթ. Նեսիպ Պարպիր յայտարարեց, որ ամէն միջոց ձեռք առնուած է, որպէսզի չորեքշաբթի, 8 նոյեմբերէն սկսեալ գործադրութեան դրուի դեղերու նոր սակացոյցը: Նոյն թուականէն սկսեալ պիտի գործադրուին նաեւ դեղերու ներածման վերաբերեալ նոր օրէնքները:
Նախարարը այս առիթով մամլոյ ասուլիս մը պիտի տայ:
Պուրճ Համուտի Շրջանը
Ողողումներէ Զերծ Պահելու Համար
Գրեթէ ամէն տարի, ձմեռը, Պէյրութի շրջակայ բարձունքներէն իջնող հեղեղներ կ՛ողողեն ծովեզերեայ այն շրջանները, ուր կոյուղիներու ցանցը կատարելագործուած չէ:
Պուրճ Համուտ այդ շրջաններէն մէկն է, ուր անցեալ տարի ողողումներ տեղի ունեցան: Այս պարագան վերջապէս նկատի առնուեցաւ պատկան իշխանութեանց կողմէ, որոնք որոշած են հանրօգուտ անհրաժեշտ աշխատանքները կատարել` ողողումներէ խուսափելու համար:
Պէյրութի երեսփոխան Մովսէս Տէր Գալուստեան եւ Մեթնի երեսփոխան Անտրէ Թապուրեան անցեալ շաբաթ դիմեցին հանրօգուտ շինութեանց նախարար Ֆուատ Պըզրիին, որ բարձրագոյն իշխանութեանց կողմէ տրուած հրահանգին վրայ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն խոստացած է ամէն ջանք թափել` շրջանը ողողումներէ փրկելու համար:
Այդ աշխատանքներուն շնորհիւ, նոր կոյուղիներու բացում, գոյութիւն ունեցող ջրանցքներու ընդարձակում եւ այլն, հեղեղներու ջուրը պիտի հոսի Պէյրութ գետը: Այս աշխատանքները գլուխ պիտի հանուին ոչ թէ նուազուրդի ճամբով, այլ` բացառիկ կարգադրութեամբ մը, համաձայնելով կապալառուի մը հետ: Այդ համաձայնութիւնը գոյացած է արդէն, եւ աշխատանքները պիտի սկսին այսօր` երկուշաբթի:
Նոր Սպանդանոցը Պիտի Գործէ
Դեկտեմբերին
Պէյրութի նոր սպանդանոցը շինուած է արդէն, բայց 15 ամիսէ ի վեր կը մնայ թափուր: Այս շաբաթ քաղաքապետութիւնը գործի պիտի ընդունի 150 հոգի, պաշտօնեայ, բանուոր եւ մասնագէտ, որոնք պիտի զբաղին սպանդանոցի գործերով:
Օտար մասնագէտ մը նշանակուած է բանուորները վարժեցնելու համար:
Դերձակները` Դժգոհ
Դերձակներու սենտիքայէն պատուիրակութիւն մը դիմեց ազգային տնտեսութեան նախարար Սայիտ Համատէին եւ պահանջեց արտասահմանէն կատարուած պատրաստ հագուստի ներածումները սահմանափակել:
Ս. Համատէ արդար գտաւ անոնց բողոքը եւ խոստացաւ պաշտպանել լիբանանցի աշխատաւորութիւնը: