Հայաստան Անկախութեան Ճանապարհին
(1918)
Այս է խորագիրը անգլերէն հատորի մը, որ նոր լոյս տեսաւ Լոս Անճելըսի մէջ` իբրեւ հրատարակութիւն Քալիֆորնիոյ համալսարանի (Լոս Անճելըս եւ Պըրքլի) Մերձաւորարեւելեան կեդրոնին:
Հեղինակն է Ռիչըրտ Գ. Յովհաննիսեան` այցելու դասախօս Լոս Անճելըսի համալսարանի հայերէնի ամպիոնին եւ պատմութեան դասախօս` նոյն քաղաքի «Մաունթ Սէյնթ Մէյրի» քոլեճին:
Հմուտ բազմաթիւ լեզուներու` Յովհաննիսեան իր գիրքին համար օգտագործած է հայերէն, ռուսերէն, գերմաներէն, ֆրանսերէն, անգլերէն եւ թրքերէն աղբիւրները, միաժամանակ հետաքրքրական ճամբորդութիւններ կատարած է Մերձաւոր Արեւելքի եւ Խորհրդային Միութեան երկիրներուն մէջ:
Մականունի ուղղագրութենէն դատելով` հեղինակը պէտք է ըլլայ արեւելահայ:
Իբրեւ համալսարանական իր նիւթին մօտեցած է շատ լուրջ կերպով եւ իր տեսութիւնները հիմնած` պատմական փաստերու վրայ, մնալու համար բոլորովին առարկայական եւ անկողմնակալ:
Իր շօշափած հարցերուն մասին ճշգրիտ աղբիւրներ յիշատակած է գիրքի վերջաւորութեան բազմաթիւ ծանօթութիւններ առած է լրիւ լուսաբանելու համար դէպքերը:
Օրինակ` 27 էջ յատկացուցած է (317-343) աղբիւրներու մատենագրութեան, ինչ որ մեծապէս կը դիւրացնէ պատմութեամբ հետաքրքրուողներուն գործը:
Իր պրպտումներուն համար կարեւոր նիւթեր գտած է Ուաշինկթընի «Ազգային դիւանաթուղթերուն» եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան Փարիզի, Պերլինի եւ Պոլսոյ դիւանաթուղթերուն եւ ՀՅ Դաշնակցութեան Հիւսիսային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի «արխիւ»-ներուն մէջ:
Նոյնպէս` օգտագործած է բազմաթիւ վաւերաթուղթեր` Ուաշինկթընի Քոնկրեսի մատենադարանին, «Հուվըր հիմնարկ»-ի Նիւ Եորքի Հանրային մատենադարանին, Երեւանի «Միասնիկեան» պետական գրադարանին եւ Հայաստանի Գիտութեանց ակադեմիային մէջ:
Հայաստանի երկու հատուածներուն մասին պատմական ու աշխարհագրական համառօտ տեղեկութիւններէն ետք, հեղինակը կանգ առած է 1914-17 «ճակատագրական տարիներ»-ուն վրայ, պատմած է 1917 մարտէն մինչեւ հոկտեմբեր պատահած դէպքերը, «Յոյսեր եւ յուզումներ» խորագրին տակ. ռուսական առաջին յեղափոխութիւնը, ցարական վարչաձեւի տապալումը:
Յետոյ` պոլշեւիկեան յեղափոխութիւնը եւ անոր անդրադարձը հայութեան վրայ, Լենինի յայտարարութիւնը` Հայաստանի մասին, Կովկասեան ճակատի պարպումը, «Կովկասեան կոմիսարութեան» ստեղծումը, Երզնկայի զինադադարը, «Սէյմը», Պրեսթ-Լիթովսկը, Էրզրումի անկումը, Տրապիզոնի հաշտութեան ժողովը եւ այլն:
Առանձին գլուխ մը յատկացուցած է 1918 ապրիլ-մայիսի դէպքերուն` «Պատերազմ եւ անկախութիւն» խորագրով:
Անկախութեան ճանապարհին հայոց թափած արիւնը ի վերջոյ յանգեցաւ 1918 մայիս 28-ի անկախութեան:
Յովհաննիսեան կու տայ Արարատեան դաշտի կռիւներու մանրամասնութիւնները եւ կը վերլուծէ մեր կովկասեան հարեւաններու` վրացիներու եւ ազերիներու բռնած դիրքը բախտորոշ այդ օրերուն:
Կը նկարագրէ Անդրկովկասի Դաշնակցային Հանրապետութեան քայքայումն ու երեք երկիրներու անկախութեան հռչակումը:
Պաթումի դաշնագրէն ետք Աւետիս Ահարոնեանի գլխաւորութեամբ` պատուիրակութեան մը առաքումը Պոլիս: Սակայն` դաշնակիցներու յաղթանակին պատճառով անոր Հայաստան վերադարձը:
Հեղինակը կը խօսի նաեւ Պաքուի դէպքերուն, անգլիացիներու Անդրկովկաս հասնելուն եւ յարակից հարցերու մասին:
Ու այստեղ կանգ կ՛առնէ պատմութիւնը, քանի որ գիրքին խորագիրը կը կրէ 1918 թուականը, այսինքն` մինչեւ Հայաստանի անկախութիւնը:
Վերջացնելէ առաջ Յովհաննիսեան հրատարակած է Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Իտալիոյ եւ Ամերիկայի պետական պատասխանատու անձերու հանդիսաւոր, պաշտօնական խոստումները հայերու ազատութեան ու անկախութեան մասին` Ա. Աշխարհամարտի նեղ օրերուն, երբ հայութիւնը հեղեղանման արիւն կը թափէր եւ ռազմաճակատներու վրայ հերոսաբար կը կռուէր մեծ դաշնակիցներու կողքին եւ անոնց դատին համար:
Գիրքը զարդարուած է 11 քարտէսներով եւ 23 լուսանկարներով:
Ահա՛ խղճամիտ գործ մը, որ իրատես ակնոցով կը պատկերացնէ մեր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն բախտորոշ ու ճակատագրական մէկ շրջանը:
ՀՐԱՆՏ-ՍԱՄՈՒԷԼ
Իսրայէլ Կը Սպառնայ.
Արաբական Մայրաքաղաքները
1,30 Ժամէն Կրնանք Գրաւել
Պետական ձայնասփիւռի զինուորական մեկնաբան եւ իսրայէլեան բանակի լրտեսական սպասարկութեանց նախկին պետ զօրավար Հայիմ Հերցոկ երէկ իրիկուն յայտարարեց. «Եթէ Միջին Արեւելքի մէջ նոր պատերազմ մը ծագի, արաբական պետութեանց մայրաքաղաքները ուղղակի պիտի հարուածուին»:
Զօրավարը, որ կը խօսէր հրեայ նոր ներգաղթողներու խումբի մը առջեւ, այս առթիւ յայտարարեց, որ յունիսէն ի վեր գրաւուած հողերու վրայ ներկայիս կայան հաստատած իսրայէլեան ուժերը արաբական մայրաքաղաքներէն «միայն մէկուկէս ժամուան հեռաւորութեան մը վրայ կը գտնուին»: