Փիրանտելլօ
Այս շաբթուան սկիզբը լոյս տեսաւ «Բագին»-ի հոկտեմբերի թիւը` 10, ուր լոյս ընծայուած է Փիրանտելլոյի մասին պատրաստած Բ. Փափազեանի յօդուածաշարքին առաջին մասը:
Իտալացի հռչակաւոր թատերագիրին ծննդեան 100-ամեակն է այս տարի եւ քաղաքակիրթ աշխարհը, ամէնուրեք ու մեծ շուքով, աղմուկով կ՛անդրադառնայ երեւոյթին:
Սիկիլիա ծնած էր Փիրանտելլօ եւ ուսումը ստացած` Հռոմի եւ Պոննի համալսարաններուն մէջ: Մանուկ հասակին իր բնական ուշիմութեան չափ մարդկայնական զօրեղ ապրումներ կը յայտնուին իր մէջ, եւ գաղափարական քարոզուած մաքրութեան եւ բիրտ իրականութեան հակասութիւնները խորունկ անդրադարձներ կ՛ունենան իր հոգիին վրայ: Ողբերգութիւնը կը սկսի հօրենական տունէն եւ լրումին կը հասնի իր ամուսնութեամբ: Փիրանտելլօ 18 տարի շարունակ մարտիրոսի մը կեանքը կ՛ապրի, աննախընթաց չարչարանք մը, աննախընթաց մեծութեամբ մը դիմաւորելով իր դաժան ճակատագիրը:
Ամէնօրեայ իր դժոխքը վայրկեան առ վայրկեան ապրելով հանդերձ, Փիրանտելլօ կը շարունակէ գրել եւ կ՛ունենայ մեծ յաջողութիւններ, բայց իր տաղանդին փթթումը կը զուգադիպի քսանական թուականներուն, երբ իրարու ետեւէ հրապարակ կը հանէ իր թատերական գլուխ-գործոցները` «Վեց անձնաւորութիւններ, որոնք հեղինակ մը կը փնտռեն», «Հանրի չորրորդ», «Ամէն մէկուն իր ճշմարտութիւնը» եւ այլն: Այդ օրերուն կը վայելէ մեծ յաջողութիւններուն աղմուկը: Շքանշաններ կը տրուին իրեն, պատուոյ լեգէոնի տիտղոս, Նոպէլեան մրցանակ, ամէնուրեք կը դիմաւորեն զինք յաղթական ընդունելութիւններով, ծաղկեփունջերով եւ ի կենդանութեան կը դառնայ համաշխարհային հեղինակ մը` բոլոր մայրաքաղաքներուն մէջ, բոլոր բեմերուն վրայ:
Մենք` հայերս, հակառակ անոր որ ժամանակակից մեծերուն ճիշդ ժամանակին ծանօթանալու անուն մը ունինք, չես գիտեր` ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ Փիրանտելլոն վրիպած է մեր ուշադրութենէն: Անոր մեծութեան համապատասխան հետաքրքրութիւն մը ո՛չ հայրենիքի մէջ հանդիպած ենք եւ ո՛չ ալ սփիւռքի: Երկու տարի առաջ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը փիես մը ներկայացուց իրմէ, իսկ անոր կեանքին ու գործին անդրադարձող լուրջ փորձը «Բագին»-ի լոյս ընծայած յօդուածաշարքը պիտի ըլլայ անտարակոյս:
Այս երկու ձեռնարկները վստահաբար ազդու խթաններ պիտի ըլլան, որպէսզի, ուրիշ հսկաներու կարգին, հայ ընթերցողը ծանօթանայ նաեւ այս մեծ գրողին:
Պէյրութ Եւ Լիբանան
«Որեւէ Տուգանք
Անվճար Պիտի Չմնայ»
Կը Յայտարարէ Խաչիկ Պապիկեան
Պէյրութի երեսփոխան Խաչիկ Պապիկեան, որուն նախագահութեան տակ գտնուող յանձնախումբը մշակեց երթեւեկութեան նոր օրինագիրքը, պատկերասփիւռային հարցազրոյցի մը ընթացքին պարզեց շրջագայութեան նոր օրէնքին գլխաւոր նպատակները:
«Այսօրուան լիբանանցին,- ըսաւ ան,- չի կրնար բաղդատուիլ 1934-ի լիբանանցիին հետ, այսինքն` այն թուականին, երբ մշակուեցաւ շրջագայութեան առաջին օրէնքը: Մեր օրերուն լիբանանցին գիտակից է իր պարտականութիւններուն եւ իրաւունքներուն: Չի կրնար հասկնալ, թէ անպատիժ կրնան մնալ անխոհեմ արարքները կարգ մը անգիտակիցներու, որոնք կը վտանգեն անմեղներու կեանքը:
«Ճամբու նոր օրինագիրքը ներշնչուեցաւ այս հրամայականներէն, ու այդ պատճառով ալ տուգանքները զգալիօրէն ծանրացուեցան եւ ամէն կարգադրութիւն եղաւ անոնց գանձումը ապահովելու համար: Մինչեւ հիմա տուգանքի թուղթերը կողով կը նետուէին: Հիմա այդպիսի բան պիտի չըլլայ: Ընդհակառակն, օրինազանցները պիտի փութան վճարել իրենց տուգանքը, տրուած ըլլալով, որ տեղւոյն վրայ կամ տասը օրուան պայմանաժամի մը ընթացքին վճարուած տուգանքները զգալիօրէն զեղչի պիտի ենթարկուին: Վերջին երկու պարագաներուն, վարորդը պիտի խուսափի նաեւ իր պատիժը դատական տոմարին (casier judiciaire) մէջ արձանագրուած տեսնելէ:
«Միւս կողմէ, ծանր պարագաներու համար, ինչպէս` լոյսի նշանները չյարգելը, 1-6 ամիս քշելու արտօնագրէ պիտի զրկուի ենթական:
«Միւս կողմէ` որեւէ տուգանք անվճար պիտի չմնայ: Բոլոր չվճարուած տուգանքները պիտի յանձնուին ինքնաշարժի սպասարկութեան եւ այդ սպասարկութեան մօտ որեւէ ձեւակերպութիւն կարելի պիտի չըլլայ ընել, այնքան ատեն որ տուգանքները չեն վճարուած: