Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (22 Նոյեմբեր 1967)

Նոյեմբեր 22, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի Անկախութեան
24-րդ Տարեդարձը

Լիբանան երէկ տօնեց իր անկախութեան 24-րդ տարեդարձը: Այս առթիւ հանրապետութեան նախագահը երեքշաբթի իրիկուն ազգին ուղղեց պատգամ մը: Պարզելով վարչակարգին մտահոգութիւնները` արտաքին գետնի վրայ եւ ներսը` քաղաքական, տնտեսական ու ելեւմտական, նախ ծանրացաւ Իսրայէլի ծաւալողական նպատակներուն վրայ:

Նախագահը այնուհետեւ իր անխախտ հաւատքը յայտնեց արաբական դատին եւ ճշմարտութեան յաղթանակին հանդէպ:

Անցնելով ներքին խնդիրներուն` նախագահ Հելու ջանաց ցոյց տալ, որ լիբանանեան ամբողջականութիւնը` կապուած է ազգային միութեան, որ ինքնին կախում ունի խորհրդարանական ժողովրդապետութեան վարչակարգէն, «քաղաքացիներու իրաւունքներուն պահպանումէն»:

Խօսելով երեփոխանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն մասին` նախագահը ըսաւ, որ պետութիւնը կ՛աշխատի կազմակերպել ազատ եւ առողջ ընտրութիւններ:

Բանակի ընդհանուր հրամանատարին հրաւէրով նախագահը երեքշաբթի իրիկուն գնաց Սպայից ակումբը, ուր արտասանեց կարճ ճառ մը` ի պատասխան զօրավար Պուսթանիի բարիգալուստի խօսքերուն:

Միջին Արեւելքի կացութեան բերումով զինուորական տողանցք տեղի չունեցաւ: Հանրապետութեան նախագահը սերայի մէջ ընդունեց դիւանագիտական մարմինի անդամներուն, նախարարներուն, երեսփոխաններուն, կրօնական պետերուն եւ պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն շնորհաւորութիւնները:

Նախապէս գացած էր Պշարա Խուրի պողոտայ, ուր կատարեց հիմնարկէքը լիբանանեան անկախութեան գլխաւոր դարբին շէյխ Պեշարա Խուրիի յուշարձանին:

 

Պարտութեան Մատնելով Ռասինկը, 2-1

ՀՄԸՄ Երէկ Տիրացաւ Հապիպ
Ապի Շահլա Բաժակին

Հեռաւոր ո՞ր երազներու տագնապը արդեօք կը փոթորկէր հայ տղոց հոգին, երբ Լեւոն` ՀՄԸՄ-ի անզուգական Լեւոնը, բաժակը ձեռքին, ուսամբարձ կը մօտենար բազմութեան, յաղթանակի ժպիտը դէմքին:

Արցունք կար ոմանց աչքերուն մէջ: Հպարտութիւն` բոլոր կուրծքերուն տակ: Հպարտ` դեղին շապիկաւորներու փառահեղ յաղթանակին առթիւ, մրցակիցի մը դէմ, որ ոգի ի բռին պայքարեցաւ, բայց ստիպուեցաւ խոնարհիլ Աբոյի եւ ընկերներուն աննկուն կամքին առջեւ:

Մրցումին 88-րդ վայրկեանին, երբ ՀՄԸՄ-ի յաղթանակը ապահով կը նկատուէր, հայ հանդիսականները իրենց աչքերը գոցեցին չտեսնելու համար գնդակը, որ ուժգին հարուածով մը կը սլանար դէպի հայկական բերդը: Բայց ՀՄԸՄ-ի երիտասարդ բերդապահը, զգալով որ ամէն բան կախում ունէր իր խոյանքէն, սքանչելի ոստումով մը, հորիզոնական դիրքի վրայ զսպեց զայն եւ արժանացաւ հիասքանչ բացագանչութիւններու:

ՀՄԸՄ այս տարի եւս տիրացաւ Հապիպ Ապի Շահլայի բաժակին` աւարտական մրցումին յաղթելով Լիբանանի լաւագոյն կազմերէն` Ռասինկին:

Մրցումը սկսաւ ժամը 3:00-ին: Սքանչելի ներդաշնակութեամբը իր բոլոր գիծերուն` ՀՄԸՄ կը խաղար մէկ մարդու պէս. արագ` իր յարձակումներուն եւ հանդարտ ու ինքնավստահ` իր պաշտպանութեան:

15-րդ վայրկեանին Լեւոն վոլէով մը, որուն գաղտնիքը միայն ինք գիտէ, քիչ մնաց որ բանար սքորը, բայց հարուածը օդէն գնաց, երբ բերդապահը պարտուած էր արդէն:

20-րդ վայրկեանին, նոյն Լեւոնը, երէկուան յաղթանակին գլխաւոր կերտիչ բերդապահ Գոգոյի հետ, Աբոյին կողմէ արձակուած գնդակ մը կէտի վերածեց մօտէն տրուած հարուածով մը:

Հայ տղաքը թեւ առին եւ սկսան ռմբակոծել Ռասինկի բերդը: Աբօ եւ Աբօ կրտսեր անդադար գնդակ կը հասցնէին յառաջապահ գիծին, որ սակայն չկրցաւ օգտուիլ առիթներէն:

40-րդ վայրկեանին, երբ գնդակը ՀՄԸՄ-ի թուշի գիծին վրայէն դուրս կ՛երթար, խափանումի պատրուակով, իրաւարարը. (հետագայի իր խոստովանութեամբ` սխալելով) անուղղակի ազատ հարուած սուլեց ՀՄԸՄ-ի դէմ: Ռասինկ կրցաւ նշանակել հաւասարութեան կէտը:

Երկրորդ կիսախաղին Րաղեպ անցաւ Ճորճիկին տեղը, եւ խաղը վերսկսաւ ՀՄԸՄ-ի տիրապետութեամբ: 60-րդ վայրկեանին, ՀՄԸՄ-ի յառաջապահներուն միջեւ կարճ փասարկութիւններու շարքէ մը ետք, Լեւոն ստացաւ գնդակը եւ հարուածեց: Բերդապահը ձեռքով ետ մղեց գնդակը: Լեւոն, եւ հոս է ճարտարութիւնը, առանց պաղարիւնութիւնը կորսնցնելու` դժուարին անկիւնէ մը գնդակը տեղաւորեց Ռասինկի բերդէն ներս:

Ռասինկ շատ գէշ ազդուեցաւ եւ սկսաւ անկանոն խաղարկութիւն մը ցուցադրել: Ալպեր Խերի խումբին բերդապահը, մարզական ոգիէ բացարձակապէս զուրկ, երբ գնդակը բռնած էր, ուժգին հարուած մը տուաւ Յակոբիկին, որ 5 վայրկեան գետին փռուած մնաց: Զայրացան հայ հանդիսականները: Բարեբախտաբար կարելի եղաւ առաջքը առնել ծանր բախումի մը: Ռասինկ զգաց, որ սխալ ճամբու մէջ է եւ վերսկսաւ ֆութպոլ խաղալ:

Ապու Մըրատ եւ ընկերները բազմաթիւ յարձակումներ գործեցին, բայց բոլորն ալ փշրուեցան ՀՄԸՄ-ի յետսապահ գիծին առջեւ, ուր կը փայլէին` Զաւիկ, Յովհաննէս եւ Հրայր:

Ռասինկի բոլոր ճիգերը ապարդիւն մնացին, եւ ՀՄԸՄ տարաւ յաղթանակը 2-1 արդիւնքով:

Շնորհաւորելի են խումբին բոլոր տղաքը: Բերդապահ Գօգօ (արթուն եւ խիզախ), յետսապահներ` Հրայր (խելացի, տեղին միջամտող), Յովհաննէս (կտրուկ, զօրեղ), Զաւիկ (անխոնջ եւ ազդու), Վարուժ (կայտառ եւ ուժեղ), Աբօ (աննման, ուշիմ), Աբօ Կրտսեր (անձնազոհ եւ արագ), Լեւոն (կլոր գնդակի վարպետ, որ այս տարի սկսած է ինքզինք գերազանցել), Յակոբիկ (ոսկի գլուխ տղան), Անդրանիկ (աչքը միշտ բերդին, հանդարտ), Րաղեպ (ամեհի հարուածով տղան):

Երէկուան միւս մրցումները տուին հետեւեալ արդիւնքները.

ՀՄՄ յաղթեց Նըժմէի -1

Սաֆա յաղթեց Մազրաայի 2-1

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ
1) ՀՄԸՄ, 2) Ռասինկ, 3) Սաֆա, 4) Մազրաա, 5) ՀՄՄ, 6) Նըժմէ:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Պատմական. Քորէայի Տագնապի Լոյսին Տակ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?