Կիրակմուտք
Մօրս կիրակմուտքի պահը առանձին աշխարհ մըն էր` որոշ սովորութիւններով ու աւանդութիւններով կամարուած: Տունէն ներս ամէն դասաւորում ու կանոնաւորում պէտք էր վերջանար մայրամուտին հետ. մասնաւոր խորհուրդով մը պարուրուած էր մթնոլորտը, որուն մէջ վառ ճրագ մը մինչեւ առտու կը մնար` լուսաւորելով ննջեցեալ հոգիներու յիշատակը: Փոքրիկ մեր տան մէջ մայրս կ՛աշխատէր իր պապենական բոլոր սովորութիւնները պահել ու մեր մէջ աճեցնել արդար շնչառութիւն մը: Կիրակմուտքը նուիրական գիշեր էր, պէտք էր մաքրուէինք նաեւ մեր բոլոր մեղքերէն, որպէսզի խաղաղ մտնէինք կիրակին: Ննջեցեալները, որոնց հոգիին համար լոյս կը վառէր, այլեւս արդարներ էին: Մեղք չէին գործեր ու կը հրճուէին այս աշխարհի անմեղներով: Պէտք էր աշխատէինք զիրենք հրճուեցնել: Եղբօրս հետ մեր մանուկ աչքերով ու ականջներով կը հետեւէինք մօրս բացատրութիւններուն ու ննջեցեալ անունները մեր երեւակայութեան մէջ կը տեսնէինք:
Կիրակմուտք էր, Սուրբ օր: Մեր մանուկ հոգիներուն վարժութիւն եղած էր կիրակմուտքի վայելքը ունենալ: Հաւատալիքներով հարուստ մեր սեղմ պատերը կ՛ընդարձակուէին` իրենց մէջ պարփակելով աշխարհ մը ուրախութիւն: Ես յաճախ կը յիշեմ մեր տան կիրակմուտքը: Գեղեցկութիւնը ժամանակի ու հեռաւորութեան մէջ չի կորսուիր ու պեղումներէն երեւան ելած քանդակի մը նման` իր խորհուրդը կը պատգամէ:
Այսօր խորունկ կարօտ մը ինծի փնտռել կու տայ մանկութեանս ճրագը, զոր մայրս կը վառէր ննջեցեալներու հոգիներուն:
Աշուն է, կիրակմուտք: Մտամոլոր ուղղուեցայ այն ճամբան, ուրկէ վերջին անգամ այսօրուան պէս օր մը անցաւ մայրս անվերադարձ:
Հայոց գերեզմանատունը իր այցելուներու վերջին խումբերը կ՛արձակէր: Նոյն ճամբով ու
ցաւով մարդիկ զիրար շուտ կը հասկնան, ու անձայն խօսքով բացատրուած են բոլորը:
Կը գտնուիմ մօրս դիմաց: Շիրմաքար-վարագոյր մը կը զատէ մեզ: Մոմեր ու խունկ վառած եմ ու իրմէ սորված աղօթքներս կը յիշեմ: Տաք ու կենդանի մտերմութիւն մը կը դարձնէ ամէն ինչ թափանցիկ, ու աշխարհները կը մօտենան, կ՛ըլլան տեսանելի ու հասկնալի: Այս իրիկուն մայրս մեռած չէ, ողջ է ու ներկայ. ոչ մէկ տխուր ձայն ու երեւոյթ. կը նայիմ մոմերու ճաճանչին ու հոն կը գտնեմ մօրս վառած կիրակմուտքի ճրագը` ննջեցեալներու հոգիներուն: Դրախտային է, երբ մարդ կը գիտակցի հոգիներու ներկայութեան, կը լսէ, կը յիշէ ամէն խօսք… Կը շրջուի շիրմաքարի ծանրութիւնը` փոխարկուելով տաճարի մը, ուր անմահութիւնը հորիզոնին կանգնած է խորանի մը նման: Մանուկ օրերու ժպիտով կը դիտեմ կայծկլտող մոմերը. մոմերը միշտ խորհուրդ մը կը լուսաւորեն, ու տեսանողները երանութիւն մը կ՛ապրին… Փոխադրուած եմ նոր հոգեվիճակի մը, հեռո՜ւ մահուան ներկայութենէն: Գերեզմանատան մէջ մահ չեմ տեսներ:
Մահը չարիքի կրակներուն մէջ է, ողջերու հոգիին մէջ, հեռու` գերեզմանատան սահմաններէն: Շուրջս խաղաղ լռութիւն մը գունաւորուած է, մութը շատ զգոյշ պահպանած է զայն: Ու ակնարկիս դիմաց հատ ու կտոր շիրիմներու վրայ մոմեր կը կայծկլտան տակաւին. ամայի տարածքին վրայ քիչ առաջ մեկնած այցելուներու արձագանգն է լուսաւորուած: Այս գիշեր կարգ մը ուրախ շիրիմներ կան` իրենց հարազատներու այցելութիւնը վայելած: Մօրս ուրախութեամբ նայեցայ ընդհանուր տեսարանին, եւ հատ ու կենտ մոմերու լոյսով` զուարթութեամբ մը օծուած, ողջ էր գերեզմանատունը:
Կեանքի գերեզմաններն ալ յաճախ լուսազարդուած են քանի մը այրուող մոմերու լոյսերով: Հիմա` ամէն ինչ մութին ու լոյսին հետ կը ժպտէր, պար էին բռնած խաչքարերն ու ծառերը, շիրմաքարերն ու ծաղիկները: Հեգնախառն քրքիջով կը հասնէին ականջիս իրենց ձայները.
– Քանի մը մոմերու լոյսերով ընդարձակ մեռելատունը խաղաղ ցնծութեան մէջ է: Իսկ ողջեր, որոնք արեւներ ունին ու աստղեր, ափսո՜ս, ուրախութիւն չեն գիտեր…
Վերադարձայ տուն` հանդարտ ու խոկուն քայլերով, սիրտս ուրախ: Վերագտած էի մեր փոքրիկ տան ճրագը: Մահը զիս տխրեցնող ուժ մը չունէր այլեւս: Գերեզմանատան մէջ ողջութիւն կար ու խաղաղութիւն եւ` անսահման խորհուրդ…
Տոհմիկ ու ազնիւ մեր սովորութեանց գիտակցութիւնը որքա՜ն կը ճոխացնէ կեանքը ու որքա՜ն կը զօրացնէ զիս…
ՅԱԿՈԲ ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ
Ժողովրդային Բնակարաններու
Հիմնարկէքը
Հովանաւորութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի եւ նախագահութեամբ աշխատանքի եւ ընկերային գործոց նախարար Սուլէյման Զէյնի, շաբաթ, 11 նոյեմբեր, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին Ֆանարի շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային բնակարաններու հիմնարկէքի արարողութիւնը:
Ներկայ էին` լիբանանահայոց առաջնորդ. Տաճատ արք., Մեսրոպ եպս. Թերզեանը, վեր. Յ. Ահարոնեանը, պետական երեսփոխաններ` Մովսէս Տէր Գալուստեանը, մեթր Խաչիկ Պապիկեանը, Սուրէն Խանամիրեանը, ազգային մարմիններու եւ կաթողիկէ ու աւետարանական համայնքներու ներկայացուցիչներ եւ երեւելի ազգայիններ:
Արարողութենէն ետք զենուեցաւ երկու ոչխար: Վեհափառ հայրապետը շնորհակալութեան եւ օրհնութեան խօսք ուղղեց «Գարակէօզեան» հիմնարկութեան նախագահ Լէյլա Գարակէօզեանին, որուն 450 հազար տոլար մեծագումար նուիրատուութեամբ պիտի կառուցուին ժողովրդային բնակարանները: Ամփոփ կերպով ներկայացուց շինութեան յանձնախումբին ցարդ կատարած աշխատանքները, ապա երախտագիտութեան խօսք ուղղեց հանրապետութեան նախագահ Շարլ Հելուի եւ Լիբանանի ժողովուրդին:
Յաջորդաբար խօսք առին եւ շնորհակալութեան նոյնիմաստ արտայայտութիւններ ունեցան` մեթր Խաչիկ Պապիկեան (արաբերէն) եւ Սուլէյման Զէյն:
Ներկաները հիւրասիրուեցան եւ դիտեցին ժողովրդային բնակարաններու մանրակերտը: Շինութեան աշխատանքները պիտի տեւեն 14 ամիս:
Վեհափառ հայրապետն ու նախարարը արժանացան զինուորական պատիւներու:
