Խմբագրական
Առաջին Դիրքերու Վրայ
(Անկախութեան 24-րդ Տարեդարձին Առթիւ)
Քսանչորս տարի առաջ, այս օրերուն Լիբանան եռեւեփի մէջ էր: Հոգատար իշխանութիւնները, նոյեմբեր 8-ին, գիշերը, ձերբակալած էին հանրապետութեան նախագահ Պըշարա Խուրին, վարչապետ Ռիատ Սոլհը եւ ութ այլ նախարարներ ու արգելափակած` Ռաշայայի բերդը, միաժամանակ լուծելով նորընտիր խորհրդարանը, որ ամէն գնով ուզած էր փոփոխութեան ենթարկել սահմանադրութիւնը` երկիրը ձերբազատելու համար ֆրանսական ազդեցութենէն:
Լիբանանցի ժողովուրդը մէկ մարդու պէս ծառացաւ այս կամայական քայլերուն դէմ, իջաւ փողոց, դիմեց ընդհանուր գործադուլի, կանգ առաւ երկրին կեանքը, ժողովուրդը անդրդուելիօրէն պահանջեց իր կալանաւոր ղեկավարներուն ազատ արձակումը:
Ազատ Ֆրանսայի կառավարութիւնը Ալժէէն Պէյրութ ղրկեց զօրավար Քաթրուի, որ տասնօրեայ բանակցութիւններէ ետք, կիրակի, նոյեմբեր 22-ին, որոշեց ազատ արձակել նախագահ Խուրին եւ նախարարները ու զանոնք վերահաստատել իրենց պաշտօններուն վրայ:
Այդ թուականէն ասդին անցած է քսանեւչորս տարի, եւ Լիբանան, ամէն նոյեմբեր 22-ին, յարաճուն շքեղութեամբ եւ հանդիսաւորութեամբ, այլ մանաւանդ` ժողովրդային զանգուածներու մասնակցութեամբ, կը տօնէ իր անկախութիւնը` պանծացնելով այդ օրուան ղեկավարներուն կեցուածքը եւ հայրենասիրական բարձր ոգին:
Քսանեւչորս տարի Լիբանան տաք ու պաղ օրեր տեսաւ, դժուարին փուլերէ անցաւ, անկախութեան տիրանալէ եւ 1946-ին օտար վերջին զինուորին հեռացումը յաջողցնելէ ետք, այդ անկախութիւնը ամրապնդելու եւ ամբողջացնելու հիմնական գործին լծուեցաւ հասնելու համար այսօրուան հանգրուանին, երբ համայնքներու մոզայիք այս երկիրը` իր ազգային միութեամբ եւ ուխտով, յարաճուն վերելքով եւ նուաճումներով, նախանձը կը գրգռէ շատերուն եւ օրինակ կը ծառայէ այլոց:
Յաճախ կը խօսուի լիբանանեան հրաշքի մասին: Մենք հրաշքի չենք հաւատար, այլ` միայն ժողովուրդի գիտակցութեան, անոր ղեկավարութեան հասունութեան, պարտաւորութիւններու եւ իրաւունքներու ներդաշնակութեան, որոնք երկիր մը կը զօրացնեն, ազգ մը կը հարստացնեն զանոնք նետելու համար պատմութեան ճամբաներուն վրայ:
Լիբանանցին ունեցաւ այդ գիտակցութիւնը, կրցաւ կամքերը ջրդեղել, այլազանութիւնը ուժի վերածել, հանդուրժողութիւնն ու համերաշխութիւնը դարձնել հիմնական մտահոգութիւն եւ անսայթաք քալել, երբ այնքա՛ն բազմաթիւ էին սայթաքելու վտանգները, երբ ալեկոծութեան մէջ էր այն շրջանը, ուր մեր փոքր երկիրը գրաւած է կարեւոր դիրք մը` աշխարհագրական, քաղաքական եւ տնտեսական տեսակէտէն:
Անցնող տարիներու փորձառութիւնը մեզ կը տանի այն համոզման, կ՛ըսենք` հաւատքին, որ Լիբանանի ապագան փայլուն է, անոր դաւանած մարդկային ու քաղաքական սկզբունքները պիտի յաղթանակեն ամէնուրեք մարդկութեան տալու համար խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն, նախապայման` երջանիկ ու բարգաւաճ կեանքի:
Մարդկութեան այս պայքարին մէջ Լիբանան միշտ պիտի գտնուի առաջին դիրքերու վրայ:
Անգարայի Մէջ
Մուսթաֆա Քեմալի Բնակած Չանգայայի
Ապարանքը Կը Պատկանէր
Համբաւաւոր Հալաճեան Ընտանիքին
«Ենի Իսթանպուլ»-ի մէջ, Մուսթաֆա Քեմալի մահուան 29-րդ տարելիցին առիթով, Նիզամէտտին Նազիֆ կը գրէ.
«Աթաթիւրքի շաբաթն է, որ կը տօնենք: Ամէն ոք անշուշտ բան մը պիտի ըսէ կամ գրէ: Ես ալ կ՛ուզեմ բաներ մը ըսել, խելքս եկածը գրել: Օրինակ, հարց կու տամ Անգարայի կուսակալին.
«Գիտէ՞ք, թէ անցեալին մէջ ի՞նչ էր Ջանգայան»:
«Այդ ապարանքը իր շրջակայ ընդարձակ պարտէզներով եւ այգիներով կը պատկանէր հայ ընտանիքի մը: Հալաճեաններու սեփականութիւնն էր: Իթթիհատական կառավարութեան յայտնի դէմքերէն` հանրօգուտ շինութեանց նախարար Պետրոս էֆենտի Հալաճեանի եղբայրը Չանգայա կը բնակէր: Այդ ընտանիքին վերջին շառաւիղները երկու փոքրիկ աղջիկներ էին: Անոնք Էսկիշէհիրի մէջ կաթոլիկ վարժարան մը դրուած էին: Մեծը ամուսնացաւ նշանաւոր լրագրող Արիֆ Օրուճ պէյի հետ:
«1920-ին Անգարայի մէջ շատ դժուար էր գտնել հանգստաւէտ եւ բնակելիք տուն մը: Հրդեհը քանդած էր ամէնէն գեղեցիկ թաղերն ու շուկաները: Եթէ քայլ մը նետէիք Գարաօղլան շուկայէն դէպի քաղաքապետութեան այժմու ճամբան, ձեր առջեւ կը գտնէիք հրդեհէն աւերուած անծայրածիր գետին մը: Փլատակներուն մէջ երբեմն կը գտնէիք կրակէն սեւցած բարձր պատեր եւ այն տպաւորութիւնը կը կրէիք, որ հրդեհէն առաջ այդ տեղերը շէն ու բարեզարդ վայրեր էին, եւ աւերուած շէնքերը յաճախ վերելակ անգամ ունէին:
«Գալով հայերու եւ հրեաներու թաղերուն` անոնք հրդեհուած վայրերէն անդին էին, դէպի Ճէպեճի: Իրենց մէկ թեւը կ՛երկարէր Սաման Փազարը ըսուած կեղտոտ ու ցեխոտ լաբիւրինթոսին մէջ:
«Ամէն ոք խորշ մը, խոռոչ մը, խան մը, հինումին պանդոկ մը, տունի նմանող բան մը գտած եւ գլուխը հոն տեղաւորած էր: Պարապ սենեակ գրեթէ չկար: Այս խառնիճաղանճին մէջ Մուսթաֆա Քեմալ բնակավայր մը չունէր: Իր ժամանակը կ՛անցընէր կա՛մ Երկրագործական վարժարանին մէջ եւ կա՛մ երկաթուղիներու տնօրէնին տան մէջ:
«Ռուշեն Էշրեֆ բարեկամս եւ իր կինը` Սալիհա հանըմ, վերջապէս պատշաճ, հանգստաւէտ վայր մը գտան Մուսթաֆ Քեմալի համար` երեւան հանելով Չանգայայի քէօշկը, որ յարմար էր նաեւ պաշտօնական ընդունելութիւններու եւ արարողութիւններու: Եթէ անոնք չգտնէին այդ ապարանքը, Մուսթաֆա Քեմալ դժուար թէ հանգստաւէտ բնակավայր մը ունենար իր քաղաքական կեանքին համար»: