Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (20 Նոյեմբեր 1967)

Նոյեմբեր 20, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տեսակցութիւն Մը
Վ. Համբարձումեանի Հետ

Երեւանի «Հայրենիքի Ձայն» շաբաթաթերթի աշխատակիցը տեսակցութիւն մը ունեցած է Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի նախագահ, Բիւրականի աստղադիտարանի տնօրէն, ակադեմիկոս Վիկտոր Համբարձումեանի հետ:

Ստորեւ այդ հարցազրոյցը` գրեթէ ամբողջութեամբ.

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Շատոնց զիս կը հետաքրքրէ հետեւեալ հարցը. ո՞րն  է ձեր ամենամեծ ցանկութիւնը:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Իմ ամենամեծ ցանկութիւնն է մեր Գիտութիւններու ակադեմիային մէջ տեսնել աւելի մեծ քանակութեամբ երիտասարդ, շնորհալի գիտական աշխատողներ: Կեանքիս մեծագոյն իմաստը կը տեսնեմ այդ ցանկութիւնը հնարաւորին չափով իրականացնելու մէջ:

Հ.- Աստղագէտները յաճախ տասնեակ ու հարիւրաւոր տարիներու կանխատեսումներ կ՛ընեն: Ըսէք, խնդրեմ, դուք ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք Հայաստանը 2000 թուականին:

Պ.- Ես Հայաստանը 2000 թուականին կը պատկերացնեմ աւելի մարդաշատ, աւելի մեծ քաղաքներով եւ, որ գլխաւորն է, առաւել զարգացած գիտութեամբ եւ մշակոյթով: Հայաստան աւելի սերտ կապերու մէջ պիտի ըլլայ Խորհրդային Միութեան միւս հանրապետութիւններու, ինչպէս նաեւ` արտասահմանեան երկիրներու հետ:

Կ՛երեւի Հայաստան 2000 թուականին կ՛ունենայ մօտ 5 միլիոն բնակչութիւն, որուն 40 հազարը կ՛ըլլան գիտական աշխատողներ: Ատիկա հնարաւորութիւն կու տայ անհամեմատ բարձրացնել գիտութեան մակարդակը: Գիտական օճախները տարածուած կ՛ըլլան ոչ միայն Երեւանի մէջ, այլեւ` հանրապետութեան ամբողջ հողամասին վրայ: Ինծի կը թուի, որ Հայաստան կ՛ըլլայ երկրագունդի ամենաառաջաւոր գիտութիւն ունեցող երկիրներէն մէկը: Այս բոլորը ես կը  կանխատեսեմ` հաշուի առնելով գիտա-արհեստական այն մեծ առաջընթացը, որ ունեցաւ Հայաստան վերջին 47 տարիներու ընթացքին: Իմ այս կանխատեսումները կրնան իրականութիւն դառնալ, եթէ կատարուի համայն մարդկութեան մեծագոյն երազանքը, այսինքն պահպանուի խաղաղութիւնը: Մէկ խօսքով, ես կը նախատեսեմ Հայաստանի համար աներեւակայելի թռիչք, որուն առաջին պայմանը կը համարեմ միայն ու միայն խաղաղութիւնը:

Հ.- Տիեզերքի իւրացումը մեր օրերուն դարձած է այն բնագաւառը, որով կ՛որոշեն այս կամ այն երկրի գիտական աստիճանը: Հայաստանը ինչո՞վ կը մասնակցի այդ գործին:

Պ.- Հայաստան իր նուաճումներով, ինչ խօսք, կը մասնակցի տիեզերքի իւրացման: Գուցէ չըսենք, թէ ինչո՛վ, բայց պէտք է ըսել, որ մեր գիտնականները մեծ մասնակցութիւն ունին այդ գործին մէջ, յատկապէս` այժմ զարգացող աստղագիտութեան այնպիսի նորագոյն ճիւղին մէջ, ինչպիսին արտակալակթիք ճիւղն է, որու գիտական յեղափոխութեան սկիզբը դրուած է Բիւրականի աստղադիտարանին մէջ: Պարզուեցաւ, որ կալաքթիքաներու կորիզները մեռած չեն, այլ գործունեայ մարմիններ են եւ կը ճառագայթեն մեծ քանակութեամբ լոյս, ջերմութիւն, միաժամանակ դուրս կը շպրտեն մեծաքանակ նիւթ: Ահա, Բիւրականի մէջ ծնած` կորիզներու գործունէութեան այդ գաղափարը այսօր դարձած է աշխարհի գրեթէ բոլոր աստղադիտարաններու ուսումնասիրութեան առարկան:

Հ.- Հայ արձակագիրներէն որո՞նց գործերն են ձեզի ամէնէն շատ հարազատ:

Պ.- Ես կը սիրեմ Րաֆֆին, նաեւ Նար-Դոսը:

Հ.- Իսկ բանաստեղծներէ՞ն:

Պ.- Մեր բանաստեղծութիւնը, իմ կարծիքով, չորս-հինգ մեծութիւններ ունի, որոնց առաջ կարելի է գլուխ խոնարհել: Ինծի համար առաջին մեծութիւնը Սայաթ-Նովան է, երկրորդը` Պէշիկթաշլեանը, երրորդը` Թումանեանը, չորրորդը` Տէրեանը, հինգերորդը` Չարենցը:

Ես թուարկեցի վերը նշուած ինծի համար հինգ մեծութիւնները, որովհետեւ հայրենասիրական ոգին շատ ուժեղ է անոնց մէջ:

Հ.- Վերջերս Երեւանի ելեկտրոնային արագացուցիչը հասաւ 6 միլիառ ելեկտրոն-վոլթ հզօրութեան: Ըսէք, խնդրեմ, ինչո՞ւ աշխարհի հզօրագոյն արագացուցիչներէն այդ մէկը, որ իր տեսակին մէջ առաջինն է Խորհրդային Միութեան մէջ, նպատակայարմար գտնուեցաւ կառուցել Հայաստանի մէջ:

Պ.- Այն պատճառով, որ համապատասխան մշակումները կատարեցին մեր գիտնականները եւ պահանջեցին, որ կառուցուի մեզ մօտ:

Հ.- Մեր ընթերցողները կը ցանկան իմանալ, թէ ի՛նչ հարցերու վրայ կ՛աշխատի հիմա Բիւրականի աստղադիտարանը եւ ինչպիսի՞ հեռանկարներ ունի:

Պ.- Հիմնական խնդիրը հեռաւոր տիեզերքի ուսումնասիրութիւնն է: Հեռանկարը ատոր լաւ ուսումնասիրութիւնն է: Իսկ այդ կը նշանակէ` անսահման մեծութեան խնդիր մը, քանի որ մեր մոլորակը իր մեծութեամբ ոչնչութիւն է տիեզերքի հետ համեմատած: Ուսումնասիրութեան առարկան անսահման է, եւ որքան ալ ծաւալենք մեր ուսումնասիրութիւնը, բոլոր խնդիրները չենք ընդգրկեր: Հիմա մեզի հաշուի կ՛առնեն, կը գնահատեն: Մենք ալ կ՛ուզենք, որ աւելին ընենք:

Նախորդը

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?