Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (25 Նոյեմբեր 1967)

Նոյեմբեր 25, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նշմար

Ազատօրէն

Լիբանանի Հանրապետութեան ներկայ նախագահը, անդրադառնալով այս երկրի բարոյական կարգ մը սրբազան սկզբունքներուն, իր մէկ խօսքին մէջ կը շեշտէր.

«Մեր ժողովուրդը կ՛արտայայտուի ազատօրէն եւ բնաւ պէտք չունի բռնութեան դիմելու` իր գաղափարները արտայայտելու համար»:

Ազատութեան արժէքը ըմբռնելու եւ անոր յարգանք ընծայելու իր տրամադրութեամբ, այս պզտիկ երկիրը կրնայ մեծագոյն օրինակներէն մէկը համարուիլ:

Գեղեցիկ երկիր է Լիբանանը, աշխարհի գեղեցկագոյն մասերէն մէկը` իր լեռներով, ծովով, դաշտերով, լեռնային, ծովային, դաշտային շռայլ արտայայտութիւններով: Ի՞նչ պիտի արժէին սակայն ատոնք, եթէ երբեք չունենար ամէնէն թանկագինը` ազատութիւնը, որ իբրեւ պսակ` կայ բոլոր իրերուն վրայ, իբրեւ լոյս` կը տարածուի ամէնուրեք եւ կենսագործող շունչի մը պէս կը շրջի բոլոր անկիւններուն:

Օդի, ջուրի, լոյսի պէս գոյ այս ազատութիւնը մեծագոյն ազդակը եղաւ շինարարական այն թափին, որուն ձեռնարկեց այս երկրի կենսուրախ ու կենսաւէտ ժողովուրդը եւ ընդամէնը քառորդ դար հաշուող ժամանակի մը մէջ տիրացաւ հանգստաւէտութեան վայելքի ու երջանկութեան բազում հարստութիւններու: Պողոտայ ու շէնք, ամարանոց ու ծովափ, քազինօ ու համալսարան, պանդոկներու ցանց ու պերճաշուք սրճարաններ, մամուլ, գրականութիւն, արուեստին լոյսը տարածող այլ հաստատութիւններ: Լիբանա՛ն: Բազմերանգ այս գեղեցկութիւններուն խտացեալ պատկերն է Լիբանանը ու իր հսկայաքայլ զարգացումը, պիտի ըսէինք` եւրոպականացումը, կը պարտի ազատութեան, զոր ձեռք ձգեց կորովի պայքարով ու կը պահէ իմաստութեամբ:

Ազատութեան համար դարերով պայքարած ու ծով արիւն թափած ժողովուրդներէն մէկը, որ մենք ենք, լայնօրէն կը վայելենք այս երկրին ազատութիւնը եւ իր հայրենիքին վրայ գուրգուրացող հատուածի մը նախանձախնդրութեամբ, կը մասնակցինք անոր կառուցման թափին: Մեր արեան մէջ ապերախտութեան բջիջներ չկան: «Մեզ հա՛յ են ասում»: Մենք գնչուի հոգեբանութեամբ չենք նայիր աշխարհին, մեր ընդունակութիւնները դրամի ու… կամուրջի չենք վերածեր, կը վերածենք զանոնք եռուզեռի ու ափի, շէնքի, թաղամասի, քաղաքի, հայրենիքի, հայրենիքի մը մէջ ենթադրելի արիւնատար ուրիշ երակներու: Այսպէս վարուեցանք եւ հոս: Մեր պատկերը տեսանելի է ու պայծառ` լիբանանեան հայրենիքին մէջ: «Մեզ հայ են ասում»…

Ազատութիւնը ամէ՛ն բան է, ամէն բանէ վե՛ր է, ու  հայ մարդը լիբանանեան բոլոր քաղաքացիներուն պէս կը գուրգուրայ անոր վրայ, կ՛աշխատի պահել զայն, որպէսզի ժողովուրդը շարունակէ, նախագահին ըսածին պէս, ազատօրէն արտայայտուիլ եւ իր գաղափարները արտայայտելու համար որեւէ ատեն պէտք չզգայ բռնութեան դիմելու:

XX

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Թայլանտի Մէջ. Բռնցքամարտի Մրցագորգին Թագաւորը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?