Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (15 Նոյեմբեր 1967)

Նոյեմբեր 15, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

15-20 Օրէն

Անդրանիկ Սինանեանի Ծրագիրը Զգալիօրէն Պիտի Բարելաւէ Երթեւեկը Ֆուատ Շեհապ Պողոտային Վրայ

Երկու Ուղղութեամբ, Շրջագայութիւն` Պողոտային Մէկ Ծայրէն Միւսը, Շնորհիւ Լուսանշաններու, Որոնք Ներդաշնակ Պիտի Գործեն

Բայց Մինչեւ Որ Բարձրաշէն Պողոտայի Ծրագիրը Չիրագործուի (Կամ Աւելի Լաւ Լուծում Մը Չգտնուի) Շրջագայութեան Արագութիւնը Պիտի Չապահովուի

Տասնհինգ-քսան օրէն (բուն թուականը վերջնականապէս չէ ճշդուած դեռ), Ֆուատ Շեհապ պողոտային վրայ երթեւեկը պիտի արտօնուի երկու ուղղութեամբ, մէկ ծայրէն միւսը, Թապարիսէն մինչեւ Քանթարի եւ հակառակ ուղղութեամբ:

Ֆուատ Շեհապ պողոտան, որուն շինութիւնը արժեց տասնեակ միլիոններ, յղացուած էր իբրեւ շաղկապ ճամբայ Պէյրութի արեւելեան եւ արեւմտեան թաղերուն միջեւ` անցնելով քաղաքին կեդրոնէն: Բայց երբ ճամբան աւարտեցաւ, պատասխանատուները, անկասկած մոռնալով անոր սկզբնական սահմանումը, այդ ճամբուն վրայ երթեւեկը կարգադրեցին այնպիսի ձեւով մը, որ այլեւս չէր համապատասխաներ սկզբնական նպատակին:

Պէյրութի քաղաքապետութեան շրջագայութեան գրասենեակին պետը` Անդրանիկ Սինանեան մշակած է նոր ծրագիր մը, որով պողոտան կը վերագտնէ իր գոյութեան իմաստը:

Ստորեւ կու տանք այդ նոր ծրագրին գլխաւոր տրամադրութիւնները.

– Քանթարիէն Պասթա եւ Պասթայէն Քանթարի` ոչ մէկ փոփոխութիւն:

– Պասթայէն  Ասեմանի (Սէ. Ժի. Սէ.-ի նախկին կեդրոնին առջեւ) շինուած է մասնաւոր նրբանցք մը, որ վերապահուած է միայն հանրային փոխադրութեանց գրասենեակի օթոպիւսներուն: Այս նրբանցքը պիտի բաժնուի քարակերտ 25 սանթիմեթր բարձրութեամբ պատով մը, որպէսզի այլ կառքեր հոն չմտնեն:

– Պըշարա Խուրի պողոտային խաչաձեւման կէտին վրայ լուսանշաններ պիտի զետեղուին: Քանթարիէն եկող եւ Թապարիս ուղղուող ինքնաշարժները պիտի կրնան ուղիղ շարունակել իրենց ճամբան (անշուշտ, երբ լոյսը կանաչ է)` ուղիղ գծով անցնելով Պըշարա Խուրի պողոտայէն: Ներկայիս ինքնաշարժները Պըշարա Խուրի պողոտայէն վեր կ՛ելլեն, Դամասկոս փողոցը կը մտնեն ու ապա միայն կը վերագտնեն Ֆուատ Շեհապ պողոտային շարունակութիւնը:

Հակառակ ուղղութեամբ եկող ինքնաշարժները եւս (Թապարիսէն Քանթարի) պիտի կրնան ուղիղ շարունակել իրենց ճամբան: Ներկայիս այս ուղղութեամբ երթեւեկը արգիլուած է:

– Պըշարա Խուրի պողոտային վրայով Պուրճի հրապարակէն եկող ինքնաշարժները պիտի կարենան աջ դառնալ` Ֆուատ Շեհապ պողոտան մտնելու համար: Ներկայիս այս շարժումը արգիլուած է:

– Շրջագայութիւնը բոլորովին պիտի փոխուի Թապարիսի մէջ: Երկու նոր լուսանշաններ պիտի հաստատուին, մէկը` Ֆուատ Շեհապ պողոտային ծայրը, միւսը` Մար Միթր փողոցին բերանը: Հրապարակին բոլորակէտին շուրջ ներկայիս կատարուող կտրատումները պիտի ջնջուին: Իւրաքանչիւր ինքնաշարժ, ինչ որ ալ ըլլայ իր ուղղութիւնը, պիտի ունենայ իր սեփական նրբանցքը` առանց մտնելու այլ ինքնաշարժներու նրբանցքէն ներս: Շրջագայութեան ուղղութիւնը շրջուած է Սայիտ Ագըլ փողոցին մէջ` կտրատումները արգիլելու համար: Էշրեֆիէի թաքսի-սերվիսները, որոնք Մար Միթր փողոցէն կու գան, պարտադրաբար պէտք է մտնեն Սայիտ Ագըլ փողոցը, վայրէջքի ուղղութեամբ, Տեպպաս հրապարակէն Էշրեֆիէ` թաքսի-սերվիսները պարտադրաբար պէտք է մտնեն Ֆուատ Շեհապ պողոտան:

– Ֆուատ Շեհապ պողոտային վրայ հաստատուելիք բոլոր լուսանշանները ժամանակակարգուած (սինքրոնիզէ) պիտի ըլլան: Թէ այս կարգադրութիւնը որքա՞ն պիտի դիմանայ ոստիկաններուն կամայականութեան, այդ Աստուած գիտէ:

Այսքանը Բաւական Չէ

Ա. Սինանեանի ծրագիրը զգալիօրէն պիտի բարելաւէ շրջագայութիւնը Ֆուատ Շեհապ պողոտային վրայ: Բայց պիտի չկարենայ լուծել Պէյրութի արեւելեան եւ արեւմտեան թաղերուն միջեւ արագ երթեւեկի խնդիրը: Ինքնաշարժները պարտադրաբար կանգ պիտի առնեն լուսանշաններու առջեւ եւ անպայման խճողումներ պիտի պատահին քառուղիներու վրայ:

Ներկայ կացութեան մէջ Պէյրութի քաղաքապետութեան շրջագայութեան գրասենեակը ըրած է այն, ինչ որ կրնայ: Մնացեալը իրմէ կախում չունի:

Մնացեալը քաղաքապետական սպասարկութեանց մարզին մէջ կ՛իյնայ: Արդարեւ, Ֆուատ Շեհապ պողոտան նախապէս երկու մակարդակի վրայ նախատեսուած էր:

Վարի ճամբան քաղաքին կեդրոնը տանող փողոցներուն հետ պիտի կցուէր: Իսկ անոր վրայ, սիւներու վրայ բարձրացուած, պիտի շինուէր անջատ ճամբայ մը, որ ուղիղ գիծով արեւմուտքը պիտի միացնէր արեւելքին: Ինքնաշարժը Էշրեֆիէէն պիտի կրնար Ռաս-Պէյրութ երթալ առանց քառուղիի կամ լոյսի առջեւ կանգ առնելու: Ի՞նչ եղաւ այս ծրագիրը: Վերջնականապէս լքուեցա՞ւ: Աւելի լաւ լուծում մը գտնուեցա՞ւ: Ինչո՞ւ լուռ է քաղաքապետութիւնը: Մանաւանդ` ինչո՞ւ այսքան երկար կը տեւէ այդ լռութիւնը:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Պատմական. Քորէայի Տագնապի Լոյսին Տակ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?