Տարածենք Հայ Մշակոյթը
Հայ դատը մեր ազգային իրաւունքներու իրաւացիութիւնը, օտար հասարակութեան եւ դիւանագիտութեան մատչելի եւ ընդունելի կացուցելու համար, մեր աւագագոյն պարտաւորութիւնն է մեր պահանջները սպառազինել փաստացի տուեալներու եւ առարկայական փաստարկումով:
Մեր մայր պարտքն է ապացուցել աշխարհին, թէ հայը ազգ է. ազգ է բարձրորակ մշակոյթով, ստեղծարար հանճարով եւ գոյատեւման անվկանդ հաւատքով: Մարդկութիւնը փաստացի պէտք է համոզել, թէ մեր ազգային առկայութիւնը միջազգային ընտանիքին մէջ, ցանկալի ստիպողութիւն է: Համոզելու ենք օտարները, միջազգային կարծիք ստեղծելու ենք, թէ հայութեան զօրավիգ կանգնիլը, հայ ազգի տքնանքին զարկ տալը, անոր ճիգերը խթանելը ծառայել է մարդկութեան յառաջընթացին եւ երջանկութեան: Օտարի սրտին եւ մտքին մէջ պէտք է արմատաւորենք, թէ հայութեան կորուստը փողոտումն է իր յոյսերուն եւ երազանքին:
Հայ մշակոյթը այդ մայր դերը կը կատարէ լիովին: Առնենք հայ երաժշտութիւնը: Երգը միջազգային լեզու է, անխտիր բոլորին դիւրամատչելի եւ հասկնալի: Ոչ գիրը եւ ոչ ալ խօսքը բաւարար են կատարելու հայ երգին դերը: Հայ երգի թովչանքով տարուողը անպայման կը սթափի եւ անոր մէջ տեսնելով մեր ազգային ուրոյն մշակոյթը, կ՛անդրադառնայ նաեւ մեր հոգեղէն այլ բնագաւառներուն, ուր ամփոփուած են մեր յաւերժական արժէքները եւ մեր ազգային արժանիքը:
Հայ երգը ինքնուրոյն է եւ ազգաշունչ: Հայ երգը, յատկապէս ժողովրդականը` ռամերգը (Folksong) աղբերացումն է հայ հոգիին: Ան հայ հոգիի անխարդախ պատմութիւնն է: Ան շատ աւելի բաներ կը պատմէ, քան մեր բոլոր ազգային պատմութիւնները միասնաբար: Անոր պատմումները ստոյգ, վաւերական եւ անվիճելի են:
Ցարդ հայ մշակոյթը օտարին ծանօթացնելու նուիրական գործին մէջ ողբալիօրէն թերացած է սփիւռքահայութիւնը: Մանաւանդ նկատի ունենալով այն ակնառու պարագան, թէ բազում հնարաւորութիւններ կան մեր տրամադրութեան տակ: Մենք ունինք հիմնանիւթը` երաժիշտ, երգիչ, երգահան, երգչախումբ եւ նուագախումբ, եւ մանաւանդ երգի սիրահար հայ հանդիսականութիւն: Մեզի կը պակսի կազմակերպական նախաձեռնութիւնը:
Եթէ կ՛ուզենք մեր ազգային ինքնութիւնը շեշտել, մեր հայրենասիրական զգացումները թարմացնել եւ զօրացնել, եթէ կ՛ուզենք Հայ դատին օգնել, պարտաւոր ենք բոլորանուէր փարիլ հայ մշակոյթին, անոր սիրելի սպասարկուներուն, եւ չվարանինք, չդեդեւինք խրախուսելու ամէն ձեռնարկ: Մեր սրտաբուխ քաջալերանքը, սէրը չաղարտենք խտրական վերապահումներով:
Մշակոյթը սէր է. հայ մշակոյթը շաղախն է ազգային միասնութեան:
«Հայրենիք»
Իսկական Աղէտը
Արտագաղթը սկսած է մտահոգիչ համեմատութիւններ ստանալ:
«Արտագաղթը» միայն Հայաստանէն դուրս ելլել եւ օտար երկիրներ ապաստանիլ չի նշանակեր: Արտագաղթ է նաեւ այն, որ 30-40 կամ աւելի տարիներ երկրի մը մէջ ապրելէ ետք, հայը, փոխանակ Հայաստան երթալու, ապաստան կը փնտռէ ուրիշ երկրի մը մէջ` լաւագոյն կեանք մը ապահովելու հեռանկարով:
Այս դասակարգին մէջ կը մտնեն Ռումանիոյ, Պուլկարիոյ, Յունաստանի, Թուրքիոյ, Սուրիոյ, Եգիպտոսի, Կիպրոսի, նոյնիսկ Լիբանանի մեր հայրենակիցները:
Արտագաղթի նոր հոսանքը, որ սկսած էր 1948-էն ետք, երբ դէպի Հայաստան զանգուածային ներգաղթը կանգ էր առած, Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքական անցուդարձերուն հետեւանքով աւելի ուժգին թափ ստացաւ, վերջին տասը տարիներուն:
Քանիցս ահազանգ ենք հնչեցուցած եւ «ազգային աղէտ» որակած արտագաղթը: Անօգուտ: Քանիցս շեշտած ենք, որ գաղթական հայուն վերջնական հայրենիքն է Հայաստանը, սփիւռքի գաղութները ժամանակաւոր հանգրուաններ են միայն:
Դժբախտութիւնն այն է սակայն, որ երկու տասնեակ տարիներէ ի վեր Հայաստանի կառավարութիւնը ի վիճակի չէ զանգուածային ներգաղթ կազմակերպելու: Հայրենադարձներուն բնակարան եւ աշխատանք պէտք է ապահովել նախապէս: Ինչ որ դիւրին գործ չի թուիր:
Այս չէ սակայն միակ դժբախտութիւնը: Աւելի գէշը կայ: Հայաստանէն դէպի օտար երկիրներ արտագաղթը: Իսկական աղէտը ա՛յս է:
Քսան տարի առաջ Հայաստան ներգաղթողները ջախջախիչ մեծամասնութեամբ մեր հայրենիքի վարչաձեւին համակիր տարրեր էին: Գիտէին, թէ կ՛երթային հայրենասիրաբար իրենց քրտինքը խառնելու երկրի ժողովուրդի շինարարական աշխատանքներուն: Յանձն առած էին բախտակից դառնալ տեղացիներուն:
Հայրենասիրութիւնը կը պահանջէր, որ անոնք ո՛չ թէ հանգրուան, այլ վերջնական կայան նկատէին հայրենիքը եւ մնային ընդմիշտ այնտեղ:
Մանաւանդ գէշ օրինակ չհանդիսանային անոնց, որոնք Եգիպտոսէն ու Սուրիայէն հեռանալու լուրջ պատճառներ ունէին եւ պիտի նախընտրէին Հայաստան երթալ, քան թէ բախտ որոնել օտար, հեռաւոր հորիզոններու տակ – Քալիֆորնիա, Քանատա, Աւստրալիա… ու թերեւս մինչեւ Փաթակոնիա:
Ա՛յս է իսկական աղէտը:
«Յառաջ»՛