Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (2 Նոյեմբեր 1967)

Նոյեմբեր 2, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսկական Հայրենասիրութիւնը

Երկրէ երկիր արտագաղթը համաճարակ հիւանդութիւն է դարձած Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան համար:

Վերջին ամիսներու  դէպքերը իւղ լեցուցին կրակին վրայ:

Արտագաղթի դիմողները մեծամասնութեամբ երիտասարդներ են:

Անոնք նախակարապետներ են, յառաջապահներ, հետախուզողներ, որոնք, լաւագոյն պարագային, երեք ամսուան վիզա ապահովելով իբրեւ զբօսաշրջիկ` կ՛երթան տուեալ երկիր մը:

Երեք ամսուան ընթացքին ամէն միջոց կը փորձեն մնայուն բնակութեան եւ աշխատանքի իրաւունք ձեռք բերելու համար:

Եթէ պատահմամբ յաջողին, կը ջանան իրենց մօտիկ պարագաներն ալ բերել տալ:

Վերջին տարիներու ընթացքին Սուրիայէն, Լիբանանէն, Եգիպտոսէն, Կիպրոսէն ու Թուրքիայէն որոշ թիւով հայ երիտասարդներ կ՛երթային Գերմանիա, Պելճիքա եւ Հոլանտա` իբրեւ աշխատաւոր, նախապէս կնքուած մասնաւոր պայմանագրութեամբ:

Ասոնք դրամ կը շահէին եւ իրենց ընտանիքներուն կ՛օժանդակէին նիւթապէս:

Այժմ այդ երկիրներն ալ փակած են իրենց դուռերը` համաշխարհային տնտեսական տագնապին պատճառով, որ կը ծանրանայ օրէ օր:

Երբեմն պատահած է, որ հայ երիտասարդներ, անգիտակ տեղական օրէնքներուն, առանց պայմանագրութեան գացած են Գերմանիա` իբրեւ զբօսաշրջիկ: Ու երեք ամսուան պայմանաժամը լրանալէ ետք սահմանէն դուրս հանուած են:

Նոյնն է պարագան Ֆրանսայի համար:

Պէյրութէն, Պոլիսէն կամ Աղեքսանդրիայէն շոգենաւ նստողը շունչը կ՛առնէ Ֆրանսա` զբօսաշրջիկի անցագիրը գրպանը:

Ֆրանսական իշխանութիւնները ցարդ բարեացակամ վերաբերում ցոյց տուած են հայերուն հանդէպ` գիտնալով մեր մասնաւոր վիճակը:

Աչք գոցած են: Բնակութեան պայմանաժամը երկարաձգած են: Եւ աշխատանքի արտօնագիր տուած են այն երիտասարդներուն, որոնք ձեւականօրէն ժամանակաւորապէս, սակայն իրականին մէջ մնայուն բնակութիւն հաստատելու, տուն-տեղ դառնալու եւ նոր տնտեսութիւն ստեղծելու նպատակով եկած են այս երկիրը:

Շաբաթ չ՛անցնիր, որ նման պայմաններու մէջ գտնուող երիտասարդներու այցելութիւնը չընդունինք: Կարելին կ՛ընենք օրինական պայմաններու մէջ դիւրացնելու համար անոնց գործը:

Սակայն տնտեսական տագնապն ու գործազրկութիւնը թոյլ չեն տար այլեւս պատկան իշխանութեանց` նախկին բարեացակամութիւնը շարունակելու եւ դիւրութիւններ ընծայելու:

Վալանսի մեր աշխատակցուհին` Օտեթ Միքայէլեանը, որ շնորհիւ իր յարաբերութեանց եւ քաղաքապետական խորհրդականի հանգամանքին` տարիներէ ի վեր մնայուն բնակութեան եւ աշխատանքի իրաւունք կ՛ապահովէր իրեն դիմող բազմաթիւ հայ երիտասարդներու, վերջերս կը գրէր մեզի, որ ներկայիս անհնար է դրական արդիւնք ձեռք բերել այս մարզին մէջ:

Իր դիմումներուն մերժողական պատասխան կը տրուի այժմ այն առարկութեամբ, որ բազմաթիւ ֆրանսացիներ գործազուրկ են եւ նպաստ կը ստանան պետութենէն:

Հայաստանէն վերադարձողներէն անոնք, որոնք նախապէս ֆրանսահպատակ էին, վերստացած են իրենց նախկին իրաւունքները:

Սակայն անոնց ծնողներէն կամ պարագաներէն անոնք, որոնք ներգաղթելէ առաջ «հայ գաղթական» էին, աշխատանքի իրաւունքէն զրկուած էին:

Օ. Միքայէլեանը պետական իշխանութեանց մօտ դիմումներ կատարեց անցեալ տարի` յիշեալներու վիճակին դարման գտնելու համար:

Արտագաղթը, ինչ ալ ըլլան պատճառները, աղէտ է:

Որքան ցրուինք, որքան թափառական դառնանք երկրէ երկիր, ի խնդիր չոր հացի մը, այնքան կը բազմապատկենք օտարացումի, ձուլումի եւ հայութենէ ի սպառ հրաժարելու վտանգները:

Փրկութեան միակ միջոցն է տարագիր հայութեան համախմբումը մայր հայրենիքի մէջ, որքան ալ անհամբոյր ըլլան պայմանները:

Իսկական հայրենասիրութիւնը ա՛յդ կը պահանջէ:

ՀՐԱՆՏ-ՍԱՄՈՒԷԼ

Լոնտոնահայ Գործարանատէր
Խաչիկ Մթրպեան

Լոնտոնահայ գործարանատէր Խաչիկ Մթրպեանը ինը տարի առաջ կարի մէկ մեքենայով այր մարդու նայլոն կերպասէ շապիկ կը կարէր:

Նայլոն կերպասը երբ աղտոտի, գաղջ ջուրի մէջ լուացուելէ ետք, առանց քամելու, հինգ-վեց ժամէն կը չորնայ: Արդուկուելու պէտք չունի:

Անցնող ինը տարիներու ընթացքին Խաչիկ Մթրպեանը իր յամառ ու յարատեւ աշխատանքով նուաճողական մեծ յաջողութիւններ արձանագրեց:

Ներկայիս իր գործարանները ամէնէն համբաւաւորներն են Անգլիոյ մէջ, եւ ան գրաւած է գրեթէ ամբողջ շուկան:

Ունի երկու հսկայ գործարաններ, ուր կ՛աշխատին հազարաւոր մարդիկ: Գործարաններէն մէկը կը գտնուի Իսլանտայի մէջ, միւսը` Լոնտոնի օդակայանի ճամբուն վրայ: Երբ օդակայանէն Լոնտոն գալու ըլլաք, ձեր աջ կողմը պիտի տեսնէք Խաչիկ Մթրպեանին գործարանը`

BRENFORD NYLONS.

Գործարանի գագաթին, անգլիական դրօշի կողքին, հպարտօրէն կը ծածանի լայնածաւալ հայկական տարագիր եռագոյն դրօշը:

Ազնուասիրտ ու ազգասէր հայ մըն է Խաչիկ Մթրպեանը: Անցեալ տարի, երբ յունահայոց առաջնորդ Սահակ արք. Այվազեանը Լոնտոն այցելեց, կոկիկ գումար մը յանձնեց սրբազանին` Աթէնքի ազգային կալուածի շինութեան համար:

Այս տարի, մայիսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Խորէն Ա. երբ Լոնտոն այցելեց, վեհափառ հօր տրամադրութեան տակ դրաւ գեղեցիկ ինքնաշարժ մը` իր վարիչով: Ապա, վեհափառ հօր պանդոկին ամբողջ ծախսերը վճարելէ զատ, կոկիկ գումար մըն ալ յանձնեց կաթողիկոսարանի ծախքերուն համար:

Վերջերս Ամերիկայի մէջ հրատարակուած Համաստեղի «Յուշամատեան»-էն բազմաթիւ օրինակներ գնեց եւ նուիրեց Լոնտոնի հայ ուսանողներուն:

Խաչիկ Մթրպեանը սրտբացօրէն կ՛ընդունի եւ անսակարկ կը բանայ իր քսակը բոլոր անոնց, որոնք կը դիմեն իրեն հանրային նպատակի մը համար:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՉԱԼԻՔԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ի՞նչ Տեսաք Առաջին Ակնարկով

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?