Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (24 Նոյեմբեր 1967)

Նոյեմբեր 24, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պարզ Ու Պայծառ Պարտէզ

Միջերկրականեան Մեղեդի
(Պահ Առաւօտեան)

Ծովն է զգեցած հազար կապոյտ:

Կարծէք` իր վրայ իջած է տարափ մը լազուարթի:

Ծովուն կապտագեղ պաստառին վրայ կ՛ուռի մանրանկարչութիւն մը անվերջանալի:

Լայնալիճ տարածութեան մակարդակին` մէկը կարծէք հսկայ վրձինով նկարած է արծաթալոյս պողոտայ:

Այս ծով արքայութեան մէջ կ՛եփին մարգրիտ, արծաթ ու ոսկի:

Բարակ անձրեւ մը կայ ադամանդի:

Ափերուն մէջ, ջուրերուն ներքեւէն կը սահին նրբենի ամպեր արծաթէ: Կը թեւեն երամներ ոսկիի:

Անտեսանելի մատներ կը դաշնակահարեն ծովուն վրայ:

Ծովը օծուած է լոյսին զուարթարար թարմութեամբ եւ արփածոր գոհարներով:

Նաւակ մը կը վառի արծաթներու հրդեհի մը մէջ: Ձկնորս մը ոսկի է հագած ու մարգրիտ կ՛որսայ:

Արեւը վեհապետօրէն յամրընթաց կը շրջի անմահական լուսավառ կապոյտ կայսրութեան վրայ:

Լռութեան համանուագներ կը հեղուն իրենց խորհուրդը` խոր ու խաղաղ ջուրերուն վրայ:

Երկինքէն միւռոն կը կաթի:

Պատարագ կայ բացերը ծովուն:

Կը հնչէ զանգը արեգակին: Կը շարժին քշոցները լոյսերուն:

Ձախակողմեան  եզերքներուն վրայ կը հանգչին գունագեղ նաւակներ` ունկնդրելով կապոյտ խորհուրդը արարողութեան:

Կը խոնարհին բարձրադիր ժայռերը ու կը ծնրադրեն խարակները:

Կը փողփողի յաւիտենական երիտասարդութիւնը Միջերկրականի:

* * *

Կը նստիմ կառքին դրան մէջ ու պահ մը կը փակեմ աչքերս` տարբեր տեսիլներու ըլլալու համար հանդիսական:

Կը պատկերազարդուի կապոյտ ալիք մը, որ հետզհետէ թէ՛ կը խորանայ, թէ՛ կ՛անհունանայ` պահելով իր կեդրոնը նարնջագոյն սկաւառակ մը, որ դառնալով` կը վերածուի կանաչի:

Ոսկի անդունդներու վրայ կը կախուի լազուարթ երկինք մը` բիւրաւոր աստղերով:

Հոգիս լեցուած է կապոյտով:

Կոպերուս տակ կը թեւեն ասուպներ: Կը բոցավառի վարդագոյն անհուն մը, ուր լոյսը կը գունափոխուի:

Երբ աչքը փակ է, կը տեսնուի յարափոփոխ գեղանկարչութիւն:

Կը տեսնեմ` հրդեհուած քաոսներ, տարաշխարհիկ արշալոյսներ ու վերջալոյսներ, երկինքներ սրբազան եւ անջրպետներ շողշողենի:

Մտածումիս բաժակը կը զարդարուի ծաղիկներով իղձի:

Լեցուած եմ աշխարհի սկզբնական առաւօտեան թարմութեամբ:

Կանգնած եմ ծովուն մէջ ու կ՛օրօրուիմ, եւ հոսանքը կը տանի զիս դէպի ծովախորան: Լռութիւն լուսոյ: Կապոյտ գոհարէ խորան մը կը բացուի, եւ կ՛երկարի ինծի ձեռք մը ծաղիկէ:

Կը հոտոտեմ ու կը համբուրեմ:

Կը բանամ աչքերս… Օ՜, Աստուած իմ… Հրաշապետութիւն կապոյտի, հրաշագործութիւն լոյսի, ծով արքայութիւն…

Կ՛իջնեմ դէպի ծովափ: Ոչ մէկ վայրէջ այնքան գեղեցիկ է, որքան ծովերթը:

Վարը կան շոճիներ: Ծովը կ՛երեւի ճիւղերուն վանդակներէն, սաղարթներուն լուսամուտներէն:

Կը շնչեմ շունչը շոճիներուն, որոնք կը բուրեն առողջութիւն եւ կը յիշեցնեն մէկ շրջանը տղայութեանս:

Իշխանաց կղզիներէն Բրինքիբոն կը պատկերանայ, որուն բլուրներուն վրայ կային շոճիներ ծովահայեաց, եւ լոյսը ոստոստելով` կ՛իջնէր տերեւներուն մէջէն ու կ՛իյնար անուշ կապոյտին մէջ Մարմարայի:

Միջերկրականը մանչեր ունի` ձեւացած իրմէ, որոնք գեղեցիկ են իրեն պէս, յաճախ կապուտաչուի են, մերթ ալ` սեւաչեայ:

Այդ մանչերէն մէկն է ծովը Մարմարա, որուն եւրոպական եզերքը ծնած եմ ու մարմարացի եմ, որով եւ` միջերկրականցի:

Իմ ծովս է Միջերկրականը, ճանապարհը` գեղեցկագոյն, այլ` նզովեալ այն մայրոստանին, ուր ծնած եմ, եւ ուր չե՛մ ուզեր, չե՛մ ուզեր, որ տանին զիս…

Միջերկրականը ճանապարհն է նաեւ թէ՛ Կիլիկիոյ, թէ՛ Հայաստանի:

Կ՛ուզէի Բախտին բերումով տարուած ըլլալ այն սուրբ ու սիրելի տեղերը, տեսած ու ապրած ըլլալ այդ տեղերը քառասուն անգամ ցանկալի…

Ափսո՜ս… Կեանքիս ափսոսներուն մեծագոյնը, խորագոյնը, տեւականը:

Ցանկալի ցնո՜րք, որուն հետ քալած եմ քաղաքէ քաղաք, հորիզոնէ հորիզոն…

Չըլլային մարդագայլերը, չքանային մարդագայլերը, եւ ես գոնէ մնայի կղզիներէն մին Իշխանաց:

Օտարութեան գեհենին ու գերեզմանատուներուն մէջ չհաշտուեցայ ոչ մէկ վայրի հետ:

Հաշտուեցայ միայն ծովուն հետ, որմէ զրկուած մնացի տարիներով: Փափաքեցայ դառնալ ծովային ճգնաւոր` հոգիիս սրահին մէջ կախած ծովանկարներ ու լսելով նաւերգներ միջերկրականեան:

Մարդիկ լուր չունին մէջս գտնուող ծովերէն, մէջս գտնուող ծովամոլութենէն:

Մարդիկ մեկնաբանած են բորբոքումներս իրենց ցամաքութիւնով, մեկնաբանած են ալեկոծութիւններս իրենց լճացումներով:

Ծով կայ հոգիիս մէջ, ինչպէս առջեւս կայ, գեղեցկագոյն ծովը աշխարհի:

Եւ այդ ծովը կ՛ապրի պահը իր առաւօտեան լոգանքի: Կը լուացուի արծաթաջուրով եւ կ՛օծուի ոսկիով ու կը զարդարուի, մարգրիտներով:

Միջերկրականը մայր ծով է, մայր թագուհի, բայց միշտ թարմատի:

Կը բարձրանամ շոճիի մը բունին վրայ` ընդմէջ ծովու եւ երկնի:

Աջակոյս, անդին, վերը կայ ծովահայեաց գիւղակ մը հայ տարագիրներով լի:

Այստեղ եւս հայերը կառչեր են ժայռերուն, քարերուն, փուշերուն, բարձունքին, շիներ են տնակներ, կ՛աշխատին, կը յոգնին, եւ երբ կը հանգչին, կը նային իրենց տնկած ծառերուն, բայց մանաւանդ` ծովուն, այն ծովուն, որ բերաւ զիրենք այստեղ, ծովուն, որ, օր մը կրնայ վերադարձնել զիրենք, ծովուն, որ թէ՛ չար է, թէ՛ բարի: Ծովուն, որ անակնկալներով է յղի:

Հակառակ Հայաստանը ծով չունենալուն` ծովապաշտ են հայերը, ինչպէս նաեւ արեւապաշտ` իրենց խորքին մէջ մնալով քրիստոնեայ: (Եւ քրիստոնեայ էին միշտ, նոյնիսկ` քրիստոնէութեան ծագումէն առաջ, շա՜տ առաջ: Եւ հին ու իրական քրիստոնեայ ըլլալնուն համար մարտիրոսացան կամ զրկուեցան շատ բաներէ):

Հայերը ծովապաշտ են, զի ամէն ինչ ծով է Հայաստանի մէջ: Լեռները ծով են, լիճերը` ծով, լոյսը` ծով, կեանքը` ծով:

Եւ հայերը, որոնք արծիւներ ու մրրկահաւեր էին այդ ծովերուն վրայ, եղան, ափսո՜ս, գաղթող թռչուններ…

Ցնոր տնօրինութիւն…

Ծովը կը շողշողայ հազարան ժպիտներով…

ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մկրտութեան Խորհուրդի Վերահաստատման Խոստումի Արարողութիւն` Մեսրոպեանի Մէջ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?