Մտերիմ Զրոյց Մը` Ճատրակի Համաշխարհային Ախոյեան Տիգրան Պետրոսեանի Հետ
Գուցէ Երաժշտութիւնն Է Պետրոսեանի Գաղտնի Զէնքը
Այս արտաքոյ կարգի անձնաւորութիւնը կը հետաքրքրուի ամէն բանով. տենդագին ընթերցող է, ուսումնասիրող, սիրահար` լուսանկարչութեան, կ՛ախորժի ֆութպոլէ:
Տիգրան Պետրոսեան այնքան խելացի է, որ եթէ խելքը ծանրութիւն ունենար, պէտք էր քալած ատեն գլուխը դէպի ձախ կամ աջ հակէր, որովհետեւ պիտի չկարենար զայն ուղիղ բռնել: Հանճա՞ր մը: Գուցէ` այո՛, գուցէ` ո՛չ: Մնաց, որ շատ դժուար է հանճարի մասին սահմանում մը կատարել:
Բայց եթէ այսօր սատանան, կամ` անոր տեղ ուրիշ ոեւէ մէկը, վերստին կեանք փչէր Շուէտի Կիւսթաւ Ատոլֆին, Փրուսիոյ Փրետերիկոս Բ.-ին, Նափոլէոնին եւ մարաջախտ Մոլթքէի աճիւններուն մէջ, որոնց եթէ հարկ ըլլար օգնութեան հասնէր նաեւ տեսարան Քլաուզեվիցը եւ բոլոր այն ռազմագէտ պարոնները բազմեցնէր ճատրակի սեղանի մը առջեւ ու նստեցնէր անոնց դիմաց` նոյն սեղանին առջեւ` Տ. Պետրոսեանը, մրցումին արդիւնքը արդէն սկիզբէն իսկ վճռուանծ պիտի ըլլար: Պիտի յաղթէր Տ. Պետրոսեան: Բայց ո՞վ է ասիկա:
Երեւակայեցէք երիտասարդ մարդ մը (38 տարեկան), հասակով` աւելի ցած քան թէ միջակ, ու ֆիզիքական զօրաւոր կազմով: Մարդ մը` բացարձակապէս կատարեալ ջղային դրութեամբ եւ այնքան խելացի, որ կը գուշակէ ուրիշներու մտածութիւնը, ու մինչեւ իսկ, այդ մտածութեան նրբերանգները, դեռ թարգմանը ռուսերէնի չվերածած` ինչ որ խօսակիցը ըսած է իտալերէնով, ֆրանսերէնով կամ ուրիշ լեզուով մը: Երեւակայեցէք հայկական արիւնով վրացի մը, սեւ մազերով, խոշոր եւ փայլուն աչքերով, արծուեռունգն քիթով, որ դուրս կը ցցուի իր ամէն մէկ գիծին մէջ ուժգնօրէն առնատիպ դէմքէ մը: Այսպիսի մարդ մը երեւակայեցէք եւ հագուեցուցէք, եթէ կ՛ուզէք, գրեթէ վայելուչ զգեստ մը:
Տիգրան Պետրոսեան աշխարհի ախոյեանն է ճատրակի, բայց դժուար պիտի ըլլար ըսել, թէ արդեօք գոյութիւն ունեցա՞ծ է երբեք իրեն նման ախոյեան մը, այն թուականէն ի վեր, երբ անանուն հանճար մը այդ խաղը հնարեց քանի մը հազարամեակներ առաջ: Իր ռազմագիտութիւնը փայլ չունի, բայց ինքը կը յաջողի անով պարտութեան մատնել ոեւէ հակառակորդ. իսկ երբ պարտութեան չի մատներ, կը պարտադրէ իր հակառակորդին այն, ինչ որ հաւասարութիւն կ՛անուանեն: Այս պարագային հակառակորդը կրնայ ձեռքերը շփել եւ ինքզինքը շատ վարպետ ու բախտաւոր համարել: Պետրոսեան կը ծակէ հոգեբանական գրիչով մը մրցակիցին ճակատը, կը կարդայ անոր ուղեղին մէջ, կը գողնայ անոր մտածութիւնները եւ այդպիսի խոշտանգումով կը ստիպէ ամէն ինչ խոստովանելու: Բայց Պետրոսեան ո՛չ մէկ չարութիւն կը դնէ այս անդամահատութիւններուն մէջ, որովհետեւ խորապէս բարի անձ մըն է:
«Իմ բուն վարպետս,- կ՛ըսէ համեստութեամբ,- գուցէ Նիմզովիչը եղած է: Ալիէքին հանճար մըն էր: Բնականաբար միայն ճատրակով չեմ զբաղիր: Շատ կը սիրեմ նաեւ երաժշտութիւն, գրականութիւն, լուսանկարչութիւն, ֆութպոլ եւ ուրիշ մարզանքներ»:
Երաժշտութեան նկատմամբ ըսենք, որ Պետրոսեանի համար տեսակ մը դեղ է: 1963-ին, երբ Մոսկուայի «Պուշկին» թատրոնին մէջ մրցեցաւ այն ատենուան աշխարհի ախոյեան Պոթվիննիքի դէմ, ճատրակին առջեւ նստելէ առաջ սովոր էր ականջը Չայքովսկիի եղանակներով լեցնել: Վերջնական արդիւնքին` Պետրոսեան աշխարհի նոր ախոյեանը հանդիսացաւ (հինգ խաղ յաղթելով, 15 հաւասարութեամբ եւ միայն երկու պարտութեամբ): Պոթվիննիք, որ ախոյեանութենէն կը հրաժարէր, կրցաւ ինքզինքը մխիթարել` մտածելով, որ, վերջ ի վերջոյ, Պետրոսեանէն աւելի, Չայքովսկիէն յաղթուած էր: Հասկցողներուն համար ըսենք նաեւ, որ Պետրոսեան նախընտրանք մը չունի խաղը այս կամ այն ձեւով սկսելու. «Կը նախընտրեմ,- կ՛ըսէ,- որեւէ սկզբնաւորութիւն, որ յաղթելու կարելիութիւն կու տայ ինծի»:
Դեռ կրնանք աւելցնել` Պետրոսեանի մեզի թողած նկատողութիւններու մէջէն քաղելով (բոլորը արտատպելու համար լրագրի ամբողջ էջի մը պիտի կարօտէինք). «Մասնաւոր սէր ունիմ լուսանկարչութեան, որովհետեւ կը խորհիմ, թէ այս գործունէութիւնը կրնայ հուսկ արուեստի սահմանին մէջ մտնել… Շատ կարդացած եմ եւ կը կարդամ, բայց ծանօթ չեմ Մանծոնիի գործերուն… Ֆութպոլի մէջ իրաւարարները վերջին ծայր կարեւոր են. Փելէն կրնայ խաղալ, ինչպէս գիտէ խաղալ Փելէ մը, բայց միայն` իրաւարարին հրամանով»:
Պետրոսեան իր խոշոր աչքերով կը նայի քեզի ու դեռ անգամ մըն ալ ուղեղիդ անդամազննութիւն մը կ՛ընէ: Բայց բարի հսկայ մըն է (մտքի հսկայ մը) եւ վախ չ՛ազդեր: Ինքը աշխարհի ախոյեանն է ճատրակի, բայց ոչ մէկ իրաւարար իրաւունք ունի սուլելու եւ իր ձեռքը կեցնելու այն ճակատագրական վայրկեանին, երբ կտոր մը կը տեղափոխէ յայտարարելու համար հազարերորդ յաղթանակը:
ՃՈՒԼԻԱՆՕ ՊՈԿՕ
Վենետիկ` «Իլ Կածծեթթինօ»