Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (7 Նոյեմբեր 1967)

Նոյեմբեր 7, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ակնարկ

Տարպեան Ժայռը

Տարպեան ժայռը մօտ է Քափիթոլին:

Մանաւանդ` Միջին Արեւելքի մէջ, որուն մաս կազմող երկիրներէն ոմանց վերջին տասնամեակներու պատմութիւնը եղաւ յաջորդական շարք մը յեղափոխութիւններու եւ պետական հարուածներու:

Մէկ օրէն միւսը, իշխանաւորներ, որոնք այս կամ այն միջոցով (հազուադէպօրէն` օրինական) տիրացած էին իշխանութեան, տապալեցան` իրենց տեղը տալով ուրիշներու, որոնք քանի մը ամիս կամ քանի մը տարի ետք պիտի ենթարկուէին նոյն ճակատագրին:

Օրինականութենէն շեղումը շատ քիչ անգամ կը ներէ ենթակային:

Այս ճշմարտութեան վերջին զոհը եղաւ մարաջախտ (ինքնակոչ) Ապտալլա Սալալ, որ Պաղտատի մէջ իմացաւ իր պաշտօնանկութեան լուրը եւ տակաւին բախտաւոր է, որովհետեւ պետական հարուածին  հեղինակները չեն քաշուիր յայտարարելու, որ եթէ իրենց ձեռքը անցնի, Սանաայի նախկին բռնատէրը հրացանազարկ պիտի ըլլայ, որովհետեւ մահուան դատապարտուած է արդէն, անշուշտ` առանց դատավարութեան:

Սալլալի ծանրագոյն սխալը եղաւ հաւատալ իր դերին: Ուզեց շարունակել պայքարը, երբ հերոսները յոգնած էին… Մանաւանդ անգիտացաւ այն իրողութիւնը, որ ինք պարզապէս քար մըն է ճատրակի այն խաղին մէջ, որուն երկու մրցակիցներն են Նասըր եւ Ֆէյսալ: Ու երբ մրցակիցները հաշտուեցան, ուզեցին վերջ տալ Եմէնի կնճիռին, Սալլալ կառչած մնաց աթոռին, մերժեց վճարել գինը Խարթումի ողջագուրման:

Այդ օրէն դատապարտուած էր:

Գատի Իրիանի, որ իշխանութեան տիրացաւ «Երջանիկ Արաբիոյ» մէջ, կը նկատուի չափաւորական մը: «Կը բաւէ, որքան արիւն հոսեցաւ», կ՛ըսեն այսօր Սանաայի մէջ: Կը նշանակէ, թէ պիտի յարգուի Խարթումի համաձայնութիւնը, եւ աշխատանք պիտի տարուի` հանդարտեցնելու երկիրը, մանաւանդ երբ քանի մը շաբաթէն Ատէն անկախ պիտի հռչակուի, եւ նոր խնդիրներ պիտի գան սեղանի վրայ:

Սալլալ առ այժմ կը գտնուի Պաղտատ: Կը պատրաստուէր երթալու Մոսկուա: Ինչպէս կ՛երեւի, Մոսկուայի ճամբան բախտաբեր չէ, ինչպէս ոմանց (Մենտերես), նաեւ` կարգ մը այլ երկիրներու վարիչներուն համար, որոնք այսուհետեւ պէտք է ապահովեն իրենց թիկունքը` Քրեմլինի ճամբան բռնելէ առաջ:

X

Պերիկլէսի Դարը

Պերիկլէսի դարը հելլենական ոսկեդարն է: Այդ դարուն մէջ կիները բաժնուած էին երկու դասակարգի` ամուսնացած կիներ եւ ազատ ապրող կիներ:

Այս երկրորդ դասակարգին պատկանող կիները անոնք էին, որոնք բնատուր ձիրքերով օժտուած` կը խտացնէին իրենց մէջ մտային պայծառասփիւռ ընդունակութիւն, հոգեկան պատկառազդու ազնուութիւն, անթերի ֆիզիքական հրապուրիչ գեղեցկութիւն, եւ որոնք սահմանուած էին հեթանոս յոյները այդպէս կը հաւատային, նախախնամութեան կողմը անհասանելի տնօրինութեամբ մը` տարածելու եւ ի սպաս դնելու իրենց բարերար ազդեցութիւնը, եւ դառնալու ներշնչող մղիչ ուժը, ոսկեդարի շրջանին մանաւանդ, համամարդկային անգերազանցելի դէմքերուն կողքին:

Մեծ հռետոր Դեմոսթենէս կ՛ըսէր. «Ամուսնութիւնը անհրաժեշտ է միայն ու միայն հարազատ զաւակներ արտադրելու համար»: Այս տեսակէտէն առաջնորդուելով` ազատ ապրող կիները ամուսնութիւնը կը համարէին չափազանց սահմանափակ կեանք մը` հիմնուած բարքերու, սովորութիւններու, օրէնքի եւ պարտաւորութիւններու վրայ, ապա ուրեմն եւ` անել, կաշկանդող ճամբայ:

Ազատ ապրիլ ուզող կիները կը պատգամէին. կինը մարմնացումն է գեղեցկութեան, հաճոյքի, ցանկութեան, գեղարուեստի: Անջատեցէք կնոջմէն այս տուեալները, կինը կը դադրի բարոյական արժէք ունենալէ եւ կը դառնայ սոսկական ֆիզիքական կիրքի յագեցման առարկայ:

Այրերը կը հաւատային այս անվիճելի ճշմարտութեան: Ազատ ապրող կիները իրենց գերակայ անհատական ազդեցութեամբ, յունական ոսկեդարի կերտման գործին բերին իրենց դրական աջակցութիւնը: Կ՛արժէ յիշատակել շատերու կարգին` Ասպասիան, որ դարձաւ Մեծն Պերիկլէսի հոգեկան եւ մտային կարողութիւններուն թռիչք տուող մղիչ ուժ, մարդկութիւնը դէպի լաւագոյնս առաջնորդելու գործին մէջ` յուսահատութիւնը ու յոգնութիւնը խափանող եթերային պահապան հրեշտակը:

Ասպասիան կատարելագոյն գեղեցկութեան տիպարն էր: Աչքե՞րը` անդիմադրելի կերպով գերող ուժ, հասակն ու մարմնական գիծե՞րը` հմայող, գինովցնող ներդաշնակութեան մեծութիւն ունէին, հոգի՞ն` բիւրեղացած ազնիւ զգացումներու անսպառ ներշնչարան էր:

Պերիկլէս զայն կը նկատէր աստուածային անպարտելի ուժին մարմնացումը` սահմանուած իր կողքին, որպէս առաջնորդող ոգի, իր առաջադրութիւններուն յաջողութեան համար:

Պլուտարքոս հետեւեալ յատկանշական միջադէպը կը պատմէ իր յուշերուն մէջ:

«Արդարադատ եւ մարդասէր Պերիկլէսը, հրաւիրուած էր, Ասպասիայի հետ, գեղարուեստագէտներու, փիլիսոփաներու եւ քաղաքական մեծ անձնաւորութիւններու հաւաքոյթի մը:

«Ջահակիրներու առաջնորդութեամբ, գիշերը ճամբայ կ՛ելլեն հիւրերը: Դեռ ճանապարհին` կը լսեն, որ իրենց թիկունքէն անծանօթ մը շտապաքայլ կը յառաջանայ: Ասպասիան կանգ կ՛առնէ եւ կ՛ըսէ Պերիկլէսին մեծ բարութեամբ եւ կատարեալ հանդարտութեամբ. «Սիրելի՛դ իմ Պերիկլէս, ո՜հ, իմ մեծութեան խորհրդանիշը եղող Աստուածս, մութին մէջ դէպի մեզի մօտեցող անծանօթի մը քայլերուն աղմուկը կը լսեմ»:

Պերիկլէս վեհութեամբ կը պատասխանէ.

«Եւ ինչո՞ւ կ՛անհանգստացնէ քեզ, պաշտելի՛դ իմ»:

Ասպասիա կը յիշեցնէ իր սիրած եւ գուրգուրացած մեծ մարդուն.

«Գիտես, գիշերը ծնաւ մահը, քունը, երազները, զեղծումը, ծերութիւնը եւ գաղտնի ոճիրը: Մի՛ մոռնար, որ գիշերուան մութին մէջ կը գործէ չարութիւնը»:

Մինչ այդ, անծանօթը մօտեցած էր, անաղարտ ճամբորդներուն: Ասպասիա կը կոչէ.

«Ջահակիրնե՛ր, մօտեցէք մեզի, լոյս բերէք, որպէսզի այդ անծանօթը իր ուղիղ ճամբան գտնէ»:

Անծանօթը, որ յանձնարարուած էր մարդկութեան այդ երկու մեծ ռահվիրաները սպաննելու, ջահերու շլացուցիչ լոյսին տակ` ի տես Պերիկլէսի վեհափառ կեցուածքին եւ Ասպասիայի հրապուրիչ գեղեցկութեան, ձեռքէն կը ձգէ սուրը, երկիւղածութեամբ մը կը համակուի, երակներուն մէջ սարսուռն է, որ շրջան կ՛ընէ, եւ ծունկի գալով` գերագոյն զղջումով մը կը խոստովանի.

«Մութին մէջ պիտի սպաննէի ձեզ, լոյսը, ձեր աստուածային վեհութիւնը փրկեց իմ հոգին»:

«Ո՜հ, լո՜յս, լո՜յս,- կը բացագանչէ Ասպասիա: – Բարերա՛ր լոյս, թշուառ անծանօթ, եկո՛ւր մեր ջահերու լոյսին, մեզի հետ, դէպի անդորրութիւնը խղճին, դէպի գեղեցկագոյն գեղեցկին` հաւատքով, սիրոյ եւ բարութեան հասնելու համար:

Թ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Կամուրջներ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?